ՆԵՐՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Հոկ­տեմ­բե­րին Կա­զզէի մէջ ցոյ­ցեր տե­ղի ու­նե­ցան: Ցու­ցա­րար­նե­րը հան­դէս կու գա­յին Պա­ղես­տի­նի Նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ապ­պա­սի դէմ եւ կարգ մը մաս­նա­կից­ներ կ՚այ­րէին ա­նոր պատ­կեր­նե­րը:

Խոր­քին մէջ ցոյ­ցե­րը անս­պա­սե­լի չէին, յատ­կա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ Կա­զզէն կը գտնուի կրօ­նա­կան ա­րե­ւե­լում ու­նե­ցող եւ Պա­ղես­տի­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ ե­ղող «Հա­մա­ս» շար­ժու­մին տի­րա­պե­տու­թեան տակ: Սա­կայն ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պուած էր ոչ թէ «Հա­մա­ս­»ի, այլ՝ «Ֆաթ­հ» շար­ժու­մի կա­րե­ւո­րա­գոյն ղե­կա­վար­նե­րէն մէ­կուն՝ Մու­համ­մէտ Տահ­­լա­նի հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թեան հիմ­քե­րը դնող եւ Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թի հիմ­նադ­րած «Ֆաթ­հ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նուած է բա­ւա­կան ծանր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու մէջ:

Խնդի­րը կը բար­դա­նար, երբ 2015 թուա­կա­նին Նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ապ­պաս կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դէն կը հե­ռաց­նէր Մուհամ­մէտ Տահ­լա­նը: Ու հա­կա­ռակ Ա­պու Մա­զէ­նի (Ապ­պաս այս­պէս ծանօթ է) այդ քայ­լին, Տահ­լան կը շա­րու­նա­կէր իր քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ այ­սօր կը հա­մա­րուի Պա­ղես­տի­նի նա­խա­գա­հու­թեան գլխա­ւոր թեկ­նա­ծու­նե­րէն մին:

Պէտք է յի­շեց­նել, որ Սեպ­տեմ­բե­րին Պա­ղես­տի­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն՝ Ռա­մալ­լա­յի, Խան Եու­նէ­սի Գա­լի­լիոյ, Նապ­լո­սի, Ճը­նին, Թուլ Քարմ եւ Կա­զ­զէի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ՏԻՄ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը խա­փա­նուէին, ո­րուն գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներն էին:

Կա­զզէի ցոյ­ցե­րէն ետք, ո­րոնց մա­սնա­կից­նե­րը կը քննա­դա­տէին Ապ­պա­սը ոչ միայն ներ­քին գետ­նի վրայ առ­կայ անմխի­թար վի­ճա­կին, այլ նաեւ՝ ա­նոր Իս­րա­յէ­լի ղե­կա­վար­նե­րէն՝ Շի­մոն Փե­րէ­զի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լուն հա­մար։ Տահ­լան գոր­ծի կը մղէր իր խումբե­րը եւ ա­րա­բա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Գա­հի­րէի մէջ կը նա­խա­ձեռ­նէր «հա­մա­ձայ­նու­թեա­ն» ժո­ղո­վի մը: Ու հա­կա­ռակ առ­կայ նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան, Ապ­պա­սի պա­տուի­րակ­նե­րը դի­տում­նա­ւոր կեր­պով կը բա­ցա­կա­յէին այս սպա­սուած ժո­ղո­վէն:

Ի՞նչ էր Տահ­լա­նի ծրա­գի­րը:

Պա­ղես­տին­ցի գոր­ծի­չը, որ Հոկ­տեմ­բե­րին խօ­սած է Գա­հի­րէէն սփռուող «Տրիմ Թի. Վի.»էն՝ յայ­տա­րա­րած է, որ ի­րեն հա­մար կա­րե­ւո­րը նա­խա­գահ դառ­նա­լը չէ, այլ «Ֆաթհ» կու­սակ­ցու­թեան այս վի­ճա­կէն դուրս գա­լը:

Պա­ղես­տի­նեան խնդրին մօ­տէն հե­տե­ւող­­նե­րուն հա­մար Տահ­լան այ­սօր կը հան­­դի­սա­նայ այդ հար­ցին հե­տե­ւող «ա­րա­բա­կան կե­ցուած­ք­»ի մը ընդ­հա­նուր կրո­ղը: Այ­սինքն Գա­հի­րէի, Ամ­մա­նի, Ռիա­­տի եւ Քա­թա­րի հո­վա­նիով Պա­ղես­տի­նի հար­ցե­րուն լու­ծում բե­րող ընդ­հա­նուր նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ պա­ղես­տի­նեան հար­ցը այ­սօր յայտ­նուած է բա­ւա­կա­նին բարդ դրու­թեան մը մէջ: Իս­րա­յէ­լի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը գտնուին սա­ռած վի­ճա­կի մէջ, «Հա­մա­ս»-«Ֆաթ­հ» տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լիով սրած են, երկ­րի տնտե­սա­կան վի­ճա­կը դար­ձած է անմ­խի­թար: Ա­րա­բա­կան ո­րո­շիչ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն հա­մար այս բո­լո­րին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն Նա­խա­գահ Ապ­պասն է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­մէն ճիգ կը գոր­ծադ­րէ յե­տաձգե­լու հա­մար նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւնն­րը: Ան ներ­քին ի­մա­տով ալ կորսն­­ցու­ցած է իր օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ կորսն­ցու­ցած ՝ «ա­րա­բա­կան նե­ցու­կ­»ը:

Այս ա­ռու­մով ալ Տահ­լան կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս ա­րա­բա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն վա­յե­լող ղե­կա­վար մը, ո­րուն հիմ­նա­կան նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ հար­թել «Ֆաթ­հ­»ի հար­ցե­րը ու ա­ւե­լի՛ն. ստեղ­ծել հա­մա­պա­ղես­տի­նեան ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու նոր գե­տին մը:

Իր կար­գին, Ապ­պաս, որ ու­նի եւ­րո­պա­կան ո­րոշ նե­ցուկ, կ՚ու­զէ ա­մէն գնով շա­րու­նա­կել իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը եւ իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­նա­լու նա­խա­պայ­ման դրած է Տահ­լա­նի նա­խա­գահ չդառ­նա­լու խնդի­րը:

Քիչ չեն այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը, ո­րոնք կը հա­ւա­տան, թէ պա­ղես­տի­նեան ու յատ­կա­պէս ներ­պա­ղես­տի­նեան հար­ցե­րու լուծ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­նա­լին կը գտնուի Գա­հի­րէի, հե­տե­ւա­բար Նա­խա­գահ Ապ­տըլ Ֆաթ­թահ Սի­սիի մօտ:

Ի հե­ճուկս Սի­սիի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, իշ­խա­նա­զուրկ ե­ղած եւ ներ­կա­յիս բան­տար­կուած ղե­կա­վար Մու­համ­մէտ Մուր­սի ծանր մե­ղադ­րանք­ներ հնչե­ցու­ցած է Տահ­լա­նի հաս­ցէին եւ զայն նկա­տած՝ ե­գիպ­տա-պա­ղես­տի­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը փճաց­նող ան­ձնա­ւո­րու­թիւն: Նա­խա­գահ Սի­սիի հա­մար սա­կայն այդ­պէս չէ, ու մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու բան­բեր­նե­րու կար­ծի­քով՝ Տահ­լան կը հա­մա­րուի Սի­սիի ա­մե­նէն վստա­հե­լի գոր­ծա­կի­ցը:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ Տահ­լա­նի ան­մի­ջա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ե­գիպ­տա­ցիք կա­րո­ղա­ցան ի­րենց ամ­բող­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նել Ռա­ֆահ-Կա­զզէ բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը: Այդ ձե­ւով կտրե­լով դէ­պի Կա­զզէ զէն­քեր ուղ­ղար­կե­լու բո­լոր մի­ջոց­նե­րը եւ այդ­պէ­սով գո­հա­ցում պատ­ճա­ռե­լով Թել Ա­ւի­ւին:

 Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին դի­մաց ան­մի­ջա­պէս յստակ կը դառ­նայ, որ պա­ղես­տի­նեան խնդրի, ո­րե­ւէ կար­գա­ւոր­ման փորձ յա­ռաջ պի­տի մղուի բա­ցա­ռա­պէս՝ Գա­հի­րէի ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կով: Եւ ներ­պա­ղես­տի­նեան գետ­նի վրայ կա­տա­րուող այս ընդ­հա­նուր խմո­րում­նե­րը պէտք է դի­տար­կել ա­րա­բա­կան կող­մէն խնդրին լու­ծում­ներ տա­լու ընդ­հա­նուր փոր­ձե­րու տե­սա­դաշ­տին մէջ:

Այս խմո­րում­նե­րու լոյ­սին տակ Կա­զ­զէի մէջ կա­րե­ւոր գե­տին ու­նե­ցող «Իս­լա­մա­կան ճի­հա­տ­»ը օ­րեր ա­ռաջ նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ մը հան­դէս ե­կաւ: Ճա­կա­տը կ՚ա­ռա­ջար­կէր նոր էջ մը բա­նալ «Հա­մա­ս­»ի եւ «Ֆաթ­հ­»ի մի­ջեւ: Տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ու­նե­ցող եր­կու կող­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ «Հա­մա­ս­»ի կող­մէ Մահ­մուտ Զահ­հար եւ «Ֆաթ­­հ­»ի կող­մէ Ժըպ­րիլ Ալ Ռա­ժուպ դրա­կան հա­մա­րե­ցին նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ նկա­տել տուին, որ եր­կու կող­մե­րը ի­րա­րու կա­րիք ու­նին եւ պէտք է ա­րա­գօ­րէն լու­ծեն՝ ի­րենց մի­ջեւ առ­կայ խնդիր­նե­րը:

Ան­շուշտ ար­մա­տա­կան կողմ հա­մա­ր-ւող «Իս­լա­մա­կան ճի­հա­տ­»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեան մէջ Գա­հի­րէին վե­րա­պա­հուած դե­րին մա­սին խօ­սի­լը ա­ւե­լորդ է եւ այդ մէ­կը բա­ւա­րար պատ­ճառ է հա­մա­րե­լու, որ այս քայ­լը ինք­նին «մե­ռեալ ծնուն­դ» է:

Այս ըն­թացք­նե­րը կա­պուած են շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող փո­փո­խու­թիւն­նե­րէն եւ բնա­կա­նա­բար գե­րու­ժե­րու՝ պա­ղես­տի­նեան հար­ցին ա­ռըն­թեր ու­նե­նա­լիք մօ­տե­ցում­նե­րէն:

Ար­դեօք այդ ու­ժե­րը Գա­հի­րէին պի­տի վստա­հի՞ն շրջա­նին ու յատ­կա­պէս Պա­ղես­տին-Իս­րա­յէլ հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար նոր կար­գա­ւո­րում մը պատ­րաս­տե­լու ծանր դե­րը: Ե­թէ ա­յո, ա­պա այդ պա­րա­գա­յին յստակ է, որ Գա­հի­րէի ներպա­ղես­տի­նեան կար­գա­ւո­րում մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ճի­գե­րը պտուղ պի­տի տան ու այս ա­ռու­մով չէ բա­ցա­ռուած, որ Մու­համ­մէտ Տահ­լան յա­ջորդ հանգը­ր-ւա­նին ստանձ­նէ կեդ­րո­նա­կան դեր մը:

Այդ դե­րին ա­ռա­ջին կէ­տը «Ֆաթ­հ­»ի «ա­ռող­ջա­ցու­մ»ն ու ղե­կը ստանձ­նելն է։ Ա­պա «Ֆաթ­հ»-«Հա­մա­ս» հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու նոր փու­լի մը ձեռ­նար­կե­լը, որ­մէ ետք է միայն, որ ըն­թացք պի­տի առ­նեն Իս­րա­յէ­լի հետ կար­գա­ւո­րում­նե­րը:

Բացի այս բո­լո­րէն, պէտք է ան­պայ­ման շեշ­տել, որ այս ի­րա­վի­ճա­կէն գլխա­ւոր օգ­տուո­ղը Թել Ա­ւիւն է, ո­րուն հա­մար թոյլ պա­ղես­տի­նեան ճա­կա­տի մը գո­յու­թիւ­նը ոչ միայն նպա­տա­կա­յար­մար՝ այլ նաեւ ա­ռանց­քա­յին է:

Հար­ցու­մը, որ կը դրուի այս պա­հուն հե­տե­ւեալն է. ար­դեօք Գա­հի­րէ եւ յատ­կա­պէս Նա­խա­գահ Ապ­տըլ Ֆա­թահ Սի­սի պի­տի կա­րո­ղա­նա՞յ իր ու­նե­ցած ռուս-ա­մե­րի­կեան նե­ցու­կով կար­գի բե­րել ներ­պա­ղես­տի­նեան բա­ւա­կան քայ­քա­յուած վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նուած «տու­ն­»ը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2016