«ԳԱՒԱՌԷՆ ՁԱՅՆԵՐ»
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է «Գաւառէն ձայներ» անուն գործ մը, որ կողքի մը տակ կը հաւաքէ՝ Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած համանուն ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակուած յօդուածաշարք մը, որ այդ շրջանին արժանացած է մեծ ժողովրդականութեան եւ որու հեղինակն է հոգելոյս Տ. Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեան։ «Արաս»ի կողմէ այս յօդուածաշարքը գիր-քի մը ձեւաչափով հրատարակուած է հայերէնով։ Հեղինակին գրիչով այս գործին մէջ 1960-ականներու գաւառը կը պատկերանայ ընթերցողի աչքին՝ հայու բեկորներով, կիսափուլ կամ ամբողջապէս աւերակ յուշարձաններով։ Հատորին մէջ օգտագործուած են նաեւ Տ. Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեանի արխիւին մաս կազմող եւ անձամբ իր կողմէ լուսանկարուած դրուագներ։
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան, որ գրի առած է նաեւ յառաջաբան մը։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Արէտ Կըճըրի կողմէ՝ Տիգրիսի վրայ կիսափուլ կամուրջի մը դրուագին մատուցմամբ։
«Գաւառէն ձայներ» գիրքին մէջ ամփոփուած յօդուածաշարքը մաս կը կազմէ հեղինակի անունին հետ նոյնացած «Ու ես կ՚երթամ» ճանապարհագրութիւններու շարքին։