«ԱՍՏՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԱՀԷ ՄԵՐ ԿՐԹՕՃԱԽՆԵՐԸ, ՕՐՀՆԷ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐՈՒԴ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ»

Այսօր Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս կը սկսի 2022-2023 կրթական շրջանը։ Վերամուտը երկրին մէջ կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի օր։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրապետական սիրով մեր օրհնութիւնը կը բերենք եւ կը շնորհաւորենք բոլոր կրթօճախներու սաներն ու մանկավարժները, կրթութեան գործին ներգրաւուած բոլոր պատասխանատուները։

Սիրելիներ, կը սկսի եւս մէկ ուսումնական տարի՝ գիտելիքներու ամբարման ու արժէքներու ճանաչման, հոգեւոր ու մտաւոր հասունացման, նոր ձգտումներու ու ջանադրութեան ժամանակամիջոց, որ նախաշաւիղն է երկրի զարգացման եւ յառաջդիմութեան։ Արդարեւ, իր լուսաւոր ապագային նայող ամէն ժողովուրդի եւ հասարակութեան համար ուսումն ու կրթութիւնը առաջնահերթ նպատակներ են։ Դարերով այդպէս ընկալած է նաեւ մեր ժողովուրդը՝ նոյնիսկ նեղութիւններով լի ժամանակներու մէջ վառ պահելով իմացութեան ու կրթութեան ջահը։ Այս համոզումը առաւել պիտի առաջնորդէ մեզ այսօր, երբ մեր կեանքը խռովուած է պատերազմի ծանր հետեւանքներով, երբ աշխարհ կ՚ալեկոծուի իրերամերժ ընթացքներով։ Ներկայ մարտահրաւէրներու առջեւ առաւել քան անհրաժեշտ է արդիական կրթութեան ապահովումը՝ խարսխուած ազգային եւ հոգեւոր մեր արժէքներու վրայ, որպէսզի մեր զաւակները հարազատ մնան իրենց ինքնութեան եւ աստուածային պատգամներու կենսագործմամբ կառուցեն իրենց կեանքն ու ապագան մեր հայրենիքի։ «Տունը կը շինուի իմացութեամբ եւ կը հաստատուի խոհեմութեամբ եւ գիտութեամբ շտեմարանները կը լեցուին ամենայն հարստութեամբ ու պատուական բարիքներով» (Առակ. 24, 3-4)։

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աստուած լուսաւոր պահէ մեր կրթօճախները, օրհնէ մանկավարժներուդ աշխատանքը՝ կրթելու մեր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներ եւ պարգեւէ ձեզի ուժ ու եռանդ ձեր նուիրական առաքելութեան մէջ։ Սիրելի սաներ, զօրացէք ջանասիրութեամբ, քաջարթուն մտքով ու հոգիով եւ ձեր ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ ու միասնական ջանքերով ուսումնական տարին առատ դարձուցէք արդիւնքներով, որոնք պիտի լուսաւորեն ձեզմէ իւրաքանչիւրի եւ մեր ամբողջ ժողովուրդի ճանապարհը ու ծառայեն աստուածապարգեւ մեր հայրենիքի զօրացման ու յառաջընթացին։

Թող Աստուած իր ամենախնամ հովանիին ներքեւ խաղաղութեան մէջ առատապէս օրհնէ ու հանապազ պահպանէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2022