ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳ
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ շաբաթավերջին կարեւոր ձեռքբերում մը ունեցաւ երաժշտական կալուածէ ներս իր ծաւալած գործունէութեան շրջագծով։ Այսպէս, ան առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի մէջ՝ ներկայանալով լիբանանահայ երաժշտասէրներուն եւ յաջողեցաւ գրաւել անոնց սիրտը։ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը այս նիւթին վերաբերեալ իր հաղորդումներուն մէջ Սիպիլի Պէյրութի այս առաջին ելոյթը որակած է անզուգական։
«Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով եւ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Սիպիլին համերգը, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ։ «Համազգային»ի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբն ու «Գայիանէ» պարի դպրոցի սաներն ալ մասնակցութիւն բերին յայտագրին։
Լիբանանահայ երաժշտասէրներուն կողմէ անհամբերութեամբ սպասուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Սրահը լեցուն էր ամբողջութեամբ եւ ստեղծուած էր ջերմեռանդ մթնոլորտ։ Սիպիլ ընտրած էր ճոխ երգացանկ մը եւ ծրագրին գործադրութիւնը տեւեց աւելի քան երկու ժամ։ Ան իր զուլալ ձայնով դիւթեց ներկաները եւ այսպէսով ինքնաբերաբար վերահաստատեց նաեւ պոլսահայ եւ լիբանանահայ համայնքներուն կողմէ բաժնուած արժէքները։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ հաստատեց, թէ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկը իւրայատուկ է անով, որ տասնամեակներ ետք մշակութային գեղեցիկ օղակ մը կը կազմէ Պոլսոյ հետ: «Երբեմնի Պոլիսը, որ ժառանգուած է մեզի հարուստ մշակոյթով, անքակտելի մասնիկն է մեր հաւաքական յիշողութեան», ըսաւ ան, ապա յայտնեց, թէ Սիպիլ իր իւրայատուկ ձայնի դիւթիչ թրթռացումներուն հմայիչ դրոշմը պիտի դնէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ: Թամար Սնապեան-Սուրճեան դիտել տուաւ, որ Սիպիլի ընտրեալ երգերուն խօսքերը կը պատկանին արեւմտահայ եւ արեւելահայ մեծանուն հայ գրական դէմքերու, որոնց կողքին կան նաեւ ժամանակակից հեղինակներ, իսկ երաժշտական մշակումներուն եւ յօրինումներուն մէջ ալ մեծ դեր ունին երիտասարդ երաժիշտները: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գայիանէ» պարի դպրոցի ղեկավարներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններուն, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի ղեկավար մաէսթրօ Զաքար Քէշիշեանին, ինչպէս նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի ընտանիքին, Տէր եւ Տիկին Սէմ Պալճեաններուն, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին եւ «Համազգային»ի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, որոնք ճիգ չեն խնայած ձեռնարկի յաջողութեան համար:
Սիպիլ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Յուզումով սպասած եմ ձեզի հետ հանդիպելու այս պահուն: Մենք՝ հայերս, ինչքան ալ ցրուած ըլլանք աշխարհով մէկ, մեր սրտերը մէկ են մեր մշակոյթով, մեր հիասքանչ մայրենի լեզուով եւ մեր արեան կապով»:
Երկու բաժինէ բաղկացած յայտագիրը կ՚ընդգրկէր հայրենասիրական, ժողովրդական եւ դասական երգեր: Ուշագրաւ էին «Կարկաչ» երգչախումբին ընկերակցութեամբ «Աւետեաց երկիր» եւ «Գայիանէ» պարախումբին ընկերակցութեամբ «Տեսնեմ Անին» երգերը: Սիպիլ յուզումնախառն զգացումներով մեկնաբանեց «Կիլիկիա» երգը: Գեղեցիկ կատարում մըն էր «Սէր» զուգերգը՝ Յակոբ Մկրտիչեանի հետ:
Յայտագիրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Սիպիլի «Վանայ լճին» տեսահոլովակը:
Ոգեւորիչ ու գօտեպնդող էին «Ազգ փառապանծ» եւ «Մեր լեզուն» երգերը:
Սիպիլ իր երգացանկի վերջին երգը՝ «Գետաշէն», նուիրեց Արցախը պաշտպանող զինուորներուն: Հիանալի էր երգին մեկնաբանութիւնը պարախումբին եւ «Կարկաչ» երգչախումբին ընկերակցութեամբ:
Պոլսահայ երգչուհիին թովիչ ձայնը, «Կարկաչ» երգչախումբին եւ «Գայիանէ» պարախումբին միացեալ գեղեցիկ կատարումները վկայեցին հայ երաժշտութեան ներգործութեան եւ մշակոյթի առինքնող ուժի եւ գրաւչութեան մասին:
Ծափահարութիւնները երկար եւ ուժգին հնչեցին համերգի աւարտին, կարծես ոչ ոք կը փափաքէր հարազատ ու ջերմ մթնոլորտին հրաժեշտ տալ, որովհետեւ պոլսահայ իւրայատուկ ձայնը հպած եւ իր հետքը ձգած էր ներկաներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին Սիպիլ իր տեսահոլովակները մակագրեց արուեստասէր հասարակութեան: