ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գիրքերու շնորհանդէս՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։ Այս առթիւ ծանօթացուեցան շարք մը արժէքաւոր գիրքեր, որոնք տպագրուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան կողմէ։

Շնորհանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։ Ներկայացուած բոլոր գիրքերը արժեւորեցին բանախօսները՝ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան, Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան, Զարզանդ Ասատուրեան, Գէորգ Տէր-Վարդանեան, Պարգեւ Բարսեղեան, Վահէ Թորոսեան եւ Ստեփան Ստեփանեանց։

Հաւաքոյթի աւարտին օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Հարկ է նշել, որ այս շնորհանդէսի ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ ուղարկուած պատգամ մը՝ նկատի ունենալով, որ հրատարակուած գիրքերէն մին կը վերաբերէր Պոլսոյ Աթոռի վախճանեալ գահակալներէն Շնորհք Արք. Գալուստեանի։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022