ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Յու­նաս­տա­նի դես­պան Նաֆ­սի­քա Նեն­սի Է­ւա Վրայ­լան:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, շնոր­հա­ւո­րե­լով նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան սկսե­լուն ա­ռի­թով, նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան հա­մո­զում յայտ­նած է այն մա­սին, որ «կրթու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ Յու­նաս­տա­նի հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­ման նոր մա­կար­դակ պի­տի ար­ձա­նագ­րեն», եւ այդ պա­րու­նա­կին մէջ կա­րե­ւոր նկա­տուած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ու խո­րաց­ման վե­րա­բե­րող գործ­նա­կան քայ­լեր ի­րա­կա­նաց­նե­լը:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով առ­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար՝ դես­պան Է­ւա Վրայ­լա կա­րե­ւոր նկա­տած է եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խոյժ զար­գաց­ման ա­ռու­մով կրթու­թեան դե­րը:

Հան­դիպ­ման հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը կազ­մած է Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ 2016-2020 թուա­կան­նե­րուն կրթու­թեան եւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին ծրա­գի­րը, ո­րուն վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րուած է այս տա­րուան Մար­տին, Յու­նաս­տա­նի մէջ: Հա­մա­ձայն ծրագ­րին՝ կրթա­կան միա­ցեալ ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով կը նա­խա­տե­սուի աշ­խու­ժաց­նել բարձ­րա­գոյն եւ հե­տա­զօ­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ի­րա­կա­նաց­նել կրթա­թո­շակ­նե­րու փո­խա­նա­կում:

Հա­յաս­տա­նի մէջ յու­նա­րէ­նի եւ մշա­կոյ­թի, իսկ Յու­նաս­տա­նի մէջ հա­յոց լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի տա­րած­ման ու զար­գաց­ման նպա­տա­կով կը նա­խա­տե­սուի հա­մալսա­րան­նե­րէն ներս հիմ­նադ­րել հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար՝ յու­նա­գի­տա­կան եւ հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­ներ: Կող­մե­րուն հաս­տա­տու­մով՝ ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը նոր թափ պի­տի հա­ղոր­դէ կրթու­թեան ո­լոր­տին մէջ եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ զար­գաց­ման: Միա­ժա­մա­նակ, պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նուած է ձեռ­նար­կե­լու անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րու՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կող­մէ նշուած փաս­տա­թուղ­թի վա­ւե­րա­ցու­մը շու­տով ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016