ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առկայ մարտահրաւէրներուն։
Արցախի թեմէն երկու նորաօծ քահանայ հայրեր երէկ այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վաղը՝ հոգելոյս Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան պիտի ոգեկոչուի իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Հաւատացեալ ժողովուրդը կը շարունակէ սրտին մէջ կրել սէրը հոգելոյս սրբազանին նկատմամբ, որ անժամանակ բաժնուեցաւ կեանքէն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովը վերջերս առցանց նիստ մը գումարեց՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Հեռավար ժողովներուն ատենապետեցին Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան եւ Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը միաբաններ կոչուեցան նոր պաշտօններու։
Հայց. Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնները նոր բովանդակութիւն կը ստանան՝ գործակցութեան արդի օրակարգով:
Երէկ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Անթիլիաս, տեղի ունեցաւ ժամերգութեան մասնաւոր արարողութիւն։ Հոգեպարար այս արարողութեան նախագահեց Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, իր շուրջ ունենալով եպիսկոպոսներ եւ միաբանութեան անդամներ։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ*
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Նագգաշեան մանուկներու տուն» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի մանկավարժներն ու շրջանաւարտները։ Հարկ է նշել, որ այս կեդրոնը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։