ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ԴԵՍՊԱՆ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակուեցաւ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի բարի կամքի ազգային դեսպան Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան՝ Երեւանի արուարձաններէն Աւանի մէջ տեղակայուած Ֆութպոլի ակադեմիոյ համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն։ Այս առթիւ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանին այդ կոչումը շնորհուեցաւ Հայաստանի մօտ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռաթոչայի կողմէ։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան եւ պատանի մարզիկներ։ Կոչումը ստանալէ վերջ Հենրիխ Մխիթարեան պատասխանեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։
Միւս կողմէ, ողիմպիական ախոյեան ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային ընտրանիին կողմէ։ Խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան Արթուր Ալեքսանեանին նուիրեց հաւաքականի մարզաշապիկը։