Արխիւ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլի նուիրատուութեամբ՝ ծրագրիրը կը համակարգուի Արի Չոլաքի կողմէ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Իր գիշերը ունի իւրաքանչիւր քաղաք։ Լուռ, ծանր, եռուն, լուսաւոր, անքուն, միստիք գիշերներ կան իրենց քաղաքներուն պէս։
Ապահով ու ճոխ էին մեր Հալէպին,- հին Հալէպին,- գիշերները, որոնք գրկաբաց չգոցուող դռներ էին չար բաներ չակնկալող, վաղուան հոգը երբեք չշալկող, անսահման թոյլտուութեան եւ խաղաղութեան մէջ ամէն բարք ու աւանդոյթ մինչեւ վերջ ապրող ու բանեցնող հայերուս համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յուլիսեան արեւը կը չորցնէ հողը․ անձրեւները հազուադէպ դարձած են, որ աւելի կ՚ընդգծէ ամառնային շունչը։ Արտերը կարծես կը բոցավառին, արեւէն չորցած հողին վրայ փոշին երեկոյեան ժամերուն քամիի բերան ինկած՝ կը պարէ ու քաղաքը կը շնչէ ծանր ու մռայլ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այսօրուան աշխարհէն ներս, երբ շտապողականութիւնը, աշխատանքային կեանքի շիկացած արագութիւնը եւ ընկերային ցանցերու շարունակական հասանելիութեան պատճառով պարտադրուած նորաձեւ պայմանները երբեմն կը մոլորեցնեն մեր առօրեան, հետեւաբար որոշ մարդիկ գիտակցաբար կ՚ընտրեն առանձնութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոս անձամբ մեզի ցոյց կու տայ երանելի մարդոց դասակարգեր՝ որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնեայի մը գլխաւոր շնորհները։ Մատթէոսի Աւետարանին Ե. գլխուն 3-12 համարներու մէջ դասուած այս շնորհներուն եօթներորդը կը պատկանի անոնց՝ որոնք խաղաղասէր են եւ խաղաղութիւ կ՚ընեն. (ՄԱՏԹ. Ե 9)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մոգերը մարդկային պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած են դեղագործութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ մոգերու հաւատացող մարդկութիւնը հաւատացած է, որ շատ մը հիւանդութիւններ որ մարդոց համար բուժելը հնարաւոր չէ, հնարաւոր կրնայ ըլլալ անտեսանելի ուժերու համար, այդ իսկ պատճառով իրենց հիւանդութիւններուն համար դիմած են մոգերու:
Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ այս շրջանին խտացած են բարձր մակարդակի շփումները։ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ խորհրդակցութիւնները թափ ստացած են։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ Հայաստան այժմ աւելի ճկուն մօտեցում մը ունի։
Դէպի Ատրպէյճան վերջին այցելութենէ վերադարձին Էրտողանի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական լրահոսին մէջ։
ARA KOÇUNYAN
Demografik yapısı çoktan alarm veren ve potansiyeli hayli sınırlı Türkiye Ermeni toplumunda, bazı çevreler küçük denizin büyük balığı olmanın dayanılmaz hafifliğinden kurtulamıyor. Bu gözlem, belki ilk bakışta öznel olarak algılanabilir ancak acımasız nüfuz mücadelelerinin son dönemdeki tezahürlerinin ışığında, üzerinde hayli düşünmeye değer bir resim yaratmakta.
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ անուան տօնախմբութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
«Սուրբ Էջմիածինը մեր առջեւ կը բանայ լուսաւորեալ կեանքի ճանապարհը՝ նոր թռիչք տալով ծաղկեալ հոգիներուն»:
ՀԵՀԵՄ-ի կազմակերպած համահայկական երիտասարդաց ուխտագնացութեան մասնակիցները Սուրբ Պատարագի ներկայ եղան Մայր Աթոռի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ Կիւլմէզկիլ ընտանիքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինչպէս աղանդաւորական շարժումները, այնպէս ալ քիչ չեն թիւը գուշակութեամբ զբաղողներուն, որովհետեւ այնքան ատեն որ կայ հաւատացող՝ պիտի ըլլան նաեւ այդ հաւատքը շահագործողներ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նկատի ունենալով վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռնարկած վայրագ յարձակումները Մայր Աթոռ Սուբր Էջմիածինի նկատմամբ, նկատի ունենալով, որ անոնք ամէն կարելի սահմանները անցած են եւ իրենք զիրենք թշնամիէ մը աւելի ահաւոր եւ գէշ կը պահեն, կը կարծենք, որ կարիք կայ, որ մեր ժողովուրդը վերահասու դառնայ Սուրբ Էջմիածինի կարեւորութեան, անուրանալի դերին եւ դերակատարութեան մեր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի կեանքին մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երբ մտայ Մոնթրէալ եւ Մհերը դիմաւորեց զիս, ուզեցի զգալ մեր ընկերութեան ու մեր միջոցաւ Գանատայի ալ մեծ կարօտի ձեւը, բոյրը, համը, գծագրութիւնը: Որեւէ կարօտ որեւէ երկրի հանդէպ կայ ու կայ, այն մոլորակային է եւ յաւերժական, իսկ կարօտներն ու ձգտումները, իրական եւ անիրական հասանումները դէպի երկիրներ, տեղեր ու շրջաններ-ժամանակներ՝ մշտապէս եւ առաւելապէս կը գոյանան ընկերներուդ, հարազատներուդ կամ ամենանուազագոյն ձեւով անծանօթ, բայց յայտնի մարդոց միջոցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր… Սա այժմէական հարցում է՝ մանաւանդ, որ Դամասկոս վերջերս իրապէս ցնցուեցաւ արիւնալի ահաբեկչութեան մը հետեւանքով։
Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համահայկական ուխտագնացութեան ծրագիրը ընթացքի մէջ է։
Մենք՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներս եւ թեմակալ առաջնորդներս, Տիրոջ կամքով համախմբուած Հայոց Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, գոհութիւն եւ փառք կը մատուցենք Ամենակալ Աստուծոյ՝ ծառայական մեր ուխտը վերանորոգելու այս առիթին համար։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Գիտելիքի կամուրջ» ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է Երեւանէ ներս։