«ԱՋԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ» ԾՐԱԳՐԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ԿԱՅՔԷՋ ՄԸ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան յայտարարեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը պէտք է շարունակուի աշխարհասփիւռ հայութեան հանգանակութիւններուն շնորհիւ։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Այս շաբաթավերջին քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն. այսպէս՝ Տեառնընդառաջ, Բուն Բարեկենդան եւ երկուշաբթի, փետրուարի 15-ին Մեծ պահք։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։
Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակութեան առթիւ արարողութիւններ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ողջոյն,
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմէն ներս երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, նորանշանակ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը Ստեփանակերտի մէջ։
ՀԵՀԵՄ կը կարեւորէ եկեղեցւոյ եւ նոր սերունդի միջեւ առողջ կապի ձեւաւորուիլը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախընթաց օր Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի նոր ու նախկին առաջնորդները։