15 ՅՈՒԼԻՍ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Ձախող պետական հարուածի տխուր տարելիցին ամբողջ երկիրը կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ ազգային կամքը պէտք է ըլլայ այն միայն ու բացառիկ գործօնը, որ ուղղութիւն կու տայ ամէն ինչին։
Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի միջազգային հարցերով աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վելայէթի յայտարարեց, որ Թեհրան եւ Մոսկուա պէտք է զգօն ըլլան ՆԱԹՕ-ի դաւադրութիւններուն եւ Հարաւային Կովկասի ապագային վերաբերեալ։ «Թասնիմ» գործակալութեան կողմէ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարը անդրադարձած է Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը իրարու կապելու ուղղեալ ջանքերուն։
Պաշարեալ Արցախէն կը շարունակեն հասնիլ մտահոգիչ լուրեր, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած նոր յարձակումներով հանդերձ։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը, Ռուսաստանն ու Հայաստանը դիտորդի կարգավիճակով կողքէն կը նային, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ։
Հայաստան-ԱՄՆ գործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ՝ տարածաշրջանային իրադարձութիւններով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի տեսակցի Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Հանդիպման ընդառաջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՚աջակցի ամէն տեսակ շինիչ միջնորդութեան, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութիւն կրնայ ապահովել։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտներ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գերմանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը երէկ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ:
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Էրտողան յիշեցուց, որ ռուս խաղաղապահները պէտք է մինչեւ 2025-ը մնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց դէպի Վիլնիուս ուղեւորութիւնը։ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր ան ունեցաւ բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներ։