Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 91-րդ հերթական համագումարը կազմակերպուեցաւ առցանց՝ քորոնաժահրի երկամեայ համաճարակի հետեւանքով:
Ըստ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, 2020-ի տագնապները ստուեր ածած են նախորդ շրջաններու տպաւորիչ նուաճումները, իսկ առկայ աղէտները անհրաժեշտ դարձուցած են առաջնահերթութիւններու լուրջ փոփոխութիւններ՝ դէպի մարդասիրական օժանդակութիւն. ասպարէզ մը, որուն մէջ ՀԲԸՄ վաղուց կ՚առանձնանայ իր վայելած վստահութեամբ եւ հեղինակութեամբ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանի կողմէ հրատարակուած «Կամուրջ»ը դարձեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ է։ Յստակ պարբերականութիւն մը չունի այս մէկը, որ կը պատրաստուի՝ որպէս Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կողմէ պիւլթէն մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած էր մասնակցելու Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ Մարդու իրաւանց գործողութիւններու ծրագիրը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մէջ հրաժեշտի վաղաժամ հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ այս տարուայ շրջանաւարտներուն համար։
Դպրոցի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն՝ աշխատանքները կը շարունակուին, կրթական գործունէութիւնը կը շարունակուի կայուն թափով։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Այվազեան եւ Վարհէի անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան:
Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ քննարկում:

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ բովանդակ Թուրքիայէ ներս այսօր կը սկսի նորովի բնականոնացման շրջան մը։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցան համապատասխան որոշումներ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախկին նախարարներէն Արթուր Խաչատրեանի հետ զրուցելու առիթն ունեցանք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ, որ օրերէ ի վեր փակ կը պահուի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր համախմբման ցուցարարներուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Երեւանի կեդրոնին թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ նոյնաժամանակ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն մասնակցութիւն բերած ծովածաւալ բազմութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ ճարահատ ժողովուրդը գործնական լուծում կ՚ակնկալէ երկրի հրատապ խնդիրներուն, կը պահանջէ կենսական մարտահրաւէրներու յաղթահարումը՝ քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութեամբ: Կարգ մը մեկնաբաններ «սգոյ թափօրի զուարթ առաջնորդը» կ՚որակեն վարչապետը:
Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը շարունակուի ամբոխավարութեան հրահրումով, վտանգաւոր լոզունգներով եւ զգացումներու շահարկումով, ինչ որ առայժմ բաւարար չ՚ըլլար հաւասարակշռութիւններուն վրայ ազդելու եւ բեկումնային պահ մը ապահովելու համար: Ազդեցութեան ամուլ պայքարները երկիրը փակուղիի կը դատապարտեն, պետականութեան տեսակէտէ ծանր հետեւանքներով հանդերձ: Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն վերջ վարչապետի բանբերին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները հասան զաւեշտալի համեմատութիւններու:

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Եուրկէն Շուլցը։ Պատրիարքարանի հանդիպման ընթացքին Շուլցին ընկերացան իր կողակիցը եւ դեսպանութեան խորհրդականներէն Փոլ Ամանն։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ մեկնարկած են հայ մեծանուն երգահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջեանեանի 100-ամեակի ձեռնարկները: Երկար սպասուած այս յոբելեանը համընկած է Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամին եւ նկատելի է, որ երկրին մէջ օրակարգը բոլորովին մշակութային չէ…

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ամրան տաք օրերու հազի՜ւ զովացած երեկոներուն, տարուան երեք ամիսները զաւակներուն հետ անցընելու համար Հալէպ եկող հայրս, մեր տան մե՜ծ պատշգամը, առանց ձանձրանալու դանդաղօրէն, երկա՜ր-երկար կը լուար, Քուէյթի տօթերուն կրակը տարիներ ճաշակած՝ ամբողջ օրը արեւին տակ մնացած պատշգամի քարերուն տառապանքը կարծես կիսելով, զանոնք քար-քար կը ջրէր։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին» (Յհ 9.35):
Մեկնութիւն
. երկու պատճառով կը հարցնէ. նախ՝ որպէսզի փնտռելու պատճառ տայ, թէ ո՞վ է Աստուծոյ Որդին:

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լեզու մը շիտակ խօսիլ, անսխալ գրել՝ ամէն բանէ առաջ այդ լեզուին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ կը նշանակէ, յետոյ՝ կարեւորութիւն ընծայել խօսակիցին կամ ընթերցողին։ Արդարեւ, ամէն լեզու ունի իր կանոնները, որոնց հնազանդելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ շիտակ խօսիլ եւ անսխալ գրել։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան ներկայ տարեմուտին լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ «Տարին, որ անցաւ» կը կոչուի այս մէկը, որ հեղինակի 9-րդ գիրքն է։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին առարկութիւններով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ետ վերադարձուց այն հրամանագիրը, որով կը նախատեսուէր Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

1 մարտ 2008-ի արիւնալի դէպքերու տարելիցին Հայաստանի քաղաքական առկայ տագնապը կը բնորոշէ երկրին մթնոլորտը. միշտ լարուածութիւն եւ մտահոգիչ անորոշութիւն:
Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հանրահաւաքներ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը կը շարունակէ փակ պահել մայրաքաղաքի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան: Ըստ երեսփոխան Էտմոն Մարուքեանի, վարչապետը որեւէ պետականամէտ քայլի չի ձեռնարկեր եւ երկիրը նպատակային ձեւով կը տանի ցնցումներու: Վազգէն Մանուկեանի համոզմամբ, այս քանի մը օրերու ընթացքին կ՚որոշուի ամբողջ պայքարի ճակատագիրը:

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Բնականաբար, Անգարա չ՚անտեսեր իր հարեւանութեամբ պատահածները՝ մանաւանդ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, երբ Երեւան կը դիմագրաւէ ցնցումներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աշխատանքները հասան իրենց աւարտին։ 23-26 փետրուարին տեղի ունեցած ժողովներուն ատենապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

Վատիկանի պարտէզներէն ներս տեղադրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին շուրջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր միջեկեղեցական արարողութիւն մը։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Համալսարանը զոհուածներու ընտանիքներու կողքին» նախաձեռնութեան անդամները։ Երեւանի Պետական համալսարանի զանազան ֆաքիւլթէներու ուսանողներէ բաղկացեալ խումբ մըն էր այս մէկը, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացաւ պատմաբան Միքայէլ Մալխասեանի գլխաւորութեամբ։

Էջեր