ԳՀԽ-Ի ԱՒԱՐՏԻՆ ԶԵԿՈՅՑ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ Նիւ Եոր­քի մէջ, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով հեր­թա­կան նստաշր­ջա­նէն վերջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը հրա­պա­րա­կե­ցին պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղո­վի բաց­ման Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ԳՀԽ­-ի ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րուն եւ աշ­խար­հա­կան ան­դամ­նե­րուն։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց գրե­թէ նոյն օ­րե­րուն Նիւ Եոր­քի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ԳՀԽ­-ի, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ու կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու դի­ւան­նե­րու ան­դամ­նե­րուն եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան միա­ցեալ ժո­ղո­վին առ­թիւ։ Ան ընդգ­ծեց, որ ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ միա­ցեալ ժո­ղո­վը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ՝ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն տեղ­ւոյն վրայ հա­ղորդ դառ­նա­լու ա­ռու­մով։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս առ­թիւ իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նին եւ թե­մի բո­լոր սպա­սա­ւոր­նե­րուն՝ ժո­ղով­նե­րու օ­րե­րուն ցու­ցա­բե­րուած ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նաեւ Ս. Հոգ­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը մաղ­թեց ԳՀԽ­-ի ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ ի նպաստ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան եւ ա­ռա­քե­լու­թեան ար­դիւ­նա­ւոր­ման։

Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ ընդգր­կուած էին Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի կա­նո­նադ­րու­թեան նա­խագի­ծի մշակ­ման ըն­թաց­քին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր, Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռա­վար­ման ար­դիւ­նա­ւե­տու­թեան բարձ­րաց­ման ուղ­ղեալ ծրագ­րեր, հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռըն­չուող խնդիր­ներ։ Նիս­տե­րուն ա­տե­նա­պե­տեց Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան։ Մինչ օ­րա­կար­գի նիւ­թե­րու քննար­կու­մը ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցան 6-9 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն ԳՀԽ­-ի Ար­ցա­խի մէջ գու­մա­րուած ժո­ղո­վի ո­րո­շում­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քին շուրջ։

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը «Դա­ւի­թեան» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ ու բա­րե­րար Ա­սօ Դա­ւի­թեա­նէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղեալ ծրագ­րի մը ըն­թաց­քին շուրջ։ ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան նաեւ այդ ծրագ­րի բա­րե­յա­ջող ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ստեղ­ծուած գոր­ծա­դիր եւ խորհր­դա­տուա­կան մար­մին­նե­րու կազ­մին՝ բաղ­կա­ցած հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ան­դամ­նե­րէ թէ՛ Հա­յաս­տա­նէն եւ թէ Սփիւռ­քէն։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Ա­սօ Դա­ւի­թեա­նի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քին հա­մար՝ կա­րե­ւո­րե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռա­վար­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։

Այ­նու­հե­տեւ ԳՀԽ քն­նար­կեց Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի կա­նո­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը, որ պատ­րաս-տըւած է Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյց­նե­րու կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։ Նա­խագ­ծին վե­րա­բե­րեալ անհ­րա­ժեշտ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տուին յի­շեալ յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան եւ ան­դամ­նե­րէն՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեանն ու ի­րա­ւա­բան Փրոֆ. Գէորգ Դա­նիէ­լեան։ Նա­խա­գի­ծը յօ­դուած առ յօ­դուած քննե­լով՝ ԳՀԽ կա­տա­րեց իր դի­տար­կում­նե­րը եւ թե­լադ­րեց անհ­րա­ժեշտ սրբագ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ նա­խագ­ծի վերջ­նա­կան տար­բե­րա­կին պատ­րաս­տուի­լը, ա­պա Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ դէ­պի թե­մեր ու­ղար­կուի­լը։ Ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը յանձ­նա­խում­բին կա­տա­րած ման­րակր­կիտ աշ­խա­տան­քին հա­մար յայտ­նե­ցին ի­րենց գնա­հա­տան­քը։

Նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցաւ նաեւ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գու­թեան խնդի­րը։ Այս ա­ռըն­չու­թեամբ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց, որ նա­խագ­ծա­յին փու­լը ա­ւար­տած է եւ շու­տով պի­տի սկսին շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ քայ­լեր կ՚առ­նուին շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու հայ­թայթ­ման նպա­տա­կով։ Ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Մայր Տա­ճա­րի ամ­րա­կայ­ման եւ հիմ­նա­նո­րո­գու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նե­ցին, թէ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ա­ջակ­ցու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րեն հա­մայն հա­յու­թեան սրբու­թիւն սրբո­ցի պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ զե­կոյց մը ներ­կա­յա­ցուց Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի Հայ­րա­պե­տա­կան Պա­տուի­րակ եւ Ֆրան­սա­յի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեան, որ կ՚ան­դա­մակ­ցի Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի գի­տա­կան աս­տի­ճան­նե­րու շնորհ­ման յանձ­նա­խում­բին։ Ան ներ­կա­յա­ցուց այն քայ­լե­րը, ո­րոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կ՚ի­րա­կա­նացուին հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս ու­սում­նա­ռու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ու­րա­խու­թեամբ ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ, որ ա­միս մը ա­ռաջ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի կար­գա­վի­ճա­կը բարձ­րա­ցած է եւ աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան ո­լոր­տէ ներս գի­տա­կան աս­տի­ճան­ներ շնոր­հե­լու ի­րա­ւուն­քին տի­րա­ցած է ան։ Սա պի­տի նպաս­տէ ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թեան պատ­րաս­տու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման։ Խօ­սուե­ցաւ նաեւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս ի­րենց բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կող հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան մա­սին։ Ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին կրթա­կան ո­լոր­տէ ներս ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­ցին Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին՝ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց ա­պա­գայ սե­րուն­դի գի­տա­կան եւ հովուա­կան պատ­րաս­տու­թեան նկատ­մամբ ըն­ծա­յուած մեծ կա­րե­ւո­րու­թեան հա­մար։ ԳՀԽ գ­նա­հա­տան­քով ար­ձա­նագ­րեց նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կա­ռոյց­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը մաղ­թե­ցին պտղա­բե­րում ազ­գօ­գուտ բազ­մա­պի­սի ծրագ­րե­րուն եւ հա­մա­տեղ ձեռ­նարկ­նե­րուն հա­մար։ Նստաշր­ջա­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեան խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016