Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը եւ կատարելութիւնը, բայց ան Արարչին ձեռքերէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Այս կը նշանակէ, որ տակաւին տիեզերքը եւ, անշուշտ, մարդկութիւնը կը շարունակէ բարեփոխուիլ եւ ուրեմն արարչագործը ընթացքի մէջ է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Փրկութեան լուծումը հետեւեալն է. պէտք է նորէն աքսորուինք. այն ազգը՝ որ ունի ծարաւ, թող պահ մը որպէս խնդրանք աքսորէ հայութիւնը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Եկէք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
Ո՞վ կրնայ տալ մէկուն սրտի խաղաղութիւն, մտքի հանդարտութիւն, յաւիտենական ապահովութիւն, բայց եւ միայն Յիսուս։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մահը մեզի համար կը շարունակէ մնալ խորհրդաւոր ու անծանօթ զգացողութիւն մը, որուն համար բարոյականութեան առաջին փիլիսոփան՝ Սոկրատես իր գաղափարախօսութեան մէջ կ՚ըսէր. «Ո՛չ ոք գիտէ մահուան ժամը։ Իմաստուն է ան՝ որ խաղաղ սիրտով կը դիմաւորէ զայն». սակայն, այդ ժամի անգիտութիւնն է որ իր մէջ կը թաղէ շատ մը խօսքեր, շատ մը զգացումներ՝ որոնք կը մնան թաղուած ժամանակի անհրապոյր շիրիմին մէջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին յառաջիկային Թուրքիան պիտի միացնէ TRIPP-ին, որ պիտի անցնի Հայաստանով:
Անգարայի կողմէ շինարարութեան ձեռնարկուած այս նոր գիծը կը մատուցուի՝ որպէս «Զանգեզուրի միջանցք»ի մաս, ինչ որ պատճառ կը դառնայ Երեւանի հակազդեցութեան: Ծրագրի ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 2,4 միլիառ եւրօ, երկարութիւնը պիտի կազմէ 224 քիլօմեթր:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը այս օրերուն խոշորացոյցի տակ է՝ Կապանի մէջ կազմակերպուած տարեկան դեսպանահաւաքով։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայի, արտասահմանեան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու տարեկան հաւաքը շաբաթավերջին ընթացք առաւ՝ պետական աւագանիի մասնակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Անցեալ շաբթուընէ ի վեր ցնծութեան մէջ եմ։ 
Իս՛կապէս. Մէկ կողմ դրի բոլո՜ր անտեղի մտահոգութիւններս, բոլոր անիմաստ հարցումներս, վախերս։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արաբական բեմի աստղերը եւ նշանաւոր կիներ մէկը միւսի ետեւէն կը հագուին հայ արուեստագէտ, ձեւագէտ Գրիգոր Ճապոտեանի յօրինած զգեստները։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Վերջին տասնամեակներուն, ընկերային ցանցերը դարձած են մարդկային փոխյարաբերութիւններու առանցքային միջոցներէն մէկը։ Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ, Էքս (նախկին Թուիթըր), ԹիքԹոք եւ այլ համացանցային հարթակներ՝ մարդիկը իրարու հետ կապի մէջ կը պահեն վիրթիւէլ տարածութեան մը մէջ, ուր սահմանները, ժամանակը եւ նոյնիսկ՝ դէմ առ դէմ շփումի պակասը նոր տեսակի հաղորդակցութիւններու եւ յարաբերութիւններու սկիզբ կը դնեն։

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անշուշտ, որ գիտութիւնը անվիճելի արժէք մը եւ զօրութիւն մըն է մարդուս համար։ Գիտութիւնը շատ բան կը բարեփոխէ մարդուս կեանքին մէջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Արեւելք» թերթը իր ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 1931-ի թիւին խմբագրականին մէջ կը գրէր հետեւեալ դժբախտ տողը. «Նոր սերունդը ցաւալի է ըսել, որ բաւարար ծանօթութիւններ չունի անցեալի մասին.

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Այս գրութեամբ եւս կը շարունակենք նկարագրել Նիւ Եորքը։ Եւ այսպէս, երբ դրամատիրութեան ծաղկումը կ՚արշաւէ գեղեցկօրէն ու անհասնելի է դաւանանքներուն ու համակարգներուն, իսկ դուն չես յեղափոխանար, այդ մէկը կը պատգամէ Նիւ Եորքը իր հոգիով ու սէրով, իր անցուդարձով ու մարդոց կերպարագործմամբ:

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Լեւոն Մոզեան, հայ գրող, ծնած է Շապին Գարահիսար, 5 ապրիլ 1890 թուականին:

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարածաշրջանէ ներս Թեհրանի ազդեցութեան լծակները կը սահմանափակուին. Երեւանի համար անանտեսելի: Իրան-Լիբանան յարաբերութիւններու թէեւ Մերձաւոր Արեւելքին կը վերաբերի, սակայն, կը ցոլանայ Հարաւային Կովկասի վրայ:

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

​Ֆրանսիս Քիւրքճեան հանդէս կու գայ անհատական ցուցահանդէսով մը։ Այսպէս, Փարիզի «Palais de Tokyo»ի մէջ, 29 հոկտեմբեր-23 նոյեմբեր թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ ականաւոր օծանելիքագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի ցուցահանդէսը՝ «Parfum, Sculpture de l՚invisible» («Օծանելիք, անտեսանելիի քանդակ») խորագրով։

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը: Նախաստորագրումը տակաւին իրաւականօրէն ուժի մէջ չի դներ փաստաթուղթը:

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 Տարիներ առաջ, Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուած ու այս հսկայ երկիրը հաստատուելով երբ հազիւ տուն տեղ եղած էինք, յանկարծ ակամայ, գործի պայմաններու բերումով, իբրեւ մէկ ընտանիքի հարազատներ՝ եղբայրներով իրարմէ կը բաժնուէինք:

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025

Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը եւ ի­րա­կան աշ­խար­հը ու­նին հիմ­նա­կան նմա­նու­թիւն մը. ա­մէն ինչ՝ լաւն ու վա­տը, մէջ մէ­ջի է։
«Կեան­քը մեր բո­լոր նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­գու­մարն է», կ՚ը­սէ, իր կար­գին, Ալ­պէռ Քա­միւ։

Էջեր