ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇ

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը նշուե­ցաւ Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի կէս դա­րը» խո­րագ­րեալ ժա­պա­ւէն մը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հան­րա­գի­տա­կան բա­ռա­րան»ի ա­ռա­ջին հա­տո­րին շնոր­հան­դէ­սը։ Հրա­տա­րակ­չու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րը պար­գե­ւատ­րուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ պա­տուագ­րե­րով եւ ար­ժա­նա­ցան գնա­հա­տան­քի։ Յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քոյ­թին հրա­ւի­րուած էին նաեւ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, հա­մալ­սա­րան­նե­րու վե­րա­տե­սուչ­ներ, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հո­գե­ւոր հայ­րեր եւ այլ հիւ­րեր։

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին մատ­նան­շեց, որ «Հան­րա­գի­տա­կան բա­ռա­րան»ը վեր­ջին նուա­ճումն է Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի խմբագ­րու­թեան։ Ըստ ի­րեն, հան­րա­գի­տա­րա­նը իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուր­դի դէմքն է՝ խտա­ցեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով։ Սա մշա­կու­թա­յին կա­րե­ւոր խնդիր մըն է եւ իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուրդ ու­նի այդ մէ­կը ի­րա­կա­նաց­նե­լու փա­փա­քը։ Այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար պէտք է ըլ­լալ բարձր ո­րա­կի մաս­նա­գէտ, նուի­րեալ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Մար­տի­րո­սեան հա­մո­զուած է, որ հան­րա­գի­տա­րա­նը ստեղ­ծող անձ­նա­կազ­մը այդ գոր­ծը փայ­լուն ձե­ւով կա­տա­րած է, ո­րով­հե­տեւ ար­դիւն­քը յայտ­նի է ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ եւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Մար­տի­րո­սեան յի­շե­ցուց, որ բա­ցի բուն հան­րա­գի­տա­րա­նէն, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պատ­րաս­տուած են նաեւ նեղ մաս­նա­գի­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ։ Հայ­կա­կան նոր հան­րա­գի­տա­րա­նը կը նա­խա­տե­սուի հրա­տա­րա­կել տասն հա­տո­րով։ Այդ հար­ցը պի­տի յստա­կա­նայ վերջ­նա­կան խմբագր­ման ո­րոշ­ման ըն­թաց­քին։

Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան գլխա­ւոր խմբա­գիր Յով­հան­նէս Այ­վա­զեանն ալ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին շեշ­տեց, որ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուած է կո­թո­ղա­յին հրա­տա­րա­կու­թիւն մը։ Ան մէջ­բե­րեց ընդ­հա­նուր տա­րա­ծում գտած այն հա­մո­զու­մը, թէ հան­րա­գի­տա­րա­նը քա­ղա­քակր­թու­թեան չա­փա­նիշ մըն է։ Ե­թէ պե­տու­թիւն մը, եր­կիր մը ու­նի հան­րա­գի­տա­րան, ու­րեմն կը դա­սուի քա­ղա­քակր­թու­թեան ո­րոշ աս­տի­ճա­նի մը վրայ։

Ցարդ Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի գլխա­ւոր խմբա­գիր­նե­րու շար­քին գտնուած են Վիք­թոր Համ­բար­ձու­մեան, Ա­բէլ Սի­մո­նեան, Մկրտիչ Ար­զու­մա­նեան եւ Կոնս­տան­դին Խու­տա­վեր­տեան։ 1999 թուա­կա­նէն ի վեր գլխա­ւոր խմբագ­րի պաշ­տօ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Յով­հան­նէս Այ­վա­զեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016