Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ վերջին օրերուն Արցախի ճակատին վրայ պատահած սադրանքներով Ատրպէյճան անգամ մը եւս ի ցոյց կը դնէ իր արհամարհանքը միջնորդներու առաջարկներուն հանդէպ։ Մեկնաբանելով սահմանագծի երկայնքով իրավիճակի լարուածութիւնը՝ Նալպանտեան արտայայտեց այն համոզումը, թէ Պաքու հերթական անգամ ցոյց տուած է, որ ինչպէս կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հասցէական կոչերուն՝ խստօրէն հետեւելու հրադադարի պահպանման եւ զերծ մնալու իրավիճակը սրող քայլերէ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այցելութիւն մը կու տայ Նիւ Եորք, ուր կը մէկտեղուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի յառաջատար ելմտական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ կը մէկտեղուի Ահմէտ Տավուտօղլու, որ տեսակցութիւններ կ՚իրականացնէ ներդրողներու եւ տնտեսագէտներու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պան Քի Մունի հետ հանդիպման ընթացքին Տավուտօղլու կ՚անդրադառնայ Կիպրոսի հիմնախնդրին, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրայնոյ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ շարք մը հիմնահարցերու։
Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի համագործակցութիւնը թափով կը զարգանայ՝ աստիճանաբար ստանալով ռազմավարական բնոյթ։
Ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկկողմանի այժմու յարաբերութիւնները կ՚ընդլայնուին Ատրպէյճանի մասնակցութեան հեռանկարներով։