ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բնո­րո­շել հա­մայն աշ­խար­հի օ­րա­կար­գը։ Ծա­նօթ է, որ Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Տա­նըլտ Թրամփ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ ու դար­ձաւ ԱՄՆ-ի 45-րդ ղե­կա­վա­րը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ո­րոշ չա­փով զար­մա­նա­լի հա­մա­րեց Թրամ­փին ար­ձա­նագ­րած յաղ­թա­նա­կը։ Ար­դա­րեւ, բո­լո­րը քիչ մը ա­ւե­լի հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րէին Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադրուած Հի­լը­րի Քլին­թը­նի ընտ­րուի­լը։ Բայց եւ այն­պէս, ա­մե­րի­կա­ցի ընտ­րող­նե­րուն ընտ­րու­թիւ­նով ար­դէն յայտ­նի դար­ձած է Սպի­տակ տան նոր տան­տէ­րը։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ աշ­խար­հի ղե­կա­վար­նե­րը ար­դէն սկսած են շնոր­հա­ւո­րել Տա­նըլտ Թրամ­փի ընտ­րու­թիւ­նը։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ միա­ցած է այդ շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րուն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց ԱՄՆ-ի ընտ­րեալ ղե­կա­վա­րին։ Ան ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քի յայտ­նի դառ­նա­լէն վերջ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ շնոր­հա­ւո­րեց Տա­նըլտ Թրամ­փը։ Ան­գա­րա նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հին ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ ընդգ­ծեց նաեւ իր սպա­սում­նե­րը՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման վե­րա­բե­րեալ։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Տա­նըլտ Թրամ­փին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016