ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՌԻԹ ՅՈԲԵԼԵԱՆ. ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ
Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։
Վարչապետի պատգամէն վերջ, արդարադատութեան նախարարին յստակացումը կը հաստատէ պնդումները:
Միջազգային օրակարգը այս շրջանին կը բնորոշուի՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւններով, նաեւ հաւանականութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած տեղաշարժը կը ձեւաւորէ կլոպալ նոր կլիմայ մը։
Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ղեկավարներու ձեւական դատավարութիւնները, որոնք վերածուած են՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դարձեալ հացադուլի սկսած է։
Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը անդրդուելի կը մնայ՝ «3+3» հարթակի աշխատանքներուն չմասնակցելու դիրքորոշման մէջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր յայտնած էր, թէ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած այս խորհրդատուական հարթակի դուռը միշտ բաց կը մնայ Վրաստանի առջեւ։
Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին արկածահար դարձաւ՝ երէկ պատահած ցաւալի դէպքի մը հետեւանքով։ Մինչ, Երեւանի մէջ կը տիրէ խստաշունչ ձմեռ՝ դեսպանի պաշտօնական ինքնաշարժը երէկ արկածի մը ենթարկուեցաւ։
Ամերիկեան «Newsweek»ը վերջերս տեղեկացուց, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ունի Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու բացառիկ հնարաւորութիւնը. բան մը, որ չըրաւ նախկին նախագահ Ճօ Պայտըն։
Հայաստանի կառավարութիւնը հանրաքուէ կազմակերպելու հետամուտ՝ նոր սահմանադրութեան մը ընդունման համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ՝ Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հարաւային Ափրիկէ, որ ներկայիս Մեծն քսանեակի (G20) շրջանային նախագահն է։