ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՆԵՐ
Նիւ Եորքի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք հայ աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Նոյնաժամանակ կազմակերպուած այս հաւաքները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն նաեւ արծարծելու համար շարք մը հրատապ խնդիրներ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Սփիւռքի կեանքին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն։
Երէկ, Նիւ Եորքի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Մինչեւ Նոյեմբերի 4-ը պիտի շարունակուի այս նստաշրջանը, որուն կը մասնակցի նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ընդառաջ՝ անցեալ Կիրակի Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետի գահակալութեան 17-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ կազմակերպուած Հայրապետական մաղթանքին հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Նիւ Եորքի մէջ անցեալ շաբաթավերջին Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 89-րդ համաժողովին եւ հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներով։
Բաց աստի, Նիւ Եորքի մէջ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցներու եւ ՀԲԸՄ-ի միացեալ ժողովը։ Հարկ է նշել, որ այս հաւաքին կը մասնակցին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները, թեմական խորհուրդներու դիւաններու անդամները եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի։
Միացեալ այս ժողովը կազմակերպուած է «Եկեղեցին տանիլ դէպի ժողովուրդը, հասնիլ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ապրող հայութեան» կարգախօսով։ Այս շրջագծով կը քննարկուին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հաստատուած հայութեան կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ զանազան իրողութիւններուն, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան, եկեղեցի-երիտասարդութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Երկօրեայ աշխատանքի ընթացքին այս նիւթերուն շուրջ կը ներկայացուին զեկոյցներ եւ ուսումնասիրութիւններ, նաեւ տեղի կ՚ունենան երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ քննարկումներ։
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը Պերճ Սեդրակեանին շնորհեց «Ասպետ Ս. Էջմիածնի» տիտղոսն ու Հայրապետական շքանշանը՝ ազգին մա-տուցուած ծառայութիւններուն եւ Մայր Աթոռի պայծառութեան բերած աւանդին համար։