ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
«Պողազիչի» եւ «Պահչէշեհիր» համալսարաններու դասախօս Էրթուղրուլ Զորլութունա վերջերս այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ընկերակցութեամբ մեր պատուակալ աշխատակից Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի։ Ակադեմական գետնի վրայ ծաւալած երկարամեայ գործունէութեան առընթեր Էրթուղրուլ Զորլութունա անցեալի մէջ միջոց մը աշխատած է նաեւ մամուլի ոլորտէն ներս։ Ան վաղեմի բարեկամն է Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի եւ այդ մտերմութեան շնորհիւ տեղեակ է նաեւ Տէր Հօր ամենօրեայ աշխատակցութեան։ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սերտ կապերուն տեղեակ ըլլալով՝ Էրթուղրուլ Զորլութունայի մօտ ալ հետաքրքրութիւն յառաջացած է թերթիս նկատմամբ։ Ուստի, այդ հետաքրքրութեան ի շարունակութիւն ան Տէր Հօր հետ այցելեց խմբագրատունս։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Էրթուղրուլ Զորլութունա բացատրութիւններ ստացաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան, առաքելութեան եւ ներկայ գործունէութեան շուրջ։ Այդ բոլորը իրեն բացատրուեցան թրքահայ իրականութեան ամբողջին մէջ։ Մեր հիւրը տեղեկութիւններ ստացաւ նաեւ հրատարակչական գետնի վրայ թերթիս կողմէ կեանքի կոչուած ծրագրերուն մասին։
Հաճելի զրոյցի աւարտին Էրթուղրուլ Զորլութունա ուրախութիւն յայտնեց այս շարժառիթին համար ու յարատեւութիւն մաղթեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024