ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ» ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի աղմկարար գործարքի արձագանգները կը շարունակեն առաջնահերթութիւն ներկայացնել հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ այս խնդրին շուրջ նամակ մը ուղարկած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ տեղեկացուց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդն (ԳՀԽ) ալ անդրադարձած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութեան խնդրին։

Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Շարունակելով իր աշխատանքները, ի թիւս օրակարգային այլ հարցերու, ԳՀԽ-ն երէկ մասնաւոր անդրադարձ կատարեց «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութեան յանձնելու խնդրին, որ լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ հրապարակային տարբեր հարթակներու վրայ։ Այս կապակցութեամբ ԳՀԽ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ սոյն հարցին շուրջ մեծապէս տարբերակուած դիրքորոշումներու հետեւանքով խաթարուած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան ներքին համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը։ Խիստ անհանգստացնող համարուած է նաեւ, որ առկայ իրավիճակը կը հարուածէ նուիրապետական հինաւուրց Պատրիարքական Աթոռի վարկին ու հեղինակութեան՝ հանրութեան զանազան շրջանակներէ ներս տեղի տալով աննպաստ մեկնաբանութիւններու ու տրամադրութիւններու։

ԳՀԽ գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը օրեր առաջ նամակ մը ուղարկած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին՝ յորդորելով պատշաճ լուսաբանութեամբ ու ժողովական տնօրինութիւններով փարատել մտահոգութիւնները եւ միաբանութեան մէջ վերականգնել համերաշխութիւնը։ ԳՀԽ յոյս յայտնած է, թէ Պատրիարքի եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբաններու կողմէ հնարաւոր բոլոր ջանքերը կը գործադրուին կարգաւորելու համար խնդիրը միաբանութեան կանոնադրութեան պահանջներուն համաձայն։

Խնդրոյ առարկայ կալուածը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին, լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի ստորագրութեամբ վարձակալութեան տրուած է 99 տարուան ժամկէտով։ Թէ՛ վանքաբնակ եւ թէ արտասահմանի մէջ ծառայող սաղիմական միաբանները այդ գործարքը ներհակ կը համարեն Սրբոց Յակոբեանց ուխտի կանոնադրութեան։ Տեղաբնակ միաբանները վերջերս այս հարցին շուրջ հանդէս եկած էին յայտարարութիւնով մը, որուն յաջորդած էր զօրակցութեան բնոյթով ուրիշ յայտարարութիւն մը՝ այս անգամ արտասահմանի միաբաններուն կողմէ։ Վերջերս եւս երկու՝ արտասահմանի մէջ սպասարկող սաղիմական միաբան ստորագրութիւն դրած է այդ յայտարարութեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ երկար ժամանակէ ի վեր Երուսաղէմի մէջ միաբանական ընդհանուր ժողովի չէ գումարուած։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021