ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ հիմնանորոգութեան երկարատեւ աշխատանքներէ վերջ վերաբացուեցաւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծանուն նկարիչի հերթական անգամ խոր երախտագիտութեամբ վերյիշման։ Այս տուն-թանգարանը հռչակաւոր վարպետի ստեղծագործութիւններուն եւ անձնական իրերուն առընթեր կ՚ընդգրկէ նաեւ պատանիներու համար նախատեսուած ստեղծագործական աշխատանոց մը, ինչպէս նաեւ երաժշտական ունկնդրութիւններու համար կոկիկ սրահ մը։
Թանգարանի վերաբացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Վերանորոգեալ թանգարանի երդիքին տակ այս առթիւ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի բաժնի տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան, աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, գրականագէտ Աւիկ Իսահակեան եւ այլ բազմաթիւ պաշտօնատարներ եւ հիւրեր։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024