«ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՊԷՏՔ Է ՄՈՌՆԱՅ ՆԱԹՕ-Ն»
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուքրայնա կրնայ մոռնալ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը։ Ան այս հանգամանքը ընդգծեց՝ բիւրեղացնելով այն հաւանական զիջումները, որոնք Ռուսաստանին կրնան տրուիլ՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման համար։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ, գահասրահի երդիքին տակ շուրջ երկուքուկէս ժամ ուղիղ եթերով զրուցեց պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց նկատառման յանձնեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի թէժ օրակարգի գրեթէ բոլոր հարցերուն վերաբերեալ մանրամասն խորհրդածութիւններ՝ ժողովրդագրական մռայլ հեռանկարներով պայմանաւորուած ահազանգային համայնապատկերին վրայ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւը, որ նախօրէին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ հանդիպած էր։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոյի հետ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն. պոռթկում դիտումնաւոր արշաւի հանդէպ:
Էրտողան Լաւրովի նկատառման յանձնեց, որ նոր գործընթացին պէտք է ներգրաւել նաեւ Քիեւը:
Տանըլտ Թրամփ եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն Սպիտակ տան մէջ շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հաշտութիւնը:
Հայաստան եւ Իրան հետամուտ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ