ՍԷՐԸ
ԲՐՇ. ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ԱՍԼԱՆԵԱՆ
«Գլուխը պատուիրանին սէր է, ի սուրբ սրտէ եւ
ի մտաց բարեաց եւ յանկեղծաւոր հաւատոց»
Այս գեղեցիկ մտածումը առնուած է Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի գրած առաջին նամակի առաջին գլուխէն։
ԲՐՇ. ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ԱՍԼԱՆԵԱՆ
«Գլուխը պատուիրանին սէր է, ի սուրբ սրտէ եւ
ի մտաց բարեաց եւ յանկեղծաւոր հաւատոց»
Այս գեղեցիկ մտածումը առնուած է Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի գրած առաջին նամակի առաջին գլուխէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յուլիսին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր «Այն ալ թինէ»ի նստավայրէն ներս կ՚ընդունէր երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը: Հանդիպման ներկայ կ՚ըլլար Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ կողմերը հանդիպման աւարտին լրագրողներուն խօսելով, չէին թաքցներ մամուլին կողմէ աւելի վաղ «կարեւոր» համարուած հանդիպման բուն նպատակը:
ՆԱԶԱՐԷԹ
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16-ի օրը կը նշենք ծնըն-դեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ հայրենասիրական-ազատագրական վերածնունդին գլխաւոր քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն Ծերենցի (Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, 1822-1888)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպցի երգիչ Փօլ կ՚ապրէր մեր հարեւանութեամբ: Անոր ձայնը հեղեղի պէս կը տարածուէր Պուրճ Համուտի բոլոր հին ու նոր թաղամասերու անցքերէն: Մեր կեանքի պատմութեան մէկ օղակն էր Փօլը, որուն չէինք ուզեր կարեւորութիւն մը տալ պարզ անոր համար, որովհետեւ անոր ճակտին փակցուցած էին «Ալա թուրքա» երգիչի պիտակը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կիրակին հանգիստի միակ օրս է: Կը մնամ փակուած տան մէջ. եթէ հարկաւոր չեմ... բայց այս Կիրակին երիտասարդուհիի մը տարելիցին պարտականութիւն կատարած ըլլալու գոհունակութեան հետ, եկեղեցիի խունկի բոյրը, մեղմօրէն մաշող մոմերու խորհրդաւորութիւնը, սեւազգեստ մայրերու եւ քոյրերու ներկայութիւնը, հոգեհանգստեան շարականով ալ զիս պիտի վերացնէր կոչնակի զանգէն ետք...։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կարգ մը մանկական խաղեր կարծես կը բացայայտեն խոշոր ճշմարտութիւններ: Այսպէս, մանկութեանս՝ երբ տուները այսքան խիտ չէին, ընդհանրապէս դպրոցական ազատ պահերը մօտակայ փոքր ու մեծ դաշտերու մէջ կ՚անցընէինք եւ հոն զանազան խաղերու ենթակայ տղաք կ՚ըլլային. ամէն ոք իր նախընտրութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ մէկէ աւելի հեղինակաւոր արաբատառ թերթեր վերջին օրերուն ռումբի նման «պայթեցուցին» այն լուրը՝ Էրտողան-Էսատ հաւանական հանդիպման մը մասին: Շրջանառուող լուրերուն համաձայն, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Դժբախտաբար մարդ արարածը իր լինելութեան ճամբուն վրայ է տակաւին ու դեռ «հեռու է» ցանկալին, մինչ այդ պայքարը կը շարունակուի անասնական հունով, իրար յօշոտելու, իրաւունք կորզելու, ունենալու եւ ա՛լ աւելի ունենալու մարմաջով տարուած. ահա ունինք այսօրուան աշխարհը, որ արդէն բռնկած վառօդ մըն է ու ո՞վ պիտի մարէ զայն, եւ ո՞վ կրնայ...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղցիք նշեցին անկախութեան 25-րդ տարեդարձը: Տարբեր հանգամանքներու տակ կը նշուէր այս տարուան տօնը եւ այդ մէկը պայմանաւորուած էր մի քանի պարագաներով:
Հայութեան առընչութիւնը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (ՊԱՀ) արդէն աւելի քան հարիւրամեայ պատմութիւն մը ունի: Դեռ Եղեռնէն իսկ առաջ, թէ՛ կիլիկիահայ եւ թէ արեւմտահայ ուսումնատենչ երիտասարդներ ուսանելու կը ղրկուէին կամ կու գային այն ատեն Սիրիըն Փրոթեսթընթ գոլըճ կոչուող այս երախտաշատ հաստատութիւնը: