ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Քուէյթի եւ շրջակայքի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան։ Ծանօթ է, որ կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբին վերջերս շնորհուած էին ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններ՝ ձեռամբ Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանի։ Ուրեմն, ան Անթիլիաս մեկնած էր՝ ստանալու համար Կիլիկեան Աթոռի գահակալին օրհնութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան թեմի աշխատանքներն ու ծրագիրները։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022