ԱՐԵՒԵԼՔ ԳԵՐԱՐՓԻՆ ԵՒ ՕԹԱՐԱՆ ԼՈՒՍԱԾԻՆ

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ընծայուած տօնական օրերու կարգին, Վերափոխման տաղաւարը առիթ կ՚ընծայէ, որ անդրադառնանք առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան մէջ Սուրբ Կոյսի կեանքը եւ կենցաղը բնորոշելու եւ մեծարելու համար գործածուած ածական եւ այլաբանութիւններուն։ Հոգելից հայրերու օգտագործած այս բառերով կը բնութագրուի սրբասուն կեանք մը, որ յիրաւի եւ ճշմարտապէս եղած է աստուածահաճոյ։

Հայ Եկեղեցւոյ գոհար շարակնոցը, պտուղ՝ սրբազան շարականագիրներու, որոնց գլխաւոր նպատակը եղած է երաժշտութեամբ զԱստուած փառաւորել եւ իր ամբողջութեանը մէջ նկարագրել Սուրբգրական դէպքեր, սրբոց վարքեր եւ եկեղեցւոյ սուրբ աւանդութիւններ։ Կիրակոս Վարդապետ Երզնկացի, իր հեղինակած եւ Աստուածամօր ընծայուած շարականին մէջ գեղեցկօրէն նկարագրած է Տիրամօր երկինք վերափոխումը։ Այբուբենական կարգաւ երեսունեւվեց տուներէ բաղկացեալ շարականը կնքած է յաւելեալ երկու տունով, որոնց մէջ գլխագիր տառերով տեղադրած է իր ստորագրութիւնը՝ «ԿԻՐԱԿՈՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ», օգտագործելով բառերու սկզբնատառերը։

Այս շարականը կը սկսի «Արեւելք գերարփին եւ օթարան լուսածին, զանմայր ծնեալն առաջին ծնար անհայր երկրորդին» բառերով։ Ակնարկելով Քրիստոսի մարդեղութեան, կը շեշտէ Աստուածամօր կարեւոր դերը այս անկրկնելի Մեծ եւ Սքանչելի Խորհուրդին յայտնութեան մէջ, որով երիտասարդ Մարիամը արժանաւորապէս կոչուած է «Տիրամայր»։

Արեւելքը ունի արեւածագի գեղեցկութիւնը։ Իւրաքանչիւր գեղեցկութիւն որուն կ՚արժանանանք վայելել, յայտարարութիւնն է երկնքի եւ երկրի, տեսանելիներու եւ անտեսանելիներու գերագոյն Արարչին Աստուծոյ փառքին։ Հաւատացեալ քրիստոնեան երբ կը նայի դէպի արեւելք, արեւածագի բնութենական գեղեցկութեան առընթեր գոհութիւն եւ փառք կու տայ Աստուծոյ, քանի անգամ մը եւս կ՚արժանանայ նոր օր մը ապրելու շնորհին։ Արեւելքը իր արեւածագով լոյս կը սփռէ ու կը փարատէ խաւարը։ Երբ «Օրհնեալ է Աստուած» բառերով կ՚ողջունենք լոյսի երեւումը, որքան առաւել պէտք է փառքը երգենք մեր Երկնաւոր Հօր, որ «աշխարհ եկած ճշմարիտ Լոյսով լուսաւորեց մարդկութիւնը» (Յովհաննէս, 1.9). այն մարդկութիւնը՝ որ մեղքի խաւարին մէջ կը տուայտէր ու փրկիչ մը կ՚ակնկալէր։ Մենք կ՚ուրախանանք արեւածագին լոյսը եւ ջերմութիւնը վայելելով, որքան աւելի եւս պէտք է ուրախանանք լոյսի Արարչին՝ Ճշմարիտ Լոյսին ծագումը յիշելով, որ մարմնացաւ ու մարդացաւ ու կատարելապէս ծնաւ Ս. Կոյս Մարիամէն։ Այս առումով է որ Մարիամ Աստուածամայրը դարձած է «Արեւելք գերարփի», քանի որ ծնունդ տուաւ մեր առօրեայ արեւածագին ողջունած արեգակի Արարչին, որուն լոյսը գեր ի վեր է արեգակէն։ Սուրբ Եպիփան Կիպրացին, Աստուածամօր կը դիմէ ըսելով. «Ո՜վ Սուրբ Կոյս, յաւիտենական Լոյսի Մայրը, այն Լոյսին որ լուսաւորեց հրեշտակներու զօրքը, սերովբէներն ու քերովբէները, արեգակի ճառագայթները՝ պայծառ լոյսով, ամբողջ տիեզերքը՝ Երրորդութեան լոյսով. այն Լոյսին՝ որ համբարձաւ եւ լուսաւորեց ինչ որ երկնքի մէջ է եւ երկրի վրայ»։ Աստուածամայրը օթարան եղաւ լոյսի անժամանակ Արարչին, Աստուծոյ Խօսքին, որ յանձն առաւ պատմութեան ժամանակներու մէջ սահմանափակուիլ եւ Հօր Աստուծոյ կամքով մերկացաւ իր աստուածային փառքէն ու աշխարհ իջաւ, սահմանուած ժամանակներու մէջ գործելու որպէս Փրկիչ աշխարհի եւ լուսաւորիչ ամենեցուն։ Երբ հասաւ ժամանակը Լոյսը դուրս եկաւ իր առժամեայ օթարանէն։ Ս. Կոյսը ծնունդ տուաւ Աստուծոյ Միածին Որդիին, որ ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը, ով որ իմ ետեւէս կու գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի կենաց լոյսը» (Յովհաննէս, 8.12)։

«Զանմայր ծնեալն առաջին ծնար անհայր երկրորդին». երբ այս բառերը կը կարդանք նկատի ունենալով բնութեան կանոնները անհասկնալի կը թուին եւ նոյնիսկ ըստ ոմանց անկարելի կը նկատուին։ Սակայն Սուրբ Գիրքը կ՚ուսուցանէ, թէ «արդարը հաւատքով պիտի ապրի» (Ամբակում, 2.4)։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Ինչ որ կարելի է գիտնալ Աստուծոյ մասին՝ յայտնուած է անոնց, քանզի Աստուած ինք յայտնեց այդ անոնց։ Արդարեւ, ի սկզբանէ աշխարհի, Աստուծոյ աներեւոյթ յատկութիւնները, այսինքն անոր մշտնջենաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը իմանալի կերպով տեսանելի են անոր ստեղծուածներուն մէջ» (Հռովմայեցիս, 1.19-20)։ Մեզի կը մնայ ճանչնալ զԱստուած եւ փառաւորել զայն իբրեւ Աստուած եւ գոհութիւն մատուցանել Անոր, որպէսզի չնանրանանք մեր մտածումներուն մէջ եւ մեր սրտերը անմտութեամբ չխաւարին։ Մենք զմեզ իմաստուններու տեղ դնելով, չյիմարանանք (հմմտ. Հռովմայեցիս, 1.21-23)։ Վարուինք միշտ ի մտի ունենալով հրեշտակաւանդ խօսքը ուղղեալ Սուրբ Կոյսին. «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղուկաս, 1.36)։

Այս հաւատքով ի բոլոր սրտէ դաւանինք, թէ Քրիստոս մարմին առած Աստուծոյ Խօսքն է։ Յովհաննու Աւետարանին սկիզբը կը կարդանք, թէ «Սկիզբէն էր Բանը, եւ Բանը Աստուծոյ քով էր, եւ Բանը Աստուած էր։ Ան սկիզբէն Աստուծոյ քով էր» (Յովհաննէս, 1.1-2)։ Այս Աւետարանական ճշմարտութեան լոյսին տակ կը հաւատանք, թէ Ամենակարող եւ Արարիչ Աստուած, անեղ, անծին, անսկիզբ եւ ինքնագոյ է։ Ծնած է անմայր։ Եւ «երբ ժամանակը իր լրումին հասաւ՝ Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ» (Գաղատացիս, 4.4)։ Ծնունդ մը՝ «խորհուրդ խորին», որ իրականացաւ երբ «Աստուծմէ շնորհ գտած Մարիամի վրայ Սուրբ Հոգին իջաւ եւ Բարձրեալի զօրութիւնը հովանի եղաւ Իրեն» (Ղուկաս, 1.31, 35)։

«Արեւելք գերափին եւ օթարան լուսածին» Սուրբ Կոյսը, հաւատաւոր կեցուածքով կրցած է ենթարկուիլ իրեն հասած Աստուածային պատգամին։ Պատիւ էր իրեն համար ըլլալ «շնորհընկալ» եւ լսել, թէ «Տէրը իր հետ էր»։ Պատիւ էր իր ազգական Եղիսաբէթի բառերով կոչուիլ «օրհնեալը կիներուն մէջ»։ Այս է ոսկեայ բանալին, որով կրնանք լաւագոյնս հասկնալ, թէ Ան ինչպէ՞ս արժանացաւ երկինք փոխադրուելու պատիւին։ Սաղմոսաց Գրքին մէջ կը կարդանք. «Վասնզի իմ անձս գերեզմանին մէջը պիտի չթողուս ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս» (Սաղմոսք, 16.10)։ Դաւիթ մարգարէի այս բառերը արտասանուած էին, որպէս ակնարկութիւն Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան (Գործք, 2.25-28)։ Քրիստոսի թաղումը «անապական թաղում» կը կոչենք, որովհետեւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ եւ փառաւորեալ մարմնով երեւցաւ Մարիամ Մագդաղենացիի , առաքեալներու եւ այլոց։ «Աստուած Աստուծոյ, Լոյս ի Լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ Աստուծոյ ճշմարտէ» Յիսուս Քրիստոս բնականաբար պիտի չթողուր, որ իրեն մարմին եւ արիւն տուած եւ զինքը իր մաքուր կաթով սնուցած Տիրամայրը մնար մեռեալներու ոսկորներով եւ ապականութեամբ լեցուն գերեզմանի մէջ եւ արդարեւ ալ երկինք փոխադրեց հրաշալի պայմաններու ներքեւ, որպէսզի մաս կազմէ երկնային թագաւորութեան։ Այսօր Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը սուրբերու թագուհին է եւ արժանաւորապէս կը մեծարուի առաքելական բոլոր եկեղեցիներէն ու կը խնդրուի իր բարեխօսութիւնը։

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին, Յովհաննէս Գառնեցիի, 13-րդ դարուն ապրած աստուածաբան վարդապետին բառերով կ՚աղօթենք, հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը. «Աստուածածի՛ն, Քրիստոսի մայր եւ Հօր Միածնի ծնող, անէծքները վերացնող եւ մարդկային ցեղի պարծանք, Հայրը արարածներուս հետ հաշտեցնող, կոյսերու թագ ու պսակ եւ համարձակ բարեխօս մեղաւորներու համար: Ամէն ինչով մեղաւորս կ՚իյնամ քու առջեւդ եւ կ՚աղաչեմ, բարեխօսէ ինծի համար Բանին Աստուծոյ առջեւ, որուն ծնունդ տուիր մարմնով, որուն կերակրեցիր` բոլորի եւ բոլոր կենդանեաց կերակրիչին: Կ՚աղաչեմ քեզի, Լոյսի մայր, ինծի համար մեղքի թողութիւն խնդրէ, անոր առջեւ դիր աղերս ու աղաչանք` յիշեցնելով իր կրած չարչարանքները, զորս ինծի համար կրեց բարերարն ու մարդասէրը: Սուրբ Կոյս, յիշեցուր այսքան չարչարանքս, որ թերեւս ողորմի եւ ներէ բազում մեղաւորիս, եւ ջնջէ իմ յանցանքի գիրը, եւ իր անմեղ մատով ու սուրբ արիւնով դրոշմէ դեգերածս անվախճան կեանքի մատեանին մէջ, իր բոլոր սուրբերու մօտ, որ անոնց հետ փառաւորեմ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը` Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

6 օգոստոս 2023, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2023