ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ԴԵՍՊԱՆ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի եւ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի կի­սա­պաշտ­պան Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան հան­դէս կու գայ նաեւ ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի բա­րի կամ­քի ազ­գա­յին դես­պան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Վա­ղը Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան թեք­նիկ կեդ­րո­նին՝ Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ դահ­լի­ճին մէջ նա­խա­տե­սուած է հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նին պի­տի շնոր­հուի այդ կո­չու­մը։

Ա­ւե­լի քան կէս դա­րէ ի վեր ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի բա­րի կամ­քի դես­պան­նե­րը աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ կը նպաս­տեն ե­րա­խա­նե­րու եւ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­նոնց կեան­քի բա­րե­լաւ­ման։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016