Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

«Մենք կու գանք երկրէ մը, ուր Ամենակալի նախախնամութեան ձեռքով պատմութեան ընթացքին ամէն քարի տակ ու աւազահատիկի մէջ խտացած է քրիստոնէական վկայութիւնը»:
Համաքրիստոնէական քարոզիչ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սրբազան Պապին եւ Տիեզերական Պատրիարքին հետ նախագահեց էքիւմենիք արարողութեան, որու ընթացքին խօսք ուղղեց հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Գիրքէն մէջբերումներ ըրաւ հայերէնով:
Հռոմի պատմական «Քոլոսէում»ին շուրջ Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կսղմէ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին եւ յաջորդած միջկրօնական հաւաքին ներկայ էր նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել: Արձակման փուլին հոգեւոր պետերը սիրոյ ողջոյն փոխանցեցին մանուկներու հետ:
«Խաչի ճանապարհով անցնելու տէրունաւանդ փորձառութեան վրայ խարսխուած է խաղաղութիւնը, որ Աստուծոյ հետ հաշտութիւնն է՝ հաճութեան եւ համերաշխութեան մարդկային կեանքի մէջ հաստատումով»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի միջեւ երէկ առաւօտ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է հայկական դիւանագիտութեան երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին՝ դեսպան Վիգէն Չիտէճեան։ Հայաստանի նորագոյն անկախութեան ձեռքբերման շրջանին կարեւոր պետական պաշտօններ, բարձր պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձնաւորութիւն մըն էր Վիգէն Չիտէճեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հռոմի շփումներուն ընթացքին միշտ կ՚ընդգծէ յետպատերազմեան պայմաններով Հայաստանի կողմէ դիմագրաւուած մարտահրաւէրները:
Նորին Ամենապատուութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ կ՚արտայայտէ գերիներու ազատ արձակման սպասումը եւ կը մերժէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կրօնական բնոյթ վերագրելու փորձերը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

Վեհափառ Հայրապետը այսօր հանդէս կու գայ ելոյթով եւ երեկոյեան ժամերուն կը մասնակցի խաղաղութեան աղօթքի:
Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կազմակերպած «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը» միջազգային հաւաքը լուսարձակի տակ կը բերէ մարդկութեան հրատապ հարցերու զանազան դրսեւորումներն ու առիթ կ՚ընձեռէ լուծման հեռանկարներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ նշմարելի տարօրինակութիւններէն մին է մարդոց մասին առաջին իսկ հայեացքէն կարծիք կազմելը: Տակաւին ծանօթ-անծանօթը համակրել կամ չհամակրելը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ գրչուհիներուն մասին առաջին անգամ գրուած է միջնադարեան ձեռագրերուն մէջ, այնուհետեւ արեւմտահայ մամուլը իր սկզբնաւորման օրերուն անդրադարձած է այս շատ ինքնատիպ կիներուն, որոնք տղամարդոց հետ հաւասար ծաղկած են մեր անգին մատեանները:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աթոռասիրութիւն…
Մէկը կրնայ արտայայտուիլ.
-Ամէն ինչ սիրելու մասին լսած էինք, բայց սա աթոռասիրութեան մասին չէինք լսած, աթոռ սիրել կ՚ըլլա՞յ:
Պարզ ու բնական հարցադրում:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը հաւատա՞ք, որ ամէ՛ն մարդ, որոշ չափով մարգարէ մըն է եւ մարգարէանալու շնորհքը շատ անգամ հիմնուած է տրամաբանութեան հիմերուն վրայ՝ քան Աստուածային պարգեւին: Սակայն բոլորիս մարգարէանալու ձիրքը տարբեր է մէկը՝ միւսէն. մին կրնայ վաղուայ պատահելիքը կռահել ու գուշակել, ուրիշ մը շաբաթ մը ետքը, ամիս մը ետք... իսկ ոմանք ամբողջ դար մը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հռոմ կատարած այցելութեան շրջանակներուն մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

«Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ գիտենք մահուան յաղթել, խաչի ճանապարհով քալել ու յարութիւնը տօնախմբել։ Ցաւի թմբիրէն պիտի զարթնինք եւ պիտի կերտենք վաղուայ լուսաւոր օրը»:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հռոմ հասնելէ վերջ երէկ երեկոյեան յայտնի խումբ մը ազգային գործիչներու հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձաւ հայ իրականութեան առկայ հրատապ կացութեան: ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բաժակաճառ մը խօսելով դրուատեց Նորին Սրբութեան տեսլականը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.- «Մեր հաւատքի ակունքը Սուրբ Էջմիածինն է, որու ոգին վստահութիւն կը ներշնչէ։ Այս օրերուն մեր համախմբումը մխիթարութիւն է։ Պահենք մեր ընթացքը Աստուծոյ հետ»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Քաղաքապետութեան համալիրէն ներս երկու հայրապետները ողջագուրուեցան եղբայրաբար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հայկոն իմ պատանեկութեան տարիներու սիրոյ, հայրենասիրութեան, կեանքի երգիչն էր: Իմ բոլոր օրերը կը սկսէին ու կ՚աւարտէին սիրասուն երգիչիս կատարումներով:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր կէսօրուան ընդմիջումէն ետք երբ գրասենեակ կը վերադառնայի, դիմացս երկու երիտասարդ զոյգեր կը քալէին, այդ երիտասարդներէն մէկը հեռախօսով բարձրաձայն կը խօսէր: Խօսակցութենէն պարզուեցաւ, որ արտասահմանէն եկած են…

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 70 տարիներ առաջ՝ 1950 թուականին մամուլներ տեղեկութիւն կը փոխանցէին ֆրանսացի գիտնական Անտրէ Թոմասի մասին, որ լծուած էր «յարութիւն պարգեւող մեքենայ»ի մը պատրաստութեան աշխատանքին: Գիտնականը կը պատրաստէր մեքենայ մը, որ սիրտ, թոքեր եւ արիւն ունի, որոնց շնորհիւ իբրեւ թէ կարելի պիտի ըլլայ մեռեալներու արեան շրջանը ապահովել եւ գուցէ՝ վերակենդանացնել մեռեալը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պաիրիարք Հայրը Հռոմի Անկլիքան կեդրոնին մէջ տեսակցեցան Քենթըրպրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ խօսելով աշխարհայնացման սպառնացող աղէտին մասին կ՚անդրադառնանք պատուին եւ արժանապատուութեան սրբազան արժէքներու կորուստին՝ գուժելով անոնց անհետացող կարեւոր դերը մեր ներկայ սերունդի կեանքէն ներս:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ցուցասրահին կեդրոնը կար արեւմտահայ բանաստեղծ Սիամանթոյի մօր՝ Նազենի Եարճանեանի հարսանեկան զգեստը, որ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին նուիրած են Սիամանթոյի քրոջ՝ Զապէլ Համբարձումեանի ժառանգները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարիներէ ի վեր, գեղեցիկ աւանդութեան եւ օրէնքի վերածուած սովորութեան համաձայն, Հայաստանէն ներս, հոկտեմբերի առաջին կիրակին, յատուկ ձեւով եւ նոյնքան ալ պատշաճ, կը նշուի «Ուսուցիչի օր»ը: Այդ օր, լաւ առիթ է, որ երախտագիտական, շնորհակալական ու մեծարանքի խօսքեր կ՚ուղղեն հանրապետութեան բոլոր հին ու նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այստեղ երկու հարցում կ՚ըլլայ.
Ինչո՞ւ համար Քրիստոս աղօթեց՝ Հա՜յր, ազատէ՛ զիս, որովհետեւ ստոյգ գիտէր, թէ ինչ պիտի ըլլար, եւ դարձեալ՝ չէր ուզեր որ այն պատահէր:

Էջեր