Հարթակ

ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս Երեւանի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ Պսակի արարողութեան մը մասնակցեցայ:
«Սովորութեան» համաձայն՝ մինչեւ փեսային ու հարսին եկեղեցի գալը, եկեղեցին վերածուած էր ժամադրավայրի մը, ուր երկար ժամանակ զիրար չտեսնող մարդիկ, այդ ուրախ առիթով մէկ մէկու քով հաւաքուած էին եւ ի՜նչ բաներու մասին ըսես՝ կը խօսէին:

ՀՐԱՅՐ ԶԱՔԱՐԵԱՆ. ՍՓԻՒՌՔԻ ԵՐԳԻ, ՌԱՏԻՈԺԱՄԻ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ես ոչինչ ունէի, երբ առաջին անգամ Ամերիկա ոտք դրի... ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ ուղղութիւն եւ ոչ մէկ ճանապարհ, եղան պահեր, երբ առանձինս քալեցի ու վիճակիս վրայ լացի...»։ Ահա՛, այս բառերով կ՚արտայայտուի Հրայր Զաքարեան, որ հակառակ անցուցած դժուար օրերուն, ի վերջոյ կարողացած է ոչ միայն իրեն համար ապահով երդիք մը կերտել, այլ նաեւ դառնալ հայ երգի ջատագովներէն մին։

Ո՞ՒՐ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ…


ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Օրերս «Տարաժ» հանրայայտ հարթակին վրայ իր ստորագրած յօդուածով փորձագէտ Վիգէն Չթըրեան գրած է, որ Ատրպէյճան Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրները կը բերէ Հարաւային Կովկաս։ Յօդուածը, որ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տարբեր փուլերը՝ պատկերը հասցնելով մինչեւ մեր օրերը, կը վրիպի կարեւոր հարցով մը եւ ճիշդ այդ վրիպումն է, որ «վերածուած» է վերնագրի։

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ...

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խօսքս սփիւռքեան համբերութեան մասին է, որ այս օրերուն արդէն իսկ անոր բաժակը լեցուած է:  Անկեղծօրէն այս մասին գրելու շատ բան կայ: Նաեւ կ՚ուզեմ խօսիլ շատ մը այլ «բաներու» մասին:

ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մենք գիտենք, որ կենդանաբանական պարտէզ երբ այցելենք, վայրի կենդանիները պիտի տեսնենք վանդակներու եւ կամ արգելափակուած միջավայրերու մէջ։ Այս միջոցները առնուած են այցելուներու ապահովութեան համար։

ԿԱՆԱՉԸ

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Կինը կեցաւ այգիին մէջ։
Վերերէն իրեն կը նայէր դեղին քարով կազմուած լուսին մը։

ՄՏԵՐՄՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՇԱՀԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ ամէն ինչ սկսած է հասկցուիլ եւ ըմբռնուիլ իր իմաստէն հեռու, յաճախ նոյնիսկ իմաստին հակառակ, եւ շա՜տ յաճախ ըստ հաճոյքի, կամ աւելի ճիշդ՝ ըստ այդ հասկացողութենէն եկած շահին, օգուտին:

Էջեր