ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ յա­ջորդ՝ 45-րդ նա­խա­գա­հը՝ Տա­նըլտ Թրամփ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Սպի­տակ տան մէջ։ Նա­խա­գա­հին եւ ընտ­րեալ նա­խա­գա­հին զրոյ­ցը տե­ւեց 90 վայր­կեան։

Թէեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի այս հան­դի­պու­մը ար­ժա­նա­ցաւ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան, սա­կայն ԱՄՆ-ի բազ­մա­թիւ մեծ քա­ղաք­նե­րէն ներս բո­ղո­քի ցոյ­ցեր տե­ղի կ՚ու­նե­նան Տա­նըլ Թրամ­փի դէմ։ Ցու­ցա­րար­ներ կը կրեն պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ կը գրեն, թէ Թրամփ ի­րենց նա­խա­գա­հը չէ։ Երկ­րի մե­ծա­գոյն նա­հան­գին՝ Գա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ ստո­րագ­րա­հա­ւաք մը սկսած է ԱՄՆ-էն դուրս գա­լու հա­մար։ Բնա­կա­նա­բար, ծայ­րա­յեղ հե­ռան­կար­նե­րը գրե­թէ ան­հա­ւա­նա­կան են, սա­կայն յե­տընտ­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին ու­շագ­րաւ։

Նա­խընտ­րա­կան շրջա­նին Թրամփ եւ Օ­պա­մա բա­ւա­կան խիստ ո­ճով ար­տա­յայ-տըւած էին ի­րա­րու դէմ, իսկ ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տը հիմ­նո­վին տար­բեր էր։ Մինչ այդ, մա­մու­լին մէջ կը շրջա­նա­ռուին նաեւ Թամ­փի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­ւա­նա­կան ան­դամ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2016