ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 93-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօր կը դառ­նայ 93 տա­րե­կան։ Ա­մէն տա­րուան նման այս տա­րի եւս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը նշուի Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի եւ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։

Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր Մեծն Ա­թա­թիւր­քի եւ իր լծա­կից ըն­կեր­նե­րու ո­գե­կոչ­ման հա­մար ալ այս օ­րը կը հան­դի­սա­նայ հեր­թա­կան շար­ժա­ռի­թը։ Ժո­ղո­վուր­դը կը վե­րա­նո­րո­գէ իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քին եւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան ճա­նա­պար­հին դեր ստանձ­նած գոր­ծիչ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տուին՝ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­նան­ջա­տե­լի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու աշ­խար­հա­վար հա­մա­կար­գի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վե­րա­նո­րոգ գի­տակ­ցու­թեան մէջ։

Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ի տօ­նը այ­սօր հան­րա­յին կար­ծի­քի բո­լոր հա­տուած­նե­րուն, ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րուն հա­մար մեծ ու­րա­խու­թեան աղ­բիւր կը դառ­նայ։ Բո­լո­րը կը հասկ­նան, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան բո­լո­րած 93 տա­րի­նե­րը կը բնո­րո­շեն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճա­նա­պար­հի յա­մառ երթ մը։ Եր­կի­րը այ­սօր եւս ու­նի ձգտու­մը այդ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ըն­թաց­քը ամ­րապն­դե­լու, նաեւ ար­գա­սա­ւո­րե­լու տնտե­սա­կան վե­րել­քով, հա­մընդ­հա­նուր բա­րե­կե­ցու­թեամբ։

Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նին ի­մաս­տը այս տա­րի կը բիւ­րե­ղա­նայ նաեւ այլ պրիս­մա­կէ մը։ Ար­դա­րեւ, 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ե­կած է ազ­գա­յին կամ­քի վե­րա­բե­րեալ ըն­կա­լում­նե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր հար­թու­թեան մը վրայ դնել Թուր­քիոյ մէջ։ Ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծը ա­պա­ցու­ցա­նած է, որ ժո­ղո­վուր­դը ի գին ա­մէն բա­նի տէր կը կանգ­նի երկ­րի ար­ժէք­նե­րուն։ Այդ զգօ­նու­թիւնն ու վճռա­կա­մու­թիւ­նը կը հա­մա­րուին այն հիմ­նա­կան նա­խադ­րեա­լը, ո­րով Թուր­քիա բազ­մաբ­նոյթ մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ թէ՛ ներ­քին եւ թէ ար­տա­քին կեան­քին մէջ։

Մինչ այդ, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին այս ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լեց Ա­թա­թիւր­քի յու­շա­դամ­բա­նը։ Ան­գա­րա­յի մէջ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան նա­խա­տե­սուած են պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­ներ եւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ին առ­թիւ հրա­պա­րա­կած պատ­գա­մին մէջ շեշ­տեց, որ ազ­գի ան­հատ­նե­րը հա­ւա­տի, մշա­կոյ­թի կամ ար­մատ­նե­րու հիմ­քով խտրա­կա­նու­թեան են­թար­կե­լը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի Հան­րա­պե­տու­թեան ո­գիին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016