ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԻՆ ԱՌՋԵՒ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն հա­մայն­քի օ­րա­կար­գին վրայ է։ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վէն վերջ այ­սօր ար­դէն նոր զե­կոյց մըն ալ լոյս տե­սած է մեր մա­մու­լին մէջ։ Վեր­ջին շուրջ ութ տա­րուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կ՚ե­րե­ւի ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ եր­կու օր վրայ վրա­յի Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը ընտ­րու­թեան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ զե­կոյ­ցով մը հան­դէս կու գան։ Սա ա­կա­մայ կը ստեղ­ծէ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ Պատ­րիար­քա­րա­նին տե­սա­կէ­տէ այս գոր­ծըն­թա­ցը այ­լեւս անշր­ջա­դար­ձե­լի է։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը յստա­կօ­րէն ար­տա­յայ­տած է իր կամ­քը նո՛ր, ազ­գըն­տիր գա­հա­կալ մը ընտ­րե­լու հա­մար։ Ճիշդ է, որ ութ տա­րուան սպաս­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը վա­ղուց յոր­դե­ցու­ցած է բո­լո­րի համ­բե­րու­թեան բա­ժա­կը, սա­կայն այ­սօր ալ կայ հան­գա­մանք մը, որ կը մնայ ան­փո­փոխ։ Պատ­րիար­քա­րա­նը ո­րո­շած է եր­թալ ընտ­րու­թեան, սա­կայն, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, գոր­ծըն­թա­ցին շա­րու­նա­կու­թիւնն ալ պի­տի պա­հան­ջէ ո­րոշ չա­փով համ­բե­րա­տա­րու­թիւն։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի դի­ւա­նին կող­մէ այ­սօր հրա­պա­րա­կուած կո­չը միաս­նա­կա­նու­թեան կը հրա­ւի­րէ մեր ամ­բողջ հա­մայն­քը։ Սա շատ կա­րե­ւոր պա­րա­գայ մըն է, անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ մը այս գոր­ծըն­թա­ցը ա­ռողջ հու­նի մը մէջ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Հա­մայն­քի բո­լոր տար­րե­րը պէտք է հա­մո­զուած ըլ­լան, որ ընդ­հա­նուր ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը հիմ­նա­կան գրա­ւա­կանն է առ­կայ մա­շե­ցու­ցիչ ան­ցու­մա­յին շրջա­նը վերջ­նա­կա­նօ­րէն յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար։

Հա­մայն­քէն ներս միաս­նա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման ճա­նա­պարհ­նե­րէն մին է այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ ան­ցեա­լի վէ­ճե­րուն մէկ կողմ թո­ղուի­լը։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը յստա­կօ­րէն դի­տար­կած է մեր հա­մայն­քին ու Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին բո՛ւն, ա­ռար­կա­յա­կան կա­րիք­նե­րը եւ զգա­ցա­կան գոր­ծօն­նե­րը բա­ցա­ռե­լով ո­րո­շած է ձեռ­նար­կել նո՛ր, ազ­գըն­տիր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին խնդրոյ ա­ռար­կայ դար­ձած մի­ջան­կեալ բո­լոր վար­կած­նե­րուն թղթած­րա­րը այ­սօր այ­լեւս պէտք է փա­կել ու պէտք է յստա­կօ­րէն կեդ­րո­նա­նալ յա­ռա­ջի­կայ վիթ­խա­րի աշ­խա­տան­քին վրայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016