«ՃՈՒՄՀՈՒՐԻՅԷԹ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով այս ա­ռա­ւօտ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուե­ցան «Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի կարգ մը վա­րիչ­ներն ու գրող­նե­րը՝ թի­ւով ինն հո­գի։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, յի­շեալ ա­նուն­նե­րու շար­քին կը գտնուին «Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մու­րատ Սա­պուն­ճու, գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ա­քըն Ա­թա­լայ, գրող­ներ՝ Կիւ­րայ Էօզ, Հիք­մէթ Չե­թին­քա­յա, Այ­տըն Էն­կին եւ այլք։

Դա­տա­խա­զու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հար­ցաքն­նու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016