Արխիւ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ հայկական սփիւռքի ամենայայտնի եւ հեղինակաւոր դէմքերէն Վարդան Գրիգորեանի գիրքին շնորհանդէսը։ Ան Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկի նախագահն է ու վերջին տարիներուն եղած է նաեւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն։ «Տուն տանող ճանապարհը. իմ կեանքի պատմութիւնը» կը կոչուի Վարդան Գրիգորեանի գիրքը, որ հեղինակի ինքնակենսագրութիւնն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապին մէջ միշտ զգալի է սահմանադրութեան հաւատարիմ մնալու խնդիրը, թէեւ կացութիւնը բաւական բարդ է։ Այսօրուայ պայմաններով Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ կառավարութիւնը ձեւով մը տարբեր ճամբարներու մէջ են եւ ընդդիմութիւնն ալ դիրք գրաւած է զինեալ ուժերու կողքին։
Kadasetli Patrik Hazretleri Sahak II özel davetle, diğer azınlık dini önderleri ve cemaat temsilcileriyle 2 Mart 2021, Salı günü, Ankara Beştepe Millet Kongre ve Kültür Merkezi’nde, “İnsan Hakları Eylem Planı Tanıtım Toplantısı”na katılmışlardır. Toplantıda Sayın Cumhurbaşkanı Recep Tayyip Erdoğan, söz konusu planın tanıtımını bizzat yapmıştır.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Քաղաքավարական այս այցելութեամբ դիւանագէտները փափաքած էին առաւել ծանօթանալ հայ համայնքին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կը յիշենք Տիրոջ Այգիին երեք երախտաշատ սպասաւորները, յանձինս Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. երանաշնորհ պատրիարքներու։ Երեք հոգեւոր սպասաւորներ ու առաջնորդող դէմքեր, որոնք իրենց ծառայութեան արդիւնքը որպէս կնիք դրոշմած են մեր համայնքի տարեգրութեանց պատկան էջերուն վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• «Ու նախ, թւում է ինձ, պէտք է զանազանել անհատ եւ անձ ասուած երկու գաղափարները: Անձը, մտածում եմ, պարունակութիւնն է, իսկ անհատը հոգեկան պարունակողը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 4-րդ կիրակին կը կոչուի «Տնտեսի», քանի որ ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի Աւետարանի ԺԶ գլուխը, որու սկիզբը կը գտնուի «Տնտեսին առակը»։ Եւ այս է պատճառը, որ Մեծ պահքի չորրորդ կիրակին կոչուած է «Տնտեսի կիրակի»։
ԵՐԱՄ
Գուլպաները կը հանէ դանդաղ, համբերատար, կը ծալլէ վրայ վրայի, կը դնէ գրասեղանին։ Շթութկարթը կը յիշէ։ Պատուհանը իր, որ հանրակացարանի հինգերորդ յարկէն ամբողջ փողոցը կը դիտէր, մինչեւ վերջը զառիվարին, ուր լայն պողոտան կու գար խաչահատելու զայն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Անցումին մուտքին, աստիճաններուն վրայ, մուրացիկ մը նստած է: Եօթանասունն անց կին մըն է ան՝ աջ ափը պարզած, հայեացքը խոհուն, միտքերու անդունդին մէջ մխրճուած, դիրքը անցորդներէն նուաստ, բրդեայ ցնցոտիներով պարուարուած, կարկտած քղանցքով ոտքերը պատսպարած, ձախ ձեռքը ծնօտին եւ ձախ ուսը պատին յենած...
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսուի որ անգիտութիւնը երջանկութիւն է։ Բայց իրապէս անգիտութիւնը երջանկութիւն կրնա՞յ ըլլալ։
Արդարեւ, գիտութիւնը իր ամենալայն առումով ուժ մը, զօրութիւն մը եւ կարողութի՛ւն է, ինչ որ ուրանալ կարելի չէ։
1960-ականներու եւ 70-ականներու դասական «Ferrari»ի համար զարմանալի չէ աճուրդներու մէջ նոր համաշխարհային մրցանիշներ սահմանել: Այնուամենայնիւ, նոյնը կարելի չէ ըսել մանկական ինքնաշարժներու համար, որոնք շինուած են «Ferrari»ի խորհրդանշական ձեւերու տեսքով:
Ֆրանսայի մէջ փոթորիկի ժամանակ ծովու ալիքները «վերստեղծած» են Փոսէյտոնի պատկերը։ Այսպէս, Ֆրանսայի մէջ «Ժիւսթինա» փոթորիկի ընթացքին ծովու ալիքները վերստեղծած են հին յունական առասպելութեան մէջ ծովերու աստուած համարուող Փոսէյտոնի պատկերը, կը գրէ Daily Mail-ը։
1873 թուականի մարտի 5-ին ծնած է հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն Թէոդիկը (Թէոդորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին: Ան մեծավաստակ խմբագիրն է «Ամէնուն տարեցոյց»ին։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երբ մարդ կը մտնէ քաղաքականութեան մէջ եւ առաւել եւս՝ երբ ան մաս կը կազմէ իշխանական խմբակի, պէտք է գիտակցի, որ իրմէ պիտի պահանջուի տեմակոժիի եւ ցինիզմի որոշ մակարդակ մը։ Սա համաշխարհային օրինաչափութիւն է եւ այստեղ Հայաստանը չի կրնար բացառութիւն ըլլալ։
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ, այս օրերուն բացուած է հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ Այսպէս, Արցախի պատերազմի ընթացքին Գանձասարէն տարուած ձեռագիր մատեանները կը ներկայացուին մշակութասէր հասարակութեան։
Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ։ Վերջին օրերուն Պաքու այցելեց Փաքիստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Նետիմ Ռազա, որ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի կողմէ։
Պինկէօլէն դէպի Թաթվան թռիչք առած զինուորական ուղղաթիռ մը երէկ անկում ունեցաւ Պիթլիսի մէջ:
Մշուշի եւ ձիւնամրրիկի հետեւանքով պատահած ցաւալի արկածը խլեց տասնմէկ նահատակ, կայ նաեւ երկու վիրաւոր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հարիւրներով պէյրութցիք դարձեալ փողոց իջած են։ Պատճառը՝ ոչ միայն ամերիկեան տոլարի 10 հազարի շեմը հատելն է, այլ այդ պատկերի ստեղծումէն ետք սպասելի հետեւանքներուն հարցը։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագի արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկած է։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները մեծ ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած են՝ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան առաջադրութեամբ։