ԱՐԻՒՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Փրոֆ. Ռ. Եո­լեան» ա­րիւ­նա­բա­նա­կան կեդ­րո­նը, որ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան են­թա­կա­յու­թեամբ։ Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան պա­տուոյ հիւ­րերն էին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան։ Երկ­րի բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ­ներ ներ­կայ ե­ղան հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Ալ­թու­նեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան, Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար­նե­րը եւ այլ հիւ­րեր։

Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րեան հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու ախ­տո­րոշ­ման ու բուժ­ման ուղ­ղեալ միակ մաս­նա­գի­տա­ցեալ յա­ռա­ջա­տար բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւնն է այս մէ­կը։ Ո­րա­կեալ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մա­տուց­ման նպա­տա­կով ստեղ­ծուած են պայ­ման­ներ։ Կեդ­րո­նի ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան եւ հե­տա­գայ ծրագ­րե­րուն շուրջ հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն։

Ըստ այդ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, ար­դիա­կա­նա­ցեալ Ա­րիւ­նա­բա­նա­կան կեդ­րո­նի կա­ռու­ցուած­քին մէջ ստեղ­ծուած են տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ ոսկ­րա­ծու­ծի փոխ պատ­րաստ­ման բա­ժան­մունք եւ ցօ­ղու­նա­յին բջիջ­նե­րու տար­րա­լու­ծա­րան։ Հա­շուի առ­նե­լով կեդ­րո­նի բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւ­նը յատ­կա­պէս ե­րա­խա­նե­րու մօտ ա­րեան քաղց­կե­ղի բուժ­ման ուղ­ղու­թեամբ՝ ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նա­ցուած է «Նուի­րէ կեանք» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի յանձ­նա­ռու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ այդ հիմ­նադ­րա­մի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի պա­տուոյ նա­խա­գահն է Ռի­թա Սարգ­սեան։ Ներ­կա­յիս հիմ­նա­նո­րո­գու­թե­նէ ան­ցած է կեդ­րո­նի եօթ­յար­կա­նի մաս­նա­շէն­քը, ո­րու ա­ռըն­թեր կա­ռու­ցուած է նաեւ ե­ռա­յարկ նոր մաս­նա­շէնք մը։ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս ամ­բողջ աշ­խա­տան­քը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է՝ երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան գան­ձատ­րու­մով։

Այս բժշկա­կան կեդ­րո­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ մա­տու­ցել ժա­մա­նա­կա­կից, ո­րա­կեալ եւ մաս­նա­գի­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ։ Հաս­տա­տու­թիւ­նը օժ­տուած է անհ­րա­ժեշտ ժա­մա­նա­կա­կից սար­քա­ւո­րում­նե­րով, ո­րոնց զգա­լի մա­սը բա­ցա­ռիկ են ի­րենց նշա­նա­կու­թեամբ ու միա­կը կը հան­դի­սա­նան երկ­րէն ներս։ Այն­տեղ հաս­տա­տուած ինք­նա­գործ հա­մա­կար­գե­րուն շնոր­հիւ զգա­լիօ­րէն պի­տի ընդ­լայ­նուի կեդ­րո­նին կող­մէ մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն շրջա­նա­կը։ Մրցու­նակ սա­կագ­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ այս կեդ­րո­նի բարձ­րա­կարգ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն պի­տի կա­րե­նան օգ­տուիլ այն հի­ւանդ­նե­րը, ո­րոնք Հա­յաս­տան պի­տի մեկ­նին ար­տա­սահ­մա­նէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016