ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութեան եւ կրօնից նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Երուսաղէմի «Ռամատա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։ Սա Իսրայէլի կրօնական առաջնորդներու խորհուրդի 13-րդ համաժողովն էր, որ կազմակերպուած էր՝ «Արժէքները եւ ընկերակցութիւնը պատերազմի ժամանակ» խորագրին ներքեւ։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեանն ալ մասնակցեցաւ այս հանդիպման, որու մասնակիցներուն հետ ունեցաւ զրոյցներ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024