ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

Երբ մէ­կու մը մա­սին ընդ­հա­նուր գա­ղա­փար մը կազ­մել կ՚ու­զենք, ո­րո­շում մը տա­լու հա­մար ա­նոր մա­սին, պէտք է դի­տենք զայն ո՛չ միայն իր խօս­քե­րով, այլ մա­նա­ւանդ իր գոր­ծե­րով, իր ամ­բողջ կեան­քով։ Ա­սոր հա­մար երբ կը դի­տենք, պէտք է նա­յինք ո՛չ միայն մարմ­նա­կան աչ­քով, այլ նաեւ՝ հո­գիի աչ­քով։ Ուս­տի խօս­քին քա­նա­կը չէ՛ կա­րե­ւո­րը, այլ ո­գին՝ որ կը ստեղ­ծէ ա­նոր իս­կա­կան ար­ժէ­քը։

Այս ի­մաս­տով, կա­տա­րուած բա­րե­գոր­ծու­թիւն մըն ալ պէտք է ըլ­լայ բո­լո­րա­նուէր, որ­պէս­զի կա­տա­րեալ ըլ­լայ։ Մարդ պէտք է քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­նայ զո­հուե­լու իր ծա­ռա­յու­թեան ի­մաս­տին՝ ի­տէա­լին հա­մար։ Ուս­տի կա­րե­ւոր է նուի­րու­մի մը ո­գին եւ կեր­պը։ Պար­զա­պէս պար­տա­կա­նու­թիւն մը կա­տա­րե­լու, «բա­րի» ե­րե­ւե­լու եւ «բա­րե­գործ» կո­չուե­լու հա­մար կա­տա­րուած բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը ան­կա­տար է, ե­թէ ա­նոր ո­գին եւ կեր­պը բա­րիի հետ չի հա­մե­մա­տիր, բա­րիի չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ։

«Ու­նե­ցա­ծէն մաս մը տալ» թե­րեւս հասկ­նա­լի է եւ ըն­դու­նե­լի՝ նիւ­թա­կան տուր­քե­րու կամ նիւ­թա­կա­նով կա­տա­րուած բա­րիք­նե­րու հա­մար, բայց հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր նուի­րու­մը պէտք է ըլ­լայ ամ­բող­ջա­կան, ան­թե­րի եւ կա­տա­րեալ։ Հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը պէտք է ըլ­լան ի­րա­պէ՛ս նուի­րա­կա­նու­թեան ո­գիով եւ ան­կեղծ կեր­պով։ Եւ այս գա­ղա­փա­րը կ՚ար­տա­յայ­տուի Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ՝ «գո­յիւ չափ զկեանս իւր» տա­ճա­րի գան­ձա­նա­կին նուի­րող կնոջ պատ­կե­րով։

Ե­կէք այս նիւ­թը շա­րու­նա­կենք Թոր­գոմ Պատ­րիարք Գու­շա­կեա­նի քա­րոզ­նե­րէն մէ­կուն խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով՝ ուր կը բա­ցատ­րուի ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը այս մա­սին։

«Ա­ւե­տա­րա­նը գան­ձա­նակն է, ո­րուն առ­ջե­ւէն ան­ցան աշ­խար­հի հին քա­ղա­քա­կիրթ գրե­թէ բո­լոր ազ­գե­րը՝ ո­րոնց մէջ քա­րո­զուե­ցաւ Քրիս­տո­սի խօս­քը. Հրեա­նե­րը, Ա­սո­րի­նե­րը, Ե­գիպ­տա­ցի­նե­րը, Յոյ­նե­րը, Հռով­մէա­ցի­նե­րը, Պար­սիկ­նե­րը, Հնդիկ­նե­րը, ե­ւայլն, ե­ւայլն։ Ա­մէնքն ալ ի­րենց ու­նե­ցա­ծէն, ա­մէնքն ալ, ո­մանք ի­րենց գրա­կա­նու­թե­նէն, ու­րիշ­ներ ի­րենց մտա­ւոր կեան­քէն, ու­րիշ­ներ ի­րենց խօս­քե­րէն եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րէն, ի­րենց քա­ղա­քա­կան կամ ըն­կե­րա­յին կեան­քի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէն բան մը, ան­պատ­ճառ տուին ա­նոր։

«Հրեան՝ իր կրօն­քէն, հա­ւատ­քին գիր­քէն, պաշ­տա­մուն­քին կա­նոն­նե­րէն եւ կեր­պե­րէն…

«Ա­սո­րին՝ իր մտա­ւո­րա­կան այն ձգտում­նե­րէն, ո­րոնք յե­տոյ իր հայ­րա­խօ­սա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­ւո­րե­ցին…

«Ե­գիպ­տա­ցին՝ իր ներ­հա­յե­ցո­ղա­կան կեան­քի այն մի­տում­նե­րէն, ո­րոնք յե­տոյ քրիս­տո­նէա­կան վա­նա­կա­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­ցին Նե­ղո­սի ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ…

«Յոյ­նը՝ իր փի­լի­սո­փա­յա­կան միտ­քի այն լոյ­սե­րէն՝ ո­րոնց­մով յե­տոյ քրիս­տո­նէա­կան դա­ւա­նու­թեանց ուղ­ղա­փա­ռու­թիւ­նը պի­տի բա­նա­ձե­ւուէր…

«Հռով­մէա­ցին՝ օ­րէն­քի եւ վար­չա­կան դրու­թեան այն ըմբռ­նում­նե­րէն՝ ո­րոնք յե­տոյ ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թեան եւ կար­գա­պա­հու­թեան ո­գին պի­տի կազ­մա­կեր­պէին…

«Պար­սիկն ու Հնդի­կը՝ չա­փով մը եւ կարճ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար միայն, մին իր տօ­նե­րուն խորհր­դա­ւո­րու­թե­նէն, միւսն ալ իր ճգնո­ղա­կան ու­նայ­նա­ցու­մի կեր­պե­րէն, ա­մէնքն ալ տուր­քի բա­ժի­նը, Ի­ՐԵՆՑ ՈՒ­ՆԵ­ՑԱ­ԾԷՆ ՄԱ՛Ս ՄԸ ՄԻԱՅՆ բե­րին քրիս­տո­նէու­թեան, ա­մե­նա­մեծ մա­սամբ պա­հե­լով դար­ձեալ ի­րենց նախ­կին ամ­բող­ջը, ի­րենց ցե­ղա­յին ինք­նու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը, ե­թէ ո՛չ ընդ միշտ, այլ գէթ այն ժա­մա­նա­կին մէջ կամ այն դա­րաշր­ջա­նին՝ ուր ըն­դու­նե­ցին Ա­ւե­տա­րա­նի կրօն­քը։

«Բայց, ո՞վ պի­տի կա­րե­նար ժխտել, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու այդ տո­ղան­ցու­թեան մէջ գտնուե­ցաւ մէ­կը, ժո­ղո­վուրդ մը կամ ազգ մը, իր թի­ւով ու երկ­րա­ւոր կեան­քի միւս պայ­ման­նե­րո­վը այդ բո­լո­րէն ա­ւե­լի փոքր ու նուազ ժո­ղո­վուրդ մը, որ, ինչ­պէս այ­րին՝ Տա­ճա­րին գան­ձա­նա­կին, նոյն­պէս ին­քը, Ա­ւե­տա­րա­նին նուի­րեց, ի՛նչ որ ա­նոր իսկ շնոր­հիւ ստա­ցեր էր իբ­րեւ ազգ, «գո­յիւ չափ զկեանս իւր», իր ամ­բողջ ու­նե­ցա­ծը. ա՛յս է որ կ՚ը­սէ մե­զի՝ յա­նուն մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան՝ Ա­ւե­տա­րա­նի այս օ­րուան (Կի­րա­կի) ըն­թեր­ցուած­քը. իսկ թէ ին­չե՞ր էին որ կը բաղ­կաց­նէին մեր այդ ամ­բողջ ու­նե­ցա­ծը ե­րէ­կի տօ­նին պատ­կերն է որ (Ծա­նօթ.- Սրբոց Թարգ­ման­չաց Վար­դա­պե­տաց, Շա­բաթ օ­րուան յա­ջոր­դող Կի­րա­կին՝ Ե. Կի­րա­կի Սուրբ Խա­չի տօ­նէն յե­տոյ) կը ցու­ցը­նէ զայն մե­զի. գի­րը կամ գրա­կա­նու­թիւ­նը, այ­սինքն մեր դիւ­ցազ­նու­թիւ­նը՝ այ­սինքն մեր գո­յու­թեան կռի­ւին ոյ­ժը. պատ­մու­թիւ­նը՝ այ­սինքն յի­շա­տա­կին զգա­ցու­մը. փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը՝ այ­սինքն մեր մտա­ւոր կեան­քը բո­վան­դակ, ա­ղօթ­քը՝ այ­սինքն աս­տուա­ծա­յի­նին խոր­հուր­դը, ու եր­գը՝ այ­սինքն ա­րուես­տին ա­մե­նէն կեն­դա­նի քնքշու­թիւ­նը։

«Այդ ա­մէ­նը, մեր ազ­գա­յին եւ հո­գե­կան կեան­քին գու­ցէ սա­կա­ւա­մասն՝ բայց մե­զի հա­մար յա­ւէտ թանկ այդ հարս­տու­թիւ­նը, որ մեր կեանքն էր. «գո­յիւ չափ» (ի՛նչ որ ու­նէինք), զո­հա­բե­րե­ցինք Ա­ւե­տա­րա­նին, որ է ը­սել թէ հա­մակ քրիս­տո­նէա­կան ե­ղան մեր գրա­կա­նու­թիւ­նը եւ զայն կազ­մող բո­լոր ա­ռա­ջին տար­րե­րը՝ դիւ­ցազ­նու­թիւ­նը, փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը, պատ­մագ­րու­թիւ­նը, միս­թի­քա­կան ո­գին եւ գե­ղա­րուես­տը, ե­ւայլն։ Ու­րիշ բա­ռով՝ քրիս­տո­նեայ դար­ձանք մեր հոգ­ւովն ու ա­նոր բո­լոր մա­սե­րո­վը, մեր սի­րո­վը, մեր միտ­քո­վը, մեր սիր­տո­վը, մեր խիղ­ճո­վը, մեր բո­լոր ի­մա­ցա­կան ու բա­րո­յա­կան ձգտում­նե­րո­վը, մեր սի­րո­վը բո­վան­դա­կա­պէս, ա­մէն բա­րի եւ ազ­նիւ հրայրք ու յօ­ժա­րու­թիւն սրբա­գոր­ծե­լով Ա­ւե­տա­րա­նի շուն­չով։

«Հա­զիւ ար­դէն փոքր ի շա­տէ միայն ծա­նօթ մեր նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան կեան­քին՝ մե­զի հա­մար մաս­նա­ւոր բերկ­րու­թիւն նկա­տե­ցինք Ա­ւե­տա­րա­նի՛ ծնունդ ճանչ­նալ զմեզ ի­րօք եւ ի­րա­ւամբ. իւ­րաց­նե­լով խա­չին բա­րո­յա­կա­նը ազ­գո­վին՝ նոյ­նա­ցու­ցինք մեր ազ­գու­թիւ­նը քրիս­տո­նէու­թեան հետ, ա­տոր հա­մար գու­ցէ եւ մեր վրայ հրա­ւի­րե­լով ցե­ղա­կից կամ դրա­ցի հզօր­նե­րու հեռն ու ա­տե­լու­թիւ­նը եւ յետ­նա­գոյն դա­ժա­նու­թիւն­նե­րը։ Տուինք ա­մէն ինչ որ ու­նէինք եւ կրնա­յինք ու­նե­նալ՝ ի­րեն, այ­սինքն՝ ա­նոր որ տե­սաւ թէ -այ­րին այն տա­ռա­պեալ- ի՞նչ­պէս իր ու­նե­ցածն ամ­բողջ դրաւ գան­ձա­նա­կին մէջ, ու ե­րա­նեց զայն։

«Ե­րա­նե՜ց… վասն­զի տե­սաւ զայն, ի՜նչ եր­ջան­կու­թիւն ար­դա­րեւ ի­րեն՝ այդ հէք կնոջ հա­մար, ե­թէ գիտ­ցած ըլ­լար թէ ո՜վ էր այն որ տե­սաւ զինք, եւ ե­թէ կրցած ըլ­լար հասկ­նար թէ ի՜նչ օրհ­նու­թիւն էր այն որ կ՚իջ­նէր ի­րեն՝ ա­նոր նա­յուծ­քէն միայն ու շուն­չէն։

«Բայց ին­չո՞ւ մութ ամպ մը կը ծած­կէ յան­կարծ իր դա­տու­մը, մինչ շրթնե­րուս վրայ կու գայ սա չար­չա­րող հար­ցու­մը.- Տե­սա՞ւ ան զմեզ եւս, երբ բո­լո­րա­նուէր անձ­նա­տուր ե­ղանք ի­րեն, երբ ազ­գո­վին ըն­ծա­յուե­ցանք պա­տա­րագ ող­ջա­կէզ իր սա­ղա­նին վրայ.- Տե­սա՞ր դուն զմեզ, Տէ՛ր, երբ մեր ա­նու­նը խառ­նուած Քու ա­նու­նիդ, ար­հա­ւիր­քէ ար­հա­ւիրք՝ կը վա­զէինք ա­մայք­նե­րու հե­ռա­ւոր ծայ­րե­րը… տե­սա՞ր եր­բեք մեր անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը՝ մի միայն Քու սի­րոյդ հա­մար…։

«Բայց կրնա՞յ մի­թէ վրի­պիլ որ եւ է բան Քու ա­մե­նա­տես նա­յուած­քէդ, որ գի­տէ թա­փան­ցել ու քննել նոյ­նիսկ մին­չեւ ե­րի­կա­մունք­նե­րուն խո­րը։ Օ՜հ, մեր դա­րա­ւոր հա­ւատքն է, յա­ւէտ ան­շէջ՝ մեր ան­մեռ հո­գի­նե­րուն մէջ, որ կ՚ը­սէ մե­զի թէ դուն տե­սար ար­դա­րեւ «գո­յիւ չափ» ինք­զինք­նիս Քե­զի զո­հա­բե­րե­լու մեր յօ­ժա­րու­թիւ­նը, ու ե­րա­նե­ցիր նոյ­նիսկ զմեզ, օրհ­նե­լով զմեզ՝ մեր նախ­նեաց հետ Քու կնքած ուխ­տին հան­դէպ մեր ցոյց տուած այս հա­ւա­տար­մու­թեան հա­մար։

«Կը հա­ւա­տանք, ա­յո՛, թէ օրհ­նու­թեանդ այդ շնորհն է որ մեր մէջ փո­խար­կուե­ցաւ զօ­րու­թեան մը, որ հա­կա­ռակ ա­հա­ւոր վտանգ­նե­րու, պահ­պա­նեց զմեզ գո­յու­թեան ա­մե­նէն մե­ծար­ժէք էու­թեան՝ մեր հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան կեան­քին մէջ։ Ա­նոր հա­մար է որ հա­ւա­քուած ա­հա յա­ւի­տե­նա­կան այն մա­տեա­նին առ­ջեւ, ո­րուն է­ջե­րէն հա­ճե­ցար Դուն ուղ­ղա­կի՛ խօ­սիլ մե­զի հետ, յի­շա­տա­կին առ­ջեւ այն սուրբ մար­դոց ո­րոնք գիտ­ցան այն­քան ի­մաս­տու­թեամբ եւ բա­րու­թեամբ ա­ռաջ­նորդ­նել զմեզ Քու ճշմար­տու­թեանդ ճամ­բուն մէջ, կու գանք մեր սի­րոյն, մեր յոյ­սին, մեր հա­ւատ­քին տուր­քը մա­տու­ցա­նել Քու ա­նու­նիդ եւ կամ­քիդ։

«Փա՜ռք Քե­զի»։

­Թոր­գոմ Պատ­րիարք Գու­շա­կեա­նի այս քա­րո­զը ցոյց կու տայ մե­զի այն ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ՝ պէ՛տք է ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մով ըն­ծա­յուիլ մեր  հա­ւատ­քին, մեր ի­տէա­լին, մեր նպա­տա­կին։ Այ­լա­պէս կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ ամ­բող­ջա­կան յա­ջո­ղու­թիւն, եւ միշտ պի­տի մնայ պա­կաս­ներ մեր հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր կեան­քին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 4, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016