ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՊԱՇԱՐ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ երկօրեայ համաժողովը։ Առաւօտուն Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ համաժողովի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Արեւագալի ժամերգութեան, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Աւելի վերջ, Վեհարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ գործադրուեցաւ համաժողովի երկրորդ օրուան ծրագիրը։ Ընդհանուր առմամբ, համաժողովի երկօրեայ աշխատանքի ընթացքին գոյացաւ իսկապէս հսկայական պաշար մը։ Ժողովականները այսօր կ՚այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրն ու յարակից թանգարանը, Երեւանի մատենադարանը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանները։

Մինչ այդ Վեհափառ Հայրապետը համաժողովի աշխատանքին զուգահեռ երէկ օրուան տեւողութեան առանձնապէս հիւրընկալեց շարք մը մասնակիցներ։ Այսպէս, Վեհարանի գահասրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը տեսակցեցաւ «Պըրնապաս» միջազգային բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս հիմնադրամը աջակցած է Արցախի երկրորդ պատերազմին հետեւանքով տեղահանուած ընտանիքներուն եւ միջոցներ յատկացուցած՝ որպէսզի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Իզմիրլեան» հիւանդանոցէն ներս ստեղծուի վերականգնման կեդրոն մը՝ վիրաւորուած զինուորներու բուժման նպատակով։

Բաց աստի, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանով պատուեց Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամուհիներէն, նախկին փոխ-նախագահ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը, որ եւս մասնակցեցաւ համաժողովին ու վաղուց զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէ Արցախը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021