ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պէյրութի մէջ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նորընտիր նախագահ Միշէլ Աունին։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաապտայի նախագահական ապարանքին մէջ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողքին էին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահէ Եպսկ. Փանոսեան եւ Անթիլիասի կաթողիկոսանիստ տաճարի լուսարարապետ Տ. Նորայր Եպսկ. Աշըքեան։
Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորեց նորընտիր նախագահը, մաղթեց, որ անոր ընտրութեամբ՝ ներքին միասնականութեան, տնտեսական զարգացման եւ միջազգային յարաբերութեանց փայլուն նոր էջ մը բացուի Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն եւ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու։ Զրուցակիցները շեշտեցին նաեւ լիբանանեան սփիւռքը վերակազմակերպելու եւ Լիբանանի ի նպաստ զօրակցութեան նոր մղում մը տալու հրամայականին։