Արխիւ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ։ Երկու վարչապետները շաբաթավերջին իրերայաջորդ ձեւով տեսակցեցան։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու երէկ կալանաւորուեցաւ՝ մինչ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ալեկոծեալ օրեր կ՚ընթանան։
Քաղաքապետարանէ ներս վերջին օրերուն ալեկոծեալ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան՝ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուած՝ ծանրակշիռ մեղադրանքներով հարցաքննութեան հետեւանքով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նոր կառավարութեան սեղանին վրայ առաջնահերթ է սահմանային շրջաններու վերականգնումը:
Երկրի տնտեսութեան վերակառուցման շատ կարեւոր է՝ միջին խաւերու դրամատնային գումարներու վերադարձուիլը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ատափազարի յուշամատեանները կը պատմեն անհետացած հայկական այդ քաղաքին մասին, որ շէն եւ ծաղկուն հայաւան մըն էր։ Ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքի այդ բնակավայրը, ըստ պատմական աղբիւրներու, հիմնած են 14-րդ դարու վերջին Սեբաստիայէն գաղթած հայեր եւ իրենց առաջնորդի անունով զայն կոչած՝ Տօնիկաշէն
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Խտրականութիւնը բազմաթիւ հասարակութիւններէ ներս դարձած է (եւ ցաւօք, տակաւին) այնպիսի յատկանիշ մը, որ «բնական» կամ «բնածին» կը համարուի: Փաստօրէն, այս եզրակացութեան յանգած են որոշ հոգեբաններ, որոնք ուսումնասիրած են ներկայ եւ նախկին ժամանակներու մարդկային վարքերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կ՚աղօթէ ինչպէս որ կ՚ապրի, քանի որ մարդ կ՚ապրի ինչպէս որ կ՚աղօթէ։ Եթէ մարդ չուզէ սովորաբար գործել ըստ Հոգիին Քրիստոսի, ո՛չ ալ կրնայ սովորաբար աղօթել Անոր անունով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը դասատուներ անտարբերութիւնը կը շփոթեն լրջութեան հետ. ամէն դասատու կ՚ուզէ իր անձին շուրջ խորհրդաւորութիւն մը ստեղծել եւ շատ անգամ այդ մէկը սխալ անդրադարձ կ՚ունենայ, որովհետեւ լրջութիւնը այլ բան է, իսկ անտարբերութիւնը ամբողջութեամբ այլ բան:
Շաբաթավերջին, Աթագիւղի մարզահամալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փոքրերու դասաւորման համար կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբը։
Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կազմակերպուեցաւ՝ միջազգային մակարդակով մարտահրաւէրի վերածուած ջուրի արդիւնաւորման խնդրին վերաբերեալ կարեւոր հաւաք մը։
«Հայճար»ի 11-րդ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին գումարուեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Նազար Շիկահերի կողմէ գլխաւորուած անցեալ շրջանի վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկագիրները վաւերացուեցան միաձայնութեամբ։
Խոր ցաւով կը հաղորդենք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է քաղաքիս մէջ հայ մամուլի երկարամեայ վաստակեալներէն մին, որ շուրջ քսան տարի եղած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ցրուիչը։ Ոչ եւս է Մկրտիչ Կիւլլապեան, որ իսկական նուիրեալ մըն էր ու մեծ զոհողութիւններով ապահոված էր, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները կարողանան ամէն օր կանոնաւոր ձեւով ունենալ իրենց հարազատ թերթը։
Մեծ պահոց շրջանի Անիրաւ տնտեսի կիրակիին, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Եւ այդ մեղքը ինք իր ուսերուն վրայ պիտի տանէր մինչեւ կեանքին վերջը… Սակայն ինչպէ՞ս։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երեք տարի տեւած բանակցութիւններէն ետք, երբ խաղաղութեան դաշինքի սեւագիրը տասներկու անգամ Երեւան-Պաքու երթուդարձ կատարեց, Հայաստան համաձայնած է Ատրպէյճանի վերջին տարբերակը ընդունելու։ Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է Ատրպէյճանի վերջին երկու պահանջները, տակաւին համաձայնութեան գրաւոր օրինակը չէ հրապարակուած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը հաւատանք, որ ապագայ մարդկութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ ուսուցիչի պակասը (իրականութեան մէջ մեր օրերուն եւս կ՚ապրինք այդ դժբախտութիւնը). վստահաբար անձեր պիտի ըլլան, որ ուսուցչութեան պաշտօն պիտի ուզեն ընել.
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ։ Նորին Սրբազնութիւնը մարտի 25-ի դրութեամբ պիտի ձեռնարկէ իր նոր առաքելութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուելէ անմիջապէս վերջ պիտի հրապարակուի։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Արարատ Միրզոյեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Ռիոյի մէջ, շնորհաւորեց ռուս պաշտօնակցին ծննդեան տարեդարձը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, «Բանաւոր» պատմութեան խումբը աշակերտներուն հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան հայկական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկի համալիրէն ներս։