ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԲԵՒԵՌԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կը հաւատա՞ք, որ ամէ՛ն մարդ, որոշ չափով մարգարէ մըն է եւ մարգարէանալու շնորհքը շատ անգամ հիմնուած է տրամաբանութեան հիմերուն վրայ՝ քան Աստուածային պարգեւին: Սակայն բոլորիս մարգարէանալու ձիրքը տարբեր է մէկը՝ միւսէն. մին կրնայ վաղուայ պատահելիքը կռահել ու գուշակել, ուրիշ մը շաբաթ մը ետքը, ամիս մը ետք... իսկ ոմանք ամբողջ դար մը: Եւ հայերուն մէջ քիչ չե՛ն այն մարգարէները, որոնք կը տեսնեն գալիքը՝ առանց կախարդական ու մոգական հնարամտութեամբ:
Այսօր եղած եմ ձեզի ծանօթացնել հայազգի մարգարէներէն մին, որուն 71 տարիներ առաջ՝ 1950 թուականին մէջ գրածը իրականութիւն կը դառնայ այսօր:
Նստած կը կարդայի «Ազդակ» օրաթերթի կիրակի, 5 փետրուար 1950-ի թիւը (ԻԳ. տարի, թիւ 239), ուր Կ. Պետուշ անունով յօդուածագիր մը կը ստորագրէ «Տառաբառգիրք» անունով յօդուած մը: Յօդուածագիրը կը խօսի իր ժամանակահատուածի երիտասարդութեան կատարած լեզուական յապաւումներուն մասին եւ տեսնելով այդ ընթացքը մարգարէացում մը կը կատարէ, որ իրականութիւն կը դառնայ իր գրութենէն 60-70 տարիներ ետք:
«Աւելի վերջը, կը գուշակուի, եգիպտական բեւեռագրութիւնը յարութիւն պիտի առնէ եւ նկատառերով պիտի արտայայտուին մարդիկ:
«Կովերը, էշերը, թռչունները պիտի թառին թուղթերուն վրայ:
«Յամառներու նամակներուն մէջ առատօրէն պիտի երեւան էշերու նկարները:
«Դանդաղամիտները՝ ուժ պիտի տան կովատառերու արուեստէն: Կռուազանները աքլորագիրերը պիտի նախընտրեն: Թեթեւամիտները հաւեղէններով պիտի արտայայտուին:
«Վերջապէս, երբ նամակ ստանանք, առանց երկար բարակ կարդալու նշանագրերէն պիտի հասկնանք նամակին միտ բանին եւ նկարագիրը: Գրաճանաչութեան արհեստը պիտի սնանկանայ»։
Ո՜վ մարգարէ... ահաւասիկ իրականացած են այդ բոլորը՝ որոնց մասին գրած ես աւելի քան կէս դար առաջ: Բացէ՛ք համացանցի էջերը եւ կարդացէ՛ք նոր սերունդին կատարած աղաւաղուած եւ Պետուշի մարգարէացած նկարատառերը, որոնք մեր կեանքին անբաժան մէկ մասը կը կազմեն այսօր: «Դեղին գլխիկ»ներու ճամբով (emoji) այսօր փոխան գրելու նոր սերունդը կ՚արտայայտէ իր սէրը, ջղայնութիւնը, զարմանքն ու գրեթէ բոլո՛ր զգացումները:
Հայրենասիրութեան կողքին նոր սերունդին մօտ կը կրճատուի նաեւ գրելու սովորութիւնը, ու կ՚երեւակայեմ դար մը ետք (եթէ հայութիւն մնացած ըլլայ) ի՞նչ պիտի ըլլայ մամուլի վիճակը: Յօդուածին կցուած նկարի օրինակո՞վ լոյս պիտի տեսնեն ապագայ գիրքերն ու հրատարակութիւնները:
Գիտնական Ալպէր Այնշթայն կ՚ըսէ, թէ «ես չեմ գիտեր ինչ զէնք կ՚օգտագործեն Համաշխարհային երրորդ պատերազմի ժամանակ, բայց համաշխարհային չորրորդ պատերազմին պիտի օգտագործեն փայտեր եւ քարեր»: Այդ մէկը մարդուն դժբախտ իրականութիւնն է, որովհետեւ առեղծուածային ձեւով մարդ որքա՛ն առջեւ երթայ՝ նոյնքան աւել աւելի դէպի յետ կը դիմէ: Եւ տարբեր չէ վիճակը գիր-գրականութեան:
Թռչնագիրէն ու նկարներէն դէպի գիր ու գրաճանաչութիւն անցած մարդը, ժամանակի ընթացքին, նոյնիսկ մեր աչքերուն առջեւ կամաց կամաց կը վերադառնայ նկարներուն ու գծագրութեանց՝ կարենալ արտայայտելու համար իր զգացումներն ու ապրումները:
Հիմա ինչպէս անծանօթ ու օտար կը տեսնենք սեպագիրերն ու բեւեռգիրերը, արդեօք դարեր ետք մեր այս այբուբենը եւս օտար ու անծանօթ պիտի թուի՞ հայուն... Մանկապարտէզի մանուկը եւս թռչուն բառը կարդալ չի գիտեր, սակայն երբ անոր նկարը տեսնէ կը գիտնայ անոր թռչուն ըլլալը: Նոյն այդ տրամաբանութեամբ, յառաջդիմութեան ներբողին տակ կը փորձեն բթացնել նոր սերունդի իմացական աշխարհը:
Այս ողբալի ճշմարտութիւնը անբաժան մէկ մասն է համաշխարհայնացման, որովհետեւ այսօր աշխարհի երեսէն կ՚ուզեն վերացնել ազգային սեփականութիւն համարուող ամէ՛ն ճշմարտութիւն, որուն մաս կը կազմէ նաեւ գիրն ու գրականութիւնը: Կ՚ուզեն ստեղծել համամարդկային մէ՛կ լեզու, մէկ բարք ու մէկ նկարագիր, իրենց զեխութեան մէջ կարենալ խեղդելու համար ամէ՛ն արժէք ու սրբութիւն՝ ինչ որ արդէն կամաց կամաց սկսած են յաջողիլ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԷՈՐԳ ԱՍԱՏՈՒՐ
(1868-1937)
Մեր թուականէն 84 տարիներ առաջ՝ 7 հոկտեմբեր 1937-ին Վրաստանի մէջ մահացած է բանասէր, մանկավարժ եւ թարգմանիչ Գէորգ Ասատուր (բուն անունով՝ Գէորգ Աստուածատուրեան):
Գէորգ Ասատուր ծնած է 6 յունիս 1868-ին, Թիֆլիզի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան դպրոցէն ներս եւ ապա ուսումը շարունակած է Փեթերսպուրկի Հնագիտական հիմնարկը, միաժամանակ հետեւելով արեւելեան լեզուներու դասընթացքներու: Ուսումը աւարտելէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Թիֆլիզի, Լենինականի եւ Երեւանի տարբեր դպրոցներու մէջ, իսկ 1921 թուականէն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս:
Գէորգ Ասատուրի անդրանիկ գրութիւնը՝ բանաստեղծութիւն մը լոյս տեսած է Տիգրան Նազարեանի խմբագրած «Աղբիւր» ամսագիրի մէջ, 1887 թուականին: Ճանչցուած է որպէս Սայաթ Նովայի լաւագոյնս ուսումնասիրող, որուն մասին բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու պրպտումներ կատարած է: Ուսումնասիրութիւններ կատարած է նաեւ հայ աշուղ Շամչի Մելքոյի եւ հայ թէ օտար այլ անուանի դէմքերու մասին:
Գէորգ Ասատուրի մեծագոյն գործերէն են նաեւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի լեզուի բառարանի կազմութիւնը, որ կը պարունակէ 2500 բառ, դարձուածք եւ ասոյթ: Անոր աշխատութիւններէն է «Սիրոյ երգիչ Նահապետ Քուչակի երգերը» աշխատութիւնը, որ հրատարակուած է 1905 թուականին, Թիֆլիզ:
Ստեղծագործելու կողքին Գէորգ Ասատուր կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք, հայերէնի թարգմանելով Ալեքսանտր Պուշկինի, Ֆիրտուսի, Շոթա Փշաւելայի եւ օտար հեղինակներու գործերը:
Գէորգ Ասատուր 1934 թուականին եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ