Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արիւնալի պատերազմը արդէն աւարտած է, սակայն, սուրիահայութեան ոսկեդարն ալ այլեւս կը պատկանի անցեալին։ Սուրիոյ ներքին կայունութեան հարցերը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն երկրի հայութեան հորիզոնները, ուր կը տիրեն հարցականները։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղբայրական հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց։ Դէպի Վատիկան ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը երէկ առաւօտ Քաստել Կոնտոլֆոյի Առաքելական պալատին մէջ ընդունուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Վախը մարդուն ի՞նչ կու տայ եւ Աստուծոյ ապաւինիլը ի՞նչ կու տայ:
Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, բայց Տիրոջ ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ՚ունենայ» (Առ 29.25):
Երէկ, նահատակ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երջանկութիւն»ը՝ մարդուն սկզբնական նպատակն է. աշխարհասէր, հաճոյասէր մարդը տեւապէս կը փնտռէ երջանկութիւնը։ Մարդը միշտ հեռուն կը փնտռէ երջանկութիւնը եւ չի՛ գոհանար իր ներկայ վիճակով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սկսած ենք հաւատալ ու համոզուիլ, որ տարիքը մարդոց համար անտեսանելի սահմաններ են, որոնք մարդը անդամ կը դարձնեն ընդհանրութեան մը. մանուկը՝ խաղի, երիտասարդը՝ փորձառութեան իսկ մեծահասակը՝ պատասխանատուութեան.
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելած էր ծանօթ հայ մարզուհի, աւելի քան մէկ տարի միջազգային մրցաշարքերուն Հայաստանի դրօշի ներքոյ հանդէս եկող արտասահմանաբնակ թենիսիստուհի Էլինա Աւանէսեան։
Երեւանի մէջ միջազգային համաժողով. «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025»: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ հայ ժողովուրդը շրջադարձային կէտի մը վրայ է՝ իր պատմութեան վերջին հազարամեակին:
Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադարձութիւնները հետզհետէ կ՚ահագնանան՝ մասնաւորապէս Իսրայէլի կողմէ Կազզէի դէմ ձեռնարկուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին, երբ տեղի կ՚ունենար նորընտիր քահանայապետի գահակալութեան արարողութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ակամայ բացակայած էր։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Վերամուտ է։
Դպրոցական աշակերտ մը ունենալու կամ չունենալու հետ կապ չունի այս իրողութիւնը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանը դիմաւորեց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ առաջին զանգը հնչեց հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին բացաւ նոր եղանակը։ 2025-2026 շրջանը երգչախումբի անդամները ողջունեցին բարձր տրամադրութեամբ եւ արձակուրդի շրջանէ վերջ զիրար վերագտնելու խանդավառութեամբ։
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցան աւանդական կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք համախմբեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական շրջանակները։
Շաբաթավերջին, Թոփգաբուի ընտանիքը համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ամրակայուած շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Խաչվերացի տօնին առթիւ առանձնայատուկ հոգեւոր ապրումներ զգալի դարձան՝ մանաւանդ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց արարողութիւններուն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմէն ներս յատկանշական եւ անմոռանալի համախմբման օր մը: Ներքին Բազմաբերդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնները փայլուն անցան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի - Էֆրիմ Պաղ պարգեւատրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը մեկնի Քաթար, ուր կը մասնակցի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայ արտահերթ գագաթաժողովին։
