ՊԱՏՐԻԱՐՔ Ի ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Ե­կե­ղե­ցա­կան ընդ­հա­նուր հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը պաշ­տօ­նա­պէս հանգս­տեան կո­չեց Թուր­քիոյ Հա­յոց 84-րդ պատ­րիարք Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նը։ Այս­պէ­սով Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը պաշ­տօ­նա­պէս հռչա­կուե­ցաւ թա­փուր։

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց ընդ­հա­նուր հա­մա­գու­մա­րի նիս­տը, որ իր բնոյ­թով ե­ղաւ պատ­մա­կան։ Հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քին ո­րո­շուե­ցաւ դի­մում կա­տա­րել յաչս պե­տու­թեան՝ խնդրե­լով ար­տօ­նու­թիւն, որ­պէս­զի նո՛ր, ազ­գընտ­րիր գա­հա­կա­լի մը ընտ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուի, ըստ մեր ըն­կա­լեալ ա­ւան­դա­կան կա­նոն­նե­րուն եւ գահ բարձ­րա­նայ Թուր­քիոյ Հա­յոց 85-րդ պատ­րիար­քը։

Այս­պէ­սով բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ մը ի վեր շա­րու­նա­կուող ան­ցու­մա­յին շրջա­նի վերջ տա­լու տե­սա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր քայլ մը առ­նուե­ցաւ։ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վէն ներս ե­ղած խմո­րում­նե­րու հի­ման վրայ հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը ըն­դու­նեց սոյն ո­րո­շու­մը։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը հաս­տա­տեց Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նի «Պատ­րիար­քա­կան ուխտ»ի լու­ծու­մը՝ ընդգ­ծե­լով, որ ե­կե­ղե­ցա­կան ըն­կա­լեալ կա­նոն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւ­նը այս ուղ­ղու­թեամբ բա­ւա­րար կը նկա­տեն եօթ տա­րուան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ո­րոշ­ման հա­մար որ­պէս հիմք ծա­ռա­յեց ան­ցեալ տա­րի Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նի հա­մար պատ­րաս­տուած դա­տաբժշ­կա­կան տե­ղե­կա­գի­րը։

Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նի հանգս­տեան կո­չուե­լուն զու­գա­հեռ քա­ղա­քիս մէջ, մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս մա­տու­ցուե­լիք սուրբ պա­տա­րագ­նե­րուն ըն­թաց­քին փո­փո­խու­թիւն պի­տի կա­տա­րուի նաեւ յի­շա­տա­կու­թեան պա­հուն։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րու ա­նուն­նե­րուն յի­շա­տակ­ման ժա­մա­նակ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տէն, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սէն եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քէն վերջ, Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նի ա­նու­նը պի­տի յի­շա­տա­կուի որ­պէս հանգս­տեան կո­չուած պատ­րիարք։ Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րէն վերջ ճշդուած է նաեւ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­լիք յի­շա­տա­կու­թեան ձեւն ու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։

Յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ նոյ­նու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նենք Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գուր­մար ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016