ՊԵՔԻՐ ՊՈԶՏԱՂ ԱՄԵՐԻԿԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Արդարադատութեան նախարար Պե-քիր Պոզտաղ ներկայիս կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Այս ուղեւորութեան հիմ-նական նպատակն է ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ արտայանձնման ապահովուիլը։ Ծանօթ է, որ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ յաչս Ուաշինկթընի Անգարա ահազանգ կը հնչեցնէ եւ յամառօրէն կը պահանջէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնումը։
Պեքիր Պոզտաղ այս առթիւ ընդգծեց, թէ ամերիկեան կողմին տեսակէտէ Պեն Լատէնը ի՛նչ որ է, Ֆեթհուլլահ Կիւլէնն ալ նոյնն է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ նախարարը ԱՄՆ մեկնած է իրեն ընկերակից ունենալով պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին նաեւ խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ։
Իր կարգին, կառավարութեան բանբերը՝ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ յայտնեց, որ Պեքիր Պոզտաղի ԱՄՆ-ի շփումներուն հիմնական նպատակն է՝ ապահովել Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ժամանակաւոր ձերբակալումը։ Արդարեւ, այսպէսով ան պիտի մեկուսանայ ու պիտի խզուի իր կապը յանձախումբին հետ։ Փոխ-վարչապետը շեշտեց, որ Կիւլէն բացայայտ ու մօտ սպառնալիք մը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ տեսակէտէ։