ՀԱՅ ԳԻՒՏԱՐԱՐՆԵՐ

Ա­ՍԱ­ՏՈՒՐ ՍԱ­ՐԱ­ՖԵԱՆ

Ան­ցեալ տա­րի լրա­ցաւ 120-ա­մեա­կը ան­զու­գա­կան մար­դու մը, ո­րուն ա­նու­նը Ար­տօ­նագ­րուած գիւ­տե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին մա­տեա­նին մէջ ամ­րագ­րուած է իբ­րեւ տասն­մէկ գիւ­տի հե­ղի­նակ: Իսկ այդ գիւ­տե­րը այն­պի­սի գիւ­տեր են, ո­րոնք 20-րդ դա­րէն սկսեալ փո­խած են մար­դոց կեան­քը:

Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեան է գիւ­տա­րա­րին ա­նու­նը, որ սա­կայն հա­մաշ­խար­հա­յին իր գիւ­տե­րը ար­տօ­նագ­րած է Օս­քար Պեն­քեր ա­նու­նով: Այդ ա­նու­նին քով, ան­շուշտ, բո­լոր հա­մայ­նա­գի­տա­րան­նե­րուն եւ գի­տա­կան նիւ­թե­րուն մէջ կը նշուի նաեւ ա­նոր հայ­կա­կան ա­նունն ու հայ­կա­կան ծա­գու­մը:

Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեան ծնած է 1895 թուա­կա­նին, Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, Կեսարիա: Սա­րա­ֆեա­նի ըն­տա­նի­քը խոյս կու տայ այդ տա­րի­նե­րու դէպ­քե­րէն, բայց ինք կը մեծ­նայ ա­ռանց մօր խնամ­քին, քա­նի որ իր մայ­րը հո­գե­կան խան­գա­րում ու­նե­ցած էր, երբ փա­խուս­տի ժա­մա­նակ զա­ւա­կը ծննդա­բե­րած էր քա­րան­ձա­ւի մը մէջ եւ ան­կա­րող էր խնա­մել զայն: Ման­կա­հա­սակ Ա­սա­տուր յան­կար­ծա­կիօ­րէն կը հի­ւան­դա­նայ եւ զինք կը խնա­մէ իր հայ­րը, որ կը դի­մէ ժո­ղովր­դա­կան բժշկու­թեան մի­ջոց­նե­րու՝ այ­ծի կաթ եւ խա­ղո­ղի հիւթ խմցնե­լով հի­ւանդ ե­րա­խա­յին: Ա­սա­տուր լիո­վին կ՚ա­պա­քի­նի:

Իր կեն­սագ­րու­թեան մէջ առ­կայ տուեալ­նե­րը ցոյց կու տան, որ Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեան պա­տա­նի տա­րի­քին՝ 1914 թուա­կա­նին, կը հե­ռա­նայ Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն եւ կը տե­ղա­փո­խուի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ու կը հաս­տա­տուի ա­մե­րի­կեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան կեդ­րոն նկա­տուող՝ Շի­քա­կո­յի մէջ: Ան կը յայտնուի 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին կէ­սի ա­մե­նէն մեծ թի­ւով ներ­գաղ­թեալ­ներ ու­նե­ցող վայ­րին՝ Էլ­լիս կղզիին մէջ, եւ հա­ւա­նա­բար մեծ աշ­խար­հին մաս կազ­մե­լու հա­մար կը փո­խէ իր ա­նու­նը՝ Օս­քար Պեն­քեր, եւ կը փոր­ձէ աշ­խա­տան­քի անց­նիլ գոր­ծիք­նե­րու խա­նու­թի մը մէջ: Նոյն այդ ժա­մա­նակ ալ խե­լա­միտ ու պրպտուն հա­յոր­դին կը յղա­նայ իր ա­ռա­ջին յայտ­նա­գոր­ծու­մը՝ ան կը ստեղ­ծէ սղոց­նե­րու սայ­րե­րու սրման ու յղկման գոր­ծի­քը: Այ­սօր, մեծ յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րու եւ բարձր սար­քա­շի­նու­թեան այս դա­րուն, կը թուի թէ այդ մէ­կը անն­շան յայտ­նա­գոր­ծում մըն է, բայց ան­ցեալ դա­րուն սկիզ­բը ըն­դու­նուե­ցաւ բա­ւա­կան մեծ գնա­հա­տան­քով, երբ սար­քա­շի­նու­թիւ­նը նոր թափ կ՚առ­նէր եւ լայն կի­րա­ռու­թիւն կը ստա­նար: 1931 թուա­կա­նին 1.795.464 թի­ւին տակ ան կ՚ար­տօ­նագ­րէ իր այս գիւ­տը: Այդ­պէս, իր ա­ռա­ջին յայտ­նա­գոր­ծու­մի լայն գնա­հա­տան­քէն ետք Պեն­քեր ինք­զինք կը նուի­րա­բե­րէ գիւ­տա­րա­րու­թեան: Տա­րի­նե­րու քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քով սար­քա­շէն գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ ան կը լծուի գոր­ծի մը, որ հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակ կը բե­րէ ի­րեն: Ութ տա­րի նա­խագծե­լէ ետք, Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեան կը յայտ­նա­գոր­ծէ ինք­նա­շարժ­նե­րու ինք­նա­զօր (automatic) փո­խանց­ման տու­փը: Ինչ­պէս ինք­նա­շար­ժի յայտ­նա­գոր­ծու­մը փո­խած է մարդ­կու­թեան կեան­քը, այն­պէս ալ ինք­նա­զօր փո­խանց­ման տու­փը փո­խած է ինք­նա­շարժ­նե­րու ար­տադ­րու­թեան ո­րա­կը: Ան այս մէ­կը 1940 թուա­կա­նին կը տե­ղադ­րէ General Motors-ի նշա­նա­ւոր Oldsmobile Hydramatik փո­խանց­ման տու­փի հիմ­քին մէջ: Մինչ այդ General Motors-ը ստեղ­ծած էր կի­սաինք­նա­զօր փո­խանց­ման տուփ, սա­կայն այդ մէ­կը թե­րու­թիւն­ներ ու­նէր եւ վտան­գա­ւոր էր: Ինք­նա­շարժ­նե­րու ար­տադր­ման հսկա­նե­րը կը յայ­տա­րա­րեն, որ նոր փո­խանց­ման տու­փե­րը ա­ւե­լի անվ­ը-տանգ եւ դի­մաց­կուն են: Այ­սօր ինք­նա­շարժ­նե­րու ար­տադ­րու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ պատ­կե­րաց­նել ա­ռանց ինք­նա­զօր փո­խանց­ման տու­փե­րու, սա­կայն քի­չեր կ՚անդ-­­րա­դառ­նան, որ այդ ներդր­ման հե­ղի­նա­կը հայ է:

Պեն­քեր-Սա­րա­ֆեա­նին կը պատ­կա­նի նաեւ քա­րիւ­ղի մղի­չի գիւ­տը, որ ան ար­տօ­նագ­րած է 1961 թուա­կա­նին, իսկ ինք­նա­շարժ­նե­րու իւ­ղի չափ­ման գոր­ծի­քը ա­ւե­լորդ է ը­սել, թէ որ­քան դիւ­րու­թիւն բե­րած է ինք­նա­շարժ­նե­րու սար­քա­շի­նու­թեան մէջ: Այս մէ­կը ան ար­տօ­նագ­րած է 1957 թուա­կա­նին:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նոյն­պէս կա­ռա­վա­րա­կան մա­կար­դա­կով ար­ժե­ւո­րած է Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեա­նի յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րը, եւ Սա­րա­ֆեան-Պեն­քե­րի ա­մե­նէն ար­ժէ­քա­ւոր յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րը նկա­տուած են ուղ­ղա­թի­ռի փո­խանց­ման տու­փին գիւ­տը, որ ծա­նօթ է Սի­կորս­քիի շար­ժի­չի փո­խանց­ման տուփ ա­նու­նով: Հա­յազ­գի մեծ գիւ­տա­րա­րը այս մէ­կը ար­տօ­նագ­րած է 1949 թուա­կա­նին:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ այ­սօր լայն կի­րա­ռու­թիւն ու­նե­ցող բազ­մա­գոյն տպե­լիք գոր­ծի­քի յայտ­նա­գործ­ման հե­ղի­նա­կը նոյն­պէս Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեանն է: Գիւ­տե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին մա­տեա­նին մէջ այս մէ­կը մեր հայ­րե­նա­կի­ցին ա­նու­նով ար­տօ­-նագ­րուած է 1932 թուա­կա­նին:

Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեան մեծ սէր ու­նէր օ­դա­փո­խադր­ման աս­պա­րէ­զին հան­դէպ եւ իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած էր այդ ո­լոր­տի մե­քե­նա­նե­րուն եւ մի­ջոց­նե­րուն վրայ: Ան կ՚աշ­խա­տէր ա­ռա­ջին փոր­ձա­րա­րա­կան ուղ­ղա­թի­ռին վրայ, որ ծա­նօթ էր Սի­կորս­քիի ուղ­ղա­թիռ ա­նու­նով, եւ որ օդ բարձ­րա­ցաւ 1939 թուա­կա­նին: Սի­կորս­քիի եւ Օս­քար Պեն­քե­րի հա­մա­տեղ յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րը յան­գե­ցու­ցին Բ. Համաշխար­հա­յին պատերազմի ժա­մա­նակ ուղ­ղա­թիռ­նե­րու ար­տադ­րու­թեան:

Մեծ ե­ղած է նաեւ հա­յազ­գի գիւ­տա­րա­րին ներդ­րու­մը բժշկու­թեան ո­լոր­տին մէջ, ի­րեն կը պատ­կա­նի նաեւ ա­ռա­ջին ճնշուած օ­դով բա­նող (Air gun), ա­ռանց ա­սե­ղի նե­րար­կի­չը (ատր­ճա­նակ-նե­րար­կի­չը), որ այժմ պա­տուաս­տում­ներ կա­տա­րե­լու նպա­տա­կով կը գոր­ծա­ծուի ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ: 1968 թուա­կա­նին ստեղ­ծուած այդ սար­քը մէկ ժա­մուան մէջ եր­կու հա­զար նե­րար­կում կը կա­տա­րէ եւ բժշկու­թեան ո­լոր­տին մէջ այ­սօր ամ­րա­կա­յուած սարք մըն է: Պատ­մու­թե­նէն ծա­նօթ է այս­պի­սի ման­րա­մաս­նու­թիւն մը. երբ Քա­րաի­պեան ծո­վու հա­րաւ-ա­րե­ւել­քը գտնուող Կրա­նա­տա կղզիին մէջ հա­մա­ճա­րակ կը տա­րա­ծուի, Պեն­քե­րի նե­րար­կիչ­նե­րու ար­տադ­րող Med-E-Jet ըն­կե­րու­թիւ­նը կղզիին կը նուի­րա­բերէ նե­րար­կիչ­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ հա­մա­ճա­րա­կը կը կա­սե­ցուի: Այդ է պատ­ճա­ռը, որ ա­ւե­լի ուշ՝ 1979 թուա­կա­նին կը թո­ղարկուին հա­յազ­գի գիւ­տա­րա­րին՝ Պեն­քե­րին նուի­րուած փոս­տա­յին դրոշ­մա­թուղ­թեր՝ ի պա­տիւ գիւ­տա­րա­րին, ո­րուն ստեղ­ծած նե­րար­կիչ­նե­րով մա­հէ փրկուած են բազ­մա­թիւ մարդ­կա­յին կեան­քեր:

Ինք՝ Սա­րա­ֆեան գրած է յու­շեր, ո­րոնք նուի­րուած են իր կեան­քին եւ մա­նա­ւանդ՝ իր ե­րա­զանք­նե­րուն:

1983 թուա­կա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ հրա­պա­րա­կուած են Օս­քար Պեն­քե­րի յու­շե­րը «Ա­մե­րի­կեան գիւ­տա­րա­րի ե­րա­զանք­ներն ու պա­տե­րազմ­նե­րը. Ներ­գաղ­թեա­լի մը վի­պեր­գու­թիւ­նը» խո­րագ­րով, ուր Սա­րա­ֆեան-Պեն­քեր կը խոս­տո­վա­նի, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ մեծ թե­ւեր տուած է ի­րեն եւ կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տալ, որ Ա­մե­րի­կան կը մնայ մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ չբա­ցա­յայ­տուած ի­րա­գոր­ծում­նե­րու եր­կիր:

Ի վեր­ջոյ, Օս­քար Պեն­քեր հռչա­կա­ւոր դար­ձաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, երբ ա­նոր ա­նու­նը կա­պուե­ցաւ ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կուն՝ Ռալֆ Նայ­տե­րի ա­նուան հետ: Նայ­տեր հռչա­կա­ւոր դար­ձաւ ինք­նա­շարժ ար­տադ­րող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու դէմ բա­ցուած դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն ժա­մա­նակ, եւ իր «Վտանգա­ւոր է ո­րե­ւէ ա­րա­գու­թեամբ» գիրքն ալ ա­մե­րի­կեան ինք­նա­շար­ժի ար­տադ­րու­թեան անվ­տան­գու­թեան խնդրին վե­րա­բե­րող ա­ռա­ջին ման­րա­մասն հե­տաքն­նու­թիւնն էր՝ հա­սա­նե­լի հան­րու­թեան լայն զան­գուած­նե­րուն: Այդ­պէ­սով Նայ­տեր իր հե­տաքննու­թեան մէջ կը յի­շա­տա­կէ Պեն­քե­րը, նշե­լով այդ ո­լոր­տին մէջ ա­նոր կա­տա­րած մեծ գոր­ծը…

Տաս­նեակ գիւ­տե­րու կար­գին Սա­րա­ֆեան Պեն­քե­րի ա­նուան կը պատ­կա­նի նաեւ ծո­վու ջու­րէն խմե­լու ջուր թո­րե­լու հա­մար նա­խա­տե­սուած մե­քե­նան, գիրք կազ­մե­լու սար­քը, ծառ յօտելու գոր­ծի­քը եւ այլ ի­րեր, ո­րոնք փո­խած են մարդ­կու­թեան կեան­քը:

Հա­յազ­գի Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեան-Օս­քար Պեն­քեր մա­հա­ցած է 1979 թուա­կա­նին, 83 տա­րե­կա­նին Քլիվ­լընտ:

ԼՈՒ­ՏԵՐ ՃՈՐՃ ՍԻՄ­ՃԵԱՆ

Հա­յազ­գի այլ գիւ­տա­րա­րի մը՝ գիտ­նա­կան Լու­տեր Ճորճ Սիմ­ճեա­նի մա­սին ա­մե­րի­կեան «Թայմ» պար­բե­րա­կա­նը 1934 թուա­կա­նին գրած է, երբ անդ­րա­դար­ձած է գու­նա­ւոր բժշկա­կան նկա­րող սար­քի մշակ­ման նիւ­թին: Շա­տե­րը զինք կը կո­չէին՝ «երկ­րորդ Թո­մաս Է­տի­սոն», որ ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր գիւ­տա­րար էր եւ ար­ժէ­քա­ւոր գիւ­տե­րու հե­ղի­նակ, ինչ­պէս ե­լեկտ­րա­կան լամ­բը, ձայ­նագ­րի­չը եւ այլ գոր­ծիք­ներ ստեղ­ծող­նե­րը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­յազ­գի Ճորճ Սիմ­ճեա­նին, ան ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր ար­տօ­նագ­րե­րու եւ բազ­մա­թիւ սար­քե­րու հե­ղի­նակ է, ո­րոնց­մէ այ­սօր ա­մե­նա­տա­րա­ծուա­ծը՝ դրա­մա­բաշ­խիչ մե­քե­նան է (Automated Teller Machine-ATM) եւ հե­ռա­յու­շա­րա­րը, որ կը գոր­ծա­ծուի յատ­կա­պէս հե­ռա­տե­սի­լի խօս­նակ­նե­րու եւ այլ մար­դոց հե­ռա­տե­սի­լա­յին ե­լոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին:

1905 թուա­կա­նին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան Այն­թապ քա­ղա­քին մէջ ծնած՝ Ճոր­ճը տա­րի­ներ ետք կ՚որ­բա­նայ, եւ դժուա­րու­թեամբ կը յա­ջո­ղի երկ­րէն դուրս ել­լել։ Նախ կ՚եր­թայ Պէյ­րութ, ա­պա՝ Մար­սէյլ, իսկ հե­տա­գա­յին՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տէ Քո­նեք­թի­քըթ նա­հան­գին մէջ։ Ճորճ Սիմ­ճեան տասն­հինգ տա­րե­կա­նին կ՚աշ­խա­տի որ­պէս լու­սան­կա­րիչ։ Եէյ­լի բժշկա­կան դպրո­ցի (Yale School of Medicine) տար­րա­լու­ծա­րա­նին մէջ, որ­պէս տար­րա­լու­ծա­րա­նի լու­սան­կա­րիչ աշ­խա­տած տա­րի­նե­րուն կը նուի­րուի բժշկու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման։ Ա­պա, 1928 թուա­-կա­նին, կը դառ­նայ լու­սան­կար­չա­կան բա­ժի­նի տնօ­րէն եւ կը ստեղ­ծէ քա­նի մը գոր­ծիք­ներ, ինչ­պէս՝ նկար­նե­րու ման­րա­դի­տա­կի լու­սար­ձա­կը։ 1934 թուա­կա­նին ան կը տե­ղա­փո­խուի Նիւ Եորք: Ա­ւար­տե­լով Եէյ­լի հա­մալ­սա­րա­նը՝ ան կը սկսի գիւ­տա­րա­րի իր գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­ռանց դա­դա­րի կը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը։

Աշ­խար­հահռ­չակ Ճորճ Սիմ­ճեա­նի սար­քե­րը նոյն­պէս մեծ կի­րա­ռու­թիւն եւ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած են ան­ցեալ դա­րու մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէջ եւ մին­չեւ այ­սօր յա­ջո­ղու­թեամբ կը կի­րա­ռուին: Չսահ­մա­նա­փա­կուե­լով միայն ար­տադ­րա­կան մէկ աս­պա­րէ­զով, ան կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ կեան­քի զա­նա­զան աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ, օ­րի­նակ՝ կը ստեղ­ծէ ռազ­մա­կան ո­լոր­տին մէջ կի­րա­ռուող գոր­ծիք­ներ ու ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ: Ճորճ Սիմ­ճեա­նին կը պատ­կա­նին նաեւ տու­նի պայ­ման­նե­րուն մէջ կոլֆ խա­ղա­լու յար­մա­րու­թիւն­նե­րու ու հե­ծա­նիւ-մար­զա­կան գոր­ծի­քի ստեղ­ծու­մը։

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ա­նոր ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր գիւ­տին, որ նաեւ հռչակ բե­րած է գիւ­տա­րա­րին, ա­պա կան­խիկ դրա­մա­բաշ­խիչ մե­քե­նան տա­ռա­ցիօ­րէն իր ժա­մա­նա­կէն ու կի­րա­ռու­թե­նէն ա­ռաջ ծնած էր։ Հա­կա­ռակ ներ­կա­յիս այդ մե­քե­նա­յի ա­ռօ­րեայ բնոյ­թին ու տա­րա­ծուա­ծու­թեան, երբ Սիմ­ճեան զայն ա­ռա­ջին ան­գամ 1960 թուա­կա­նին ներ­կա­յա­ցուց City Bank-ին, վեց ա­միս փոր­­ձար­կե­լէ ետք հասկ­ցան, որ շատ չեն օգ­տուիր ան­կէ եւ կա­սե­ցու­ցին մե­քե­նա­յին հե­տա­գայ ներդր­ման ծրա­գիր­նե­րը։ Եր­կար տա­րի­ներ ետք կան­խիկ դրա­մա­բաշ­խիչ մե­քե­նան վե­րա­ծուե­ցաւ դրա­մատ­նա­յին ո­լոր­տի ան­փո­խա­րի­նե­լի գոր­ծի­քի մը։ Յատ­կա-նը­շա­կան է, որ Սիմ­ճեա­նը ա­ռան­ձին ար­տօ­նագ­րած է ինչ­պէս թղթադ­րա­մի, նոյն­պէս ալ՝ 1965 թուա­կա­նին՝ մե­տա­ղադ­րա­մի հա­մար նա­խա­տե­սուած կան­խիկ մե­քե­նա­նե­րու գիւ­տե­րը։

Սիմ­ճեա­նի հե­ռա­տե­սու­թեան մա­սին կը վկա­յէ նաեւ իր գիւ­տե­րէն գոր­ծիք մը, որ կրնայ օ­րուան ո­րե­ւէ ժա­մուն ստու­գել դրա­մատ­նա­յին հա­շուեկ­շիռն ու կան­խիկ դրամ ըն­դու­նի­լը։ Նմա­նա­տիպ գոր­ծիք մըն ալ հա­յազ­գի գիւ­տա­րա­րը ստեղ­ծած է թղթա­տա­րա­կան աս­պա­րէ­զի հա­մար, որ պար­զա­պէս թղթա­տա­րու­թեան սա­կա­գի­նե­րու հա­շուիչ մըն է:

Խօ­սե­լով Սիմ­ճեա­նի մա­սին, մա­մու­լը կը նշէ, որ ան ա­ռեւտ­րա­յին յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցած է Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, երբ յայտ­նա­գոր­ծած է ռազ­մա­կան թռիչք­նե­րու ձե­ւա­ցու­ցի­չը (simulator), որ կը գոր­ծա­ծուէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ռազ­մա­կան օ­դա­չու­նե­րու մար­զում­նե­րուն ըն­թաց­քին՝ գնա­հա­տե­լու հա­մար օ­դա­յին սար­քե­րու ա­րա­գու­թիւնն ու միջ­տա­րա­ծու­թիւ­նը։ Ան կը բաղ­կա­նար հա­յե­լիէ, լոյ­սի աղ­բիւ­րէ եւ փոքր սա­ւառ­նակ­նե­րէ։

Թէ՛ ա­մե­րի­կեան մա­մու­լը, թէ՛ այլ եր­կիր­նե­րու գի­տա­կան հան­դէս­ներն ու հե­ռա­տե­սի­լա­յին ծրա­գիր­նե­րը մէկ ան­գամ չէ, որ անդ­րա­դար­ձած են հա­յազ­գի գիւ­տա­րար­նե­րու ներդ­րում­նե­րուն՝ ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քի զար­գաց­ման ա­ռու­մով:

Ա­սա­տուր Սա­րա­ֆեա­նի եւ Ճորճ Սիմ­ճեա­նի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս անգը-նա­հա­տե­լի են մարդ­կու­թեան զար­գաց­ման ու քա­ղա­քակր­թու­թեան յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան ա­ռու­մով:

Ա­նոնց մա­սին նկա­րա­հա­նուած են ժա­պա­ւէն­ներ, գրուած են գիր­քեր, իբ­րեւ հա­յեր, ո­րոնք կեան­քի դժուար ճա­նա­պարհ­ներ անց­նե­լով, հա­սած են բարձ­րա­գոյ­նին:

Տա­կա­ւին կ՚անդ­րա­դառ­նանք ու­րիշ այլ հայ գիւ­տա­րար­նե­րու, ո­րոնց փայ­լուն մտքի եւ վար­պետ ձեռ­քի, ինչ­պէս նաեւ՝ յա­մա­ռու­թեան, նպա­տա­կաս­լա­ցու­թեան եւ հե­ռա­տե­սու­թեան շնոր­հիւ բա­րե­փո­խուած է մարդ­կու­թեան կեան­քի այս կամ այն ո­լոր­տը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016