ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ ԵՒ «ՓՐԿԻՉ» ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
Երկու տարի եւ ութ ամիս տեւած «խաչելութիւն»էն ետք, յառաջիկայ Երկուշաբթի օր, Լիբանան պիտի ունենայ նոր նախագահ մը: Ինչպէս յայտնի է եւ վերջին տասն օրերուն ընթացքին եղած «համաձայնութիւններու»ն արդիւնքով լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Միշէլ Աուն պիտի ընտրուի երկրի 12-րդ նախագահը:
Յիշեցնեմ, որ Լիբանանի վերջին երեք նախագահներն ալ եղած են բանակի հրամանատարներ: Զօրավար Էմիլ Լահուտ եւ զօրավար Միշէլ Սլէյման նախագահ ընտրուած ու արագօրէն իրենց զինուորական տարազը հանելէ ետք հասած են նախագահական պալատ:
Լիբանանի պէս երկրի մը համար զարմանալի չէ բանակային զօրավարներու երկրի կարեւորագոյն դիրքը գրաւելու երեւոյթը: Եւ այդ հանգամանքը պայմանաւորուած է մի քանի կարեւոր տուեալներով, որոնցմէ ամենակարեւորն է Լիբանանի ամենէն «անկաշառ» եւ բոլորին կողմէ ընդունուած կողմը կը շարունակէ մնալ երկրին բանակը:
Երբ զօրավար Էմիլ Լահուտ, որուն մայրը եւ կինը հայեր են, նախագահական աթոռ կը հասնէր 1998 թուականին, շատերու համար անսպասելի համարուած ընտրութիւն մը կը կատար-ւէր: Պարզ անոր համար, որ Լահուտ կը ներկայացնէր երկրի բանակը ու յստակ էր նաեւ, որ երկար տարիներու վրայ բանակը իբրեւ կառոյց կրողն ու հետեւողն է ամերիկեան քաղաքականութեան: Բայց Լահուտի պարագային այդպէս չեղաւ: Ըլլալով «յառաջդիմական» կողմերու ջատագովը՝ Լահուտ դարձաւ հարեւան Սուրիոյ ու ապա Լիբանանի մէջ կարեւոր դեր վերցուցած Իրանի լաւագոյն բարեկամը: Լահուտի օրերուն էր նաեւ, որ երկրի շիի գլխաւոր զինուորական կազմակերպութիւնը՝ «Հիզպուլլահ» կատարելագործեց իր ունեցած զինուորական կարողութիւնները եւ դարձաւ Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն միլիսներէն մին:
Լահուտի համար բանակէն եկած ղեկավարի մը կողմէ որդեգրուած այս կեցուածքը աննախընթաց էր: Կարելի չէ ըսել նաեւ, որ Լահուտ այդ ընտրանքը որդեգրեց ճնշումներու տակ, որովետեւ ան իր համոզումները ամրագրեց իր իշխանութենէն առաջ տեղի ունեցած դէպքերով եւ «պատմական դասեր»ով:
Զօրավար Լահուտ լաւ հասկցած էր շրջանային խաղին կանոնները ու գիտէր նաեւ, որ Արեւմուտքն ու մասնաւորապէս Ամերիկան ինչ աժան գինով «կը ծախեն» իր դաշնակիցը: Իր աչքին առջեւն էին 1988-1990 թուականի դէպքերը, երբ նոյն բանակի այլ հրամանատար մը անսալով Արեւմուտքի անուղղակի յորդորներուն, պատերազմ հռչակեց Սուրիոյ Նախագահ Հաֆըզ Էսատին դէմ ու աւելի ուշ «մինակ ձգուելով» դարձաւ Փարիզի մէջ ապրող քաղաքական ապաստանեալ:
Պէտք չէ մոռնալ, որ նախագահ Լահուտի անունը սկսաւ երեւիլ ու յայտնի դառնալ 31 Հոկտեմբեր 1990 թուականի դէպքերուն ու անոնցմէ ետք ալ, երբ ան 1989 թուականին նշանակուեցաւ բանակի հրամանատար, դառնալով Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ անոր դաշնակիցներուն ամենէն հաւատարիմ գործակիցներէն մին:
Լահուտ չէր սխալած: Իր կատարած ընտրանքը համահունչ էր այդ օրերու շրջանային ընդհանուր քաղաքականութեան ու ան հակառակ բազում դժուարութիւններու, յաջողեցաւ երկիրը կառավարել եւ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հետ համագործակցելով կարողացաւ պահպանել երկրին կայունութիւնը։ Հակառակ անոր որ, իր ընդդիմախօսներուն կարծիքով՝ Լահուտ դարձաւ երկրի քրիստոնեայ եւ ազատատենչ համարուած հատուածները ճնշող նախագահ մը:
Զօրավար Լահուտի համար նախասիրութիւններու կամ քաղաքական թեքումներու խնդրէն անդին յստակ էր, որ նախկին քրիստոնեայ ղեկավարներու «դէպի Արեւմուտք» հակում ունենալու ժամանակը արդէն սպառած է: Սպառած է ոչ թէ արեւելամէտ ըլլալու պատճառաբանութեամբ, այլ անոր համար, որ Սուրիոյ նախագահ Հաֆըզ Էսատի իշխանութեամբ ղեկավարուող Սուրիան դարձած էր հզօր երկիր, դառնալով նաեւ Արեւմուտքի վստահելի գործընկերը:
Այսինքն անցեալին (նկատի ունիմ 1950-1970 թուականներու միջեւ երկարող ժամանակահատուածը), երբ Միացեալ Նահանգներ կարիքն ունէր ուժեղ «քրիստոնեայ Լիբանան»ի մը, ութսունականներու աւարտին անոր համար այդ գործօնը դադրած էր կարեւորութիւն ներկայացնելէ: Ամերիկա մտած էր ուղղակի եւ առանց միջնորդներու գործակցութեան մը մէջ եւ այդ գործակցութեան շնորհիւ յաջողեցաւ Սուրիան ներքաշել իր ուզած բոլոր խաղերուն մէջ: Անշուշտ այս համագործակցութեան հիմնական «պտուղ-զոհ»ը կ՚ըլլար Լիբանան, որուն քաղաքացիական պատերազմի տարբեր փուլերուն ընթացքին երկիրը որպէս «նուէր» կը տրուէր սուրիական իշխանութիւններուն: Զօրավար Լահուտ միշտ ի մտի ունէր դէպքերը 1990 թուականի, երբ Արեւմուտքը կը սպառէր «ուժեղ քրիստոնէական թեքում» ունեցող Արեւելեան Պէյրութի մէջ արմատ նետած երկու քրիստոնեայ ուժերը (Աունի ղեկավարած բանակը եւ Սամիր Ժաաժայի առաջնորդած «Լիբանանեան ուժեր» միլիսը) ու Լիբանանը դարձեալ կ՚իյնար սուրիական անմիջական ազդեցութեան օղակներուն մէջ:
Նոյնը բեմագրութիւնը չկրկնուեցաւ նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյմանի օրերուն: Զօրավարը, որ ընտրուեցաւ շրջանային համաձայնութեան մը հիմամբ (2008 թուականին Տոհայի մէջ եղած համաձայնութեան հիմքով), իր նախագահական նստաշրջանի սկիզբը քայլ պահեց բոլոր կողմերուն հետ։ Բայց եւ այնպէս, իր նախագահութեան վերջին օրերուն դարձաւ «Հիզպուլլահ»ի ու անոր «դիմադրութեան վարկած»ին թիւ մէկ հակառակորդը:
Այս բոլորը անշուշտ զարմանք առթեցին սուրիամէտ ուժերուն, որոնց համար բանակի նախկին հրամանատարը մինչ այդ վստահելի զինուորական պատասխանատու մըն էր:
Զօրավար Միշէլ Սլէյմանի «Հիզպուլլահ»ին դէմ շեշտուած քաղաքականութիւնը բնականաբար կապ ունէր շրջանային մեծ իրադարձութիւններով, որոնց ամենէն հիմնականը Սուրիոյ պատերազմ էր:
Սլէյման հաւատալով Սուրիա հասած «Արաբական գարուն»ին, իր քաղաքական ամբողջ կշիռը դրաւ «14 Մարտ»ին ու այդ ուժերը հովանաւորողներուն վրայ: Ան փորձեց ամէն գնով իրեն հետեւորդ նախարարներու ցանց մըն ալ ստեղծել, սակայն չյաջողեցաւ պահպանել իր «բոլորին նախագահը» ըլլալու հանգամանքը եւ Պաապտայի պալատէն հեռացաւ բաւականին դժուար պայմաներու տակ, իր դէմ ունենալով «Հիզպուլլահ»ն ու բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնց համար Լիբանանի միակ քաղաքական արեւելումը բացառապէս պէտք է ըլլար արեւելեան:
Սլէյման երեւելի տեղքայլ ընելով ու հակառակ իր ձեռք ձգած նիւթական կարեւոր ներուժին՝ նախագահութեան հանգրուանէն ետք ալ չկարողացաւ դառնալ քաղաքական կարեւոր դէմք։ Հակառակ երկրի քրիստոնեայ թէ իսլամ չափաւորական նախարարները իր շուրջ մէկտեղելուն, ան չկարողացաւ քաղաքական դաշտի «թելադրող» ուժերէն մին դառնալ:
Այս երկու զօրավարներէն ետք Լիբանան այսօր կանգնած է բաւականին դժուարին ընտրութեան մը առաջ: Մինչ լրատուական աղբիւրներ կը խօսին զօրավար Աունի ստանալիք աւելի քան 80 (128-ի վրայ) քուէներուն մասին, նոյն զօրավարը կրնայ յայտնուիլ բաւական նուրբ, ճակատագրական եւ նոյնիսկ պայթիւնավտանգ իրավիճակներու դիմաց:
Նախ անոր համար, որ Աուն «արուեստական» մօտեցումով մը կը դառնայ «համաձայնական նախագահ»։ Նկատի առնելով Լիբանանի քաղաքական դաշտին մէջ իրարու դէմ թէժ պայքար մղող հիմնական երկու ուժերուն՝ Ռիատին եւ Թեհրանին միջեւ առկայ սուր լարուածութիւնը: Ան նաեւ կարեւոր պատասխաններ պէտք է տայ «Հիզպուլլահ»ի ապօրինի զէնքին ու մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելու խնդրին վերաբերեալ:
Աունի քաղաքական արեւելումին վերաբերեալ օգտագործեցի «արուեստական» եզրը՝ նկատի առնելով, որ բաւական անսպասելի էր անոր դէպի Ռիատ ունեցած «թեքում»ը, յատկապէս, Աունի գլխաւոր դաշնակից համարուող շիի կազմակերպութիւնը, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ծանր մեղադրանքներ կ՚ուղղէ Ռիատին: Այս առումով է, որ շատ հաւանաբար Լիբանանի 12-րդ նախագահ ընտրուող Աուն կրնայ մեծ տագնապներու առջեւ կանգնիլ:
Ան մէկ կողմէ ստիպուած է «տուրք տալ» «Հիզպուլլահ»ին, միւս կողմէ լսել սիւննի աշխարհին «թելադրանքները»:
Այս առումով որեւէ «թերացում» կրնայ բաւական սուղ արժել Լիբանանին համար: Չմոռնանք, որ Լիբանանը եզրապատող ընդհանուր մթնոլորտը բաւականին թէժ է ու լարուած: Ո՛չ Թեհրան եւ ոչ ալ Ռիատ կը պատրաստուին երկխօսութիւններու նոր փուլ մը բանալ ու անոնց ճակատումներու արդիւնքով ծանր պատերազմներն ու արիւնահոսութիւնները կը շարունակուին Սուրիոյ, բայց մանաւանդ, Եէմէնի մէջ:
Ճիշդ է, որ միջազգային հանրութեան համար Լիբանանի մէջ ապահովական որեւէ խլրտում ստեղծելը արգիլուած «կարմիր գիծ» է, բայց եւ այնպէս չի բացառուիր, որ երկու «դարաւոր» հակամարտողները փորձեն Պէյրութը դարձնել հակամարտութեան նոր օճախ:
Գաղտնիք ալ չէ, որ Պէյրութի մէջ այսօր կան մէկէ աւելի «լարուած ականներ»: Խօսքը անշուշտ «Հիզպուլլահ»ի մասին չէ միայն, որուն ղեկավարութեան համար հիմնական ճակատը՝ սուրիական գետինն է, այլ Լիբանան հասած սուրիացիները, որոնք կը պատկանին սիւննի համայնքին ու արտաքին ուժերուն համար շատ հեշտ է այդ առնուազն 1.5 միլիոնին կէսը զինուորագրել ու դարձնել «սիւննիներու բանակ»:
Կայ նաեւ լիբանանեան հարաւը գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններու պարագան, ուր նոյնպէս քիչ չէ պաղեստինեան զինեալ ջոկատներուն թիւը (մինչեւ 30 հազար), որոնք արմատական են եւ տրամադրուած՝ սիւննի-շիի հաւանական որեւէ բախումի:
Նորութիւն ալ չէ, որ Աունի համար հիմնական ընտրանքը երկիրը ոչ-օրինական բոլոր զէնքերէն մաքրելն է: Ոչ-օրինական ըսելով պէտք է հասկնալ բոլոր այն խմբաւորումները, որոնք այս կամ այն ձեւով զինեալ ջոկատներ ունին եւ այդպէս կը հակասեն Լիբանանի սահմանադրութեան հիմնական տրամադրութիւններուն:
Ու այս առումով արդեօք Աուն պիտի կարողանա՞յ «քարը տեղէն շարժել»: Կը կարծեմ ոչ. որովհետեւ այդ ընտրանքին՝ «Լիբանանը առանց հակաօրինական զէնքի» տեսնելու ժամանակները դեռ չեն հասունցած:
Բնականաբար բանակին մէջ իր կրթութիւնը ու քաղաքական յառաջիկայ «տասնաբանեան» կազմած զօրավարը «պիտի երազէ» կերտել նոր Լիբանան մը, սակայն, անոր «լուծումներու նաւը» պիտի «բախի» շատ վտանգաւոր ապառաժներու:
Իսկ եթէ անտես առնէ զինեալ խմբաւորումներու հարցը, կամ Սուրիայէն Լիբանան թափանցող արմատականներու պարագան, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ Աուն ակամայ ձեւով պիտի յայտնուի «կոյր հանդիսատես»ի դերի մը մէջ, որուն «մասնակցութեամբ» Լիբանանի մէջ ծիլ պիտի առնէ եւ հունաւորուի ապագայ բախումներու հաւանականութիւնը:
Տակաւին հետաքրքրական է լսել զօրավար Աունի «Նախագահական երդում»ի ճառը։ Այդ ընթացքին է, որ յստակ պիտի դառնայ յառաջիկայ տարիներուն համար երկիրը կառավարող մարոնի նախագահին քաղաքական, տնտեսական, բայց մանաւանդ ապահովական ընտրանքները:
Բացի անկէ, որ Լիբանան կը մտնէ «բախտաւոր» նոր հանգրուան մը ու Պաապտայի նախագահական աթոռին թափուր ըլլալը պիտի փարատի։ Յստակ է նաեւ, որ երկիրը կրնայ բաւականին լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ գտնուիլ:
Այս ընդհանուր պատկերին զուգահեռ՝ զօրավար Աուն եթէ նախագահ ընտրուի, իր աւարտին կը տանի «երկրի փրկիչ» դառնալու հաւանականութիւնը կամ իր կուսակիցներուն եւ համակիրներուն մեծ երազը, պարզ անոր համար, որ յատկապէս շրջանային տուեալներու բերումով Լիբանան տակաւին հեռու է «փրկուած երկիր» մը ըլլալու հիմնադրոյթէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան