Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ԺԹ. դարու իմաստասէրներէն գերմանացի Նիցչէ, իր փիլիսոփայութիւնը կը ձեւաւորէր «մարդ»ու էութեան շուրջ եւ կը հասնէր այն եզրակացութեան, թէ՝ մարդը ամբողջ տիեզերքին գերագոյն էակն է, այն «կատարելութիւնը», որուն պէտք է հպատակէին եւ ենթակայ ըլլային բոլոր էակները եւ էութիւնները, քանի որ ան կարող էր ամէն ինչի ձեռնարկել եւ յաջողիլ, կատարելագործել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անգիտակցաբար կատարուած կատակները, չմտածուած հայհոյանքները եւ շարք մը անզգուշութիւններ պատճառ կը դառնան, որ մանուկին մօտ աւելիով զարգանան սեռական հետաքրքրութիւնները.
Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ամանորի հանդէսը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Փոքրիկները մեծ յաջողութեամբ գործադրեցին հանդէսի յայտագիրը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Ծնունդի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Լատին կաթոլիկ պապական նուիրակ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսին։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Երկրի Լատին կաթոլիկ պատրիարք Փիէռպաթիստա Փիցապալայի Արքեպիսկոպոսին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Ս. Յակոբեանց միաբանութենէն ներկայացուցիչներ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի նախարարական հանդիպումէն վերջ հրապարակուեցաւ հռչակագիր մը։ Հարկ է նշել, որ ֆորումի աշխատանքներու օրերուն նախարարները այցելեցին նաեւ Մատենադարան եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն տեղափոխուեցաւ Քորէայի պատերազմի մասնակիցներէն Էտուարտ Ժամկոչեանի անշունչ մարմինը։ Հարկ է նշել, որ 93-ամեայ Էտուարտ Ժամկոչեան կեանքի վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած էր «Փըթիթ սէօր»երու ծերանոցին մէջ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Հայ Երուսաղէմի տօները շատ-շատ են… Աւելի ճիշդը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօները ամէն տեղ ալ նոյնն են, սակայն, Երուսաղէմի մէջ յատուկ ձեւով կը նշուին, ինչպէս ընդունուած է ըսել «Սաղիմական ձեւով»։
Հոկտեմբեր ամսուն մեզ հետաքրքրող եւ աշխուժութիւն պատճառող տօներէն մէկը Սուրբ Գէորգի տօնն է, որովհետեւ Ռամլէի հայկական եկեղեցին կ՚երթանք պատարագի։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի պարագային որոշիչ կ՚ըլլայ գերտէրտութիւններու դիրքորոշման յստակեցումը:
Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական առկայ բարդ իրավիճակի պայմաններով՝ մրցակցութիւններու արդիւնքով կրնան ապահովուիլ իրատես լուծումներ, որոնք, սակայն, կրնան անցնիլ սրացումներու եւ նոյնիսկ բախումներու ընդմէջէն: Թրամփի մօտեցումները չեն նպաստեր անվտանգային համակարգերու ամրապնդման՝ հաշուի առնելով Ուաշինկթընի համաշխարհային դերը:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը այս տարի եւս Ամանորի առթիւ մասնաւոր ճաշասեղան մը սարքեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար։ Խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հանդէս եկաւ պարզաբանումով մը։ Այսպէսով, դժբախտաբար, յայտնի կը դառնայ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի գիշերուան ուղերձի հեռարձակման հարցը այս տարի եւս պիտի չկարգաւորուի եւ գործնականօրէն Հանրային հեռուստաընկերութիւնը պիտի չսփռէ այս պատգամը, որուն այնքան հետաքրքրութեամբ կը սպասէ համայն հայութիւնը։
Թուրքիոյ քրիստոնեաները արդէն սկսած են տօնախմբել Սուրբ Ծնունդը, նաեւ ապրիլ Նոր տարուայ հրճուանքը։ Սա միայն թրքահայ համայնքով սահմանափակուած չէ՝ քանի բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւնները նոյն բարձր տրամադրութեան մէջ են։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Առանձնութիւնը մարդկային համընդհանուր փորձառութիւն մըն է, միեւնոյն ժամանակ ալ՝ խոր եւ անձնական: Առանձնութեան պատճառ կրնայ սեպուիլ ո՛չ միայն հասարակութեան պատկանելիութիւնը, այլեւ՝ զգացական կապի եւ մտերմութեան բացակայութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութիւնը նոյնանման դէպքերու յաջորդաբար կրկնութիւնն է, կ՚ըսուի ընդհանրապէս, եւ կեանքի փորձառութիւնն ալ կը հաստատէ այս համոզումը։ Բայց իրապէս պատմութիւնը կրկնութի՞ւն է, եւ կամ ի՞նչ է այդ կրկնութեան պատճառը, եւ ո՞ր պայմաններ կը ստեղծեն այդ կրկնութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շարունակեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանունութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն այցելութիւններ տալ՝ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արդի գիտութիւնը կը փաստէ, որ մանուկները իրենց կենսաբանական յատկութիւնները կը սկսին ճանչնալ 8-10 տարեկաններու միջեւ, թէեւ աւելի հին հոգեբաններ կը հաւատան, որ մանուկը կը ծնի եւ լոյս աշխարհ կու գայ արթուն սեռական բնազդով, խորթ ըլլալով այդ ապրումներուն:
Մոսկուա եւ Պաքու հերթական անգամ նոյն յաճախականութեան վրայ են՝ Երեւանի տեսակէտէ նուրբ նշանակութեամբ հարցի մը շուրջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի բոլոր կառոյցները ենթակայ են լուծարման։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Դեկտեմբերի սկզբին՝ շուէտացի գիտնական, Նոպելեան մրցանակի հիմնադիր Ալֆրէտ Նոպելի մահուան օրը, Սթոքհոլմի մէջ հանդիսաւորութեամբ յանձնուեցան այս տարուայ Նոպելեան մրցանակները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ե իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 3)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր մարդու համար մեծութիւնն ու շրջանակի մէջ հաստատուած անձի մը տպաւորութիւն ձգելու հասկացողութիւնը տարբեր համոզում ու հասկացողութիւն ունի։ Այս մէկը առաւելաբար կը կազմաւորուի պատանեկութեան շրջանին, ուր ընկերութեան մէջ տեղ գրաւելը աւելի էական կը դառնայ. պատանին կ՚ուզէ իր զգալի ազդեցութիւնը ունենալ իր հասակակիցներուն մօտ, անոնց մօտ որոշ արժէք եւ պատկեր մը ստեղծելու: