«ՔՈՎԻՏ»Ը, ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՒ ՄԵՆՔ. ՀԵՌԱՎԱՐ ԶՐՈՅՑ՝ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՐԱՖՖԻ ԱՃԷՄԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Րաֆֆի Աճէմեանին հետ մեր ծանօթութիւնը կու գայ վաղ 90-ականներէն։ Նոր մտած էինք «գրական ասպարէզ» կոչուած «պարտէզ»ը, որ երբեք «ասպարէզ» մը չդարձաւ ու ցագ ու ցրիւ էջեր կ՚ուղարկէինք Միացեալ Նահանգներ հրատարակուող «Բաց նամակ» հանդէսին։