Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայէլ Միշուսթին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին Մոսկուա-Պաքու ռազմավարական գործընկերութեան ընթացիկ հարցերը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն երբեք չէ կապած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հաւանական ստորագրումը՝ Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի՝ COP29-ի կազմակերպման հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ֆրանսահայ համայնքը զրկուած է իր տիրական դէմքերէն՝ Կարպիս Ափրիկեանէն, որ 98 տարեկան հասակին կնքած է մահկանացուն։ Վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի մահը խոր ցաւ յառաջացուցած է ֆրանսահայ շրջանակներէն ներս։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թրքահայ գիտնական փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու դարձաւ Նոպելի տնտեսութեան մրցանակի դափնեկիր։ Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու Նոլպելեան մրցանակը նուաճեց՝ Սայմըն Ճոնսընի եւ Ճէյմս Ռապինսընի հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը բազմակողմանի աշխատանքի եւ ծաւալուն քննարկումներու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած մեծ հաւաքը զանազան խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ քանի ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձ կատարուեցաւ այնպիսի հիմնահարցերու, որոնք այժմ հրատապ առաջնահերթութիւն կը համարուին հայութեան օրակարգին վրայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսում ստանալէ վերջ երկար տարիներ ծառայած էր Հայաստանէ ներս։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարեմուտին «Մարալ»ի ելոյթը նախատեսուած է «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Սպանիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացէն ներս երկու երկիրներու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումները այս շրջանին իրարու կը յաջորդեն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերներէն Էֆրիմ Տեմիրճին եւ Կիւլպենկ Չաքարը։ Անոնց միացած էին նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Թոփլաճը Շիրինօղլու եւ տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը մեր ներկայ ժամանակներուն ամենաշատ արծարծուած, ամենաշատ խնդրայարոյց, ամենաշատ ապարդիւն համագուրմարներ կազմակեպելու առիթ հանդիսացած, ամենաշատ՝ չըսելու համար ծայրայեղօրէն զիրար չհասկցող ու չըմբռնող երկու բեւեռներն են, որ մեզմէ շատերուս առօրեան «լեցնեն», «անգործութեան» չմատնելու համար մեզ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասի» Հայաստանի օրէնքին համաձայն՝ հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը կը նշուի իբրեւ Երեւանի տօն: Այս շրջանին Երեւանը օրեր շարունակ զարդարուած կ՚ըլլայ բազմազան գոյներով եւ պատուած՝ տօնական շունչով:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկացի յայտնի գիտնական ու ձեռներէց Ճոզըֆ Նայ հետամուտ է, որ մարդը ըլլայ օղակին վրայ:
Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան մրցակցութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ, որ համայն մարդկութիւնը լուրջ վտանգներու ենթարկուի: Ճարտարագիտութիւնը աւելի արագ կ՚ընթանայ քաղաքականութեան կամ դիւանագիտութեան բաղդատմամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, հապա ամէն օր Տիրոջը վախին մէջ եղիր: Վասն զի իրաւցնէ վախճան մը կայ ու քու յոյսդ պիտի չկտրի» (Առ 23.17-18):

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հայոց ինքնուրոյն գրականութեան առաջին հեղինակ հանդիսացաւ Ս. Սահակ Պարթեւ, որ բացի Սուրբ Գիրքի թարգմանութենէն՝ թողած է մի քանի ուրիշ նամակներ՝ դաւանաբանական եւ այլ բովանդակութեամբ, եւ «Գիր աւանդութեան եւ կանոնք» կոչուած ընդհանրական նամակներ՝ որոնց մէջ մանրամասն կը խօսի Եկեղեցիի ուխտի փոխադարձ յարաբերութեան եւ պարտականութիւններու մասին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ երբեւէ ձեր ներաշխարհին մէջ զգացած էք պայքարը յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան, տեսած խորտակումը վիշտի գոյութեան եւ յանկարծակի փլուզումը լաւատես ապրումներուն՝ ուրեմն մարդ էք: Յոռետեսութիւնը արդիւնքն ու ծնունդն է ցաւագին զգացումներու, մինչ լաւատեսութիւնը ձգտումը վշտին գոյութիւնը ուրանալու եւ մեղմացնելու եւ այս անվերջ պայքարը հայելին է կեանքին, որուն ինչութիւնը կը շարունակուի մնալ հարցականի տակ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Հայաստանէն եօթնամեայ դաշնակահարուհի Անի Մելիքեան արժանացաւ երիտասարդ դաշնակահարներու միջազգային առաջին բացարձակ մրցանակին։ Իտալիոյ Պարի քաղաքին մերձակայ Աքուաւիւա տելէ Ֆոնթիի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ երաժիշտներու «Colafemmina Piano» ութերորդ միջազգային մրցոյթը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Ատրպէյճանը զգուշացուց՝ տարածաշրջանէն ներս օտար պետութիւններու հաստատման կամ ներթափանցման հաւանական հետեւանքներուն դէմ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փեզեշքիան Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետը ընդունելու ժամանակ շեշտեց, որ որեւէ պետութեան ինքնիշխանութիւնը պէտք չէ անտեսուի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Մակեդոնիան, որու դիմաց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց։ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի ազգերու լիկի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ կլոպալ փոփոխութիւնները «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին համաշխարհային նշանակութիւն կը վերագրեն։

Էջեր