Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով գրասենեակի ղեկավար Պրենտա Հենրեհեն այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը շարունակէ հրապարակային խորհրդածութիւններով հանդէս գալ՝ երկրի հրատապ օրակարգի վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ տեսակէտները հրապարակեց՝ իր առաջնորդած Հայ ազգային քոնկրէսի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կանգ կ՚առնէ տարածաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման վրայ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի մօտ հաւատարմագրուած անդամ երկիրներու դեսպանները:
Անգարա-Հռոմ համաձայնագիր՝ գաղթականներու հարցերով գործակցութեան շուրջ:
Թուրքիա եւ Իտալիա ուշադրութիւն կ՚ընծայեն Միջերկրականի անվտանգութեան նկատմամբ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս այսօր արդէն տեղի կ՚ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական սպասուած հանդիպումը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Սեպտեմբերը շատերու համար փոփոխութիւններու ամիս մըն է։ Ամառը անցած է, արձակուրդները աւարտած են եւ երեխաները կը վերադառնան դասի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուծոյ վրայ մեր ունեցած վստահութեամբն է որ կ՚ըսենք այս բաները. վստահութիւն՝ որ Քրիստոս կու տայ մեզի։ Որովհետեւ բնաւ չենք խորհիր որ մենք մեր ուժերով այդպիսի գործ մը կրնանք ընել. այլ՝ Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 4-5)։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակին կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը հրապարակուեցաւ այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ օգոստոսի 8-ին ստորագրուած յուշագրին շուրջ աշխատանքային բանակցութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ TRIPP-ը Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկկողմանի քննարկման առարկայ նախագիծ մըն է՝ ընդ որում Պաքուի հաւանութեամբ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն լոյս տեսած հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը՝ հրապարակուած «arXiv.org» գիտական հարթակին վրայ (օգոստոս, 2025), նորէն ուշադրութիւն հրաւիրեց Հայկական Բարձրավանդակին խորհրդաւոր ժառանգութեան վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեսրոպ Պատրիարք Նարոյեան, տակաւին վարդապետ եղած ժամանակ, 1905 թուականին «Լոյս»ի մէջ հրապարակած է գրութիւն մը՝ «Ներկայի պահանջքը», որ յետագային զետեղուած է 1948-ին, Իսթանպուլի մէջ հրատարակուած «Նշխարներ» գիրքին մէջ (էջ 91-95):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի նեղութիւններ, դժուարութիւններ թող չվախցնեն մեզ՝ վաղը նոր կեանք մը պիտի սկսի։ Ուստի, անցեալի սխալները մէկ կողմ դնենք եւ նորէն սկսինք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին հազիւ տասներկու-տասներեք տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ձեռքս առի Ինտրայի «Ներաշխարհ»ը եւ փորձեցի կարդալ։ Անշուշտ եւ, բնականաբար, ընթերցումս կէս մնաց. աշխատութեան առաջին մի քանի տողերը լաւապէս հասկնալու համար փորձեցի մի քանի անգամ դարձեալ կարդալ, սակայն այնպէս ալ անհասկնալի մնաց:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանին, որ ներկայիս բանտարկուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, որոնց հետ էին նաեւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն երկու աշակերտներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Շիշլի մարզակումբը կը պատրաստուի նշել իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Սա իսկապէս յատկանշական դարադարձ մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքը մէկ կողմէ կը բնորոշուի միջազգային բեմահարթակի վրայ բուռն մրցակցութեամբ, իսկ միւս կողմէ բարձր մակարդակի սերտ շփումներով։
Ֆրանսայի նոր վարչապետը պաշտօնի կը կոչուի՝ համատարած անհանգստութեան ազդանշաններով:
Սեպաստիան Լըքոռնիւ կառավարութեան ղեկին կ՚անցնի՝ մինչ Փարիզի փողոցները բողոքի մեծ ալիք մը կը դիմագրաւեն:
Ռուսաստան եւ Սուրիա կը ձգտին նոր որակ մը տալ իրենց յարաբերութիւններուն՝ բարձր մակարդակի քննարկումներով:
Մոսկուա-Դամասկոս համագործակցութեան մթնոլորտը կը վերաձեւաւորուի՝ Մերձաւոր Արեւելքի թէժ օրակարգի ճակատագրային պայմաններով:
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահիտ Ճալալզատէն, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
«Բարեկամ Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ կառուցուած երկկողմանի յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին Հայաստանի համար։